Արտակ Պեգլարեան ջատագովութեան հանդիպումներ ունեցած է Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքական ու կրօնական շրջանակներու հետ:
Արցախ Միութեան նախագահ, ԱՀ նախկին պետական նախարար եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Պեգլարեան 16-18 Մարտին, ՀԱԵ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի թեմի հրաւէրով, ջատագովութեան շարք մը հանդիպումներ ունեցած է Լոնտոնի մէջ՝ քաղաքական ու կրօնական ղեկավարութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Պեգլարեան հանդիպում ունեցած է բրիտանացի խումբ մը կրօնական առաջնորդներու հետ: Շարք մը հանդիպումներ կայացած են նաեւ Լորտերու պալատին մէջ, ներառեալ՝ Հայաստանի հարցերու համակուսակցական խորհրդարանական խումբի ղեկավար Ճեսիքա Մորտընի, Պարոնուհի Գարոլայն Քոքսի եւ բրիտանացի այլ խորհրդարանականներուն հետ: Լորտերու պալատի հանդիպումներուն համար աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ Հայ Դատի գրասենեակը:
Պեգլարեան հանդիպումներու ընթացքին ներկայացուցած է հայ պատանդներու վիճակն ու ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը: Ան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է միջազգային բաւարար ճնշում՝ ապահովելու համար ատրպէյճանական շինծու դատավարութեան ու խոշտանգումներու ենթարկուող հայ պատանդներու ազատ արձակումը: Ան համապարփակ կերպով ներկայացուցած է նաեւ Արցախի ժողովուրդի ցեղասպանութեան ու բռնի տեղահանման հանգամանքները, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան վերացման ատրպէյճանական քաղաքականութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իւրացման անհրաժեշտութիւնը:
Թեմի առաջնորդին գլխաւորութեամբ շարք մը հանդիպումներ տեղի ունեցած են նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: