Այս երկու անուններուն մէկտեղումը կրնայ, նուազագոյն պարագային, զարմանք պատճառել, որովհետեւ Եգիպտոս ապրած, հոն թաղուած եւ Եգիպտոսի կողմէ կարծես իրապէ՛ս որդեգրուած Ալ. Սարուխան երգիծանկարիչը ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ Պաքուի նաֆթի արքային՝ Աղեքսանտր Մանթաշեանցի հետ:
Սակայն խօսքը այս պարագային Ալեքսանտր Սարուխանի մասին չէ, այլ անոր հօրեղբօր՝ Առաքել Սարուխանեանի, որ ծնած է Արտանուջ եւ յաճախ Սարուխան ստորագրած է իր մէկէ աւելի յօդուածներն ու գիրքերը: Այս է գլխաւոր պատճառը, որ Ալեքսանտր Սարուխան մի՛շտ Ալ. Սարուխան ստորագրած է, մինչ Առաքել Սարուխան կը ստորագրէր Ա. Սարուխան:
1931-ին Առաքել Սարուխան, Մանթաշեանցի մահուան 20-ամեակին առիթով գիրք մը կը գրէ՝ «Աղեքսանտր Մանթաշեանց Մեծ Վաճառականն ու Բարեգործը» խորագրով, որ կը հրատարակուի Վիեննայի Մխիթարեան տպարանէն, Ազգային Մատենադարանի հրատարակութիւններուն ՃԼԱ (131) հատոր որպէս:
Կ’ըսուի թէ երբ Աղեքսանտր Մանթաշեանց կը լսէ, որ Կոմիտաս Էջմիածին փոխադրուած է, սակայն դաշնամուր մ’իսկ չունի իր տրամադրութեան տակ,  անմիջապէս մեծ դաշնամուր մը կը ղրկէ Կոմիտասի: Այդ գործիքը այսօր կը գտնուի Երեւանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանին դահլիճներէն մէկուն մէջ:
Պէտք է յիշել նաեւ, որ Կոմիտաս մէկն էր այն բազմաթիւ երիտասարդներէն, որոնք Մանթաշեանցի հոգածութեամբ Եւրոպայի մէջ ստացան իրենց ուսումը:
Իր յառաջաբանին մէջ Առաքել Սարուխան նախ կ’ըսէ, թէ մենագրութիւններ գրուած են ընդհանրապէս գրական կամ եկեղեցական գործիչներու համար եւ կը թուէ այն պատճառները, որոնք մղեր են զինք «մի համեստ հայ վաճառականի կեանքն ու գործունէութիւնը ծանօթացնել ընդհանրութեան»:
Եւ սկսելէ առաջ, տողատակի ծանօթագրութեամբ մը կը գրէ.
«Ես գրում եմ Մանթաշեանց (ց-ով), որովհետեւ հանգուցեալն իր անունը ստորագրում էր հայերէն գրած ժամանակ՝ Մանթաշեանց: Իսկ ռուսերէն՝ ըստ տիրող սովորութեան,   նոյնը եւ օտար լեզուներով՝ Mantacheff: Սկիզբները՝ նա գործածել է նաեւ Mantachoff, օ-ով, այս պատճառով էլ նրա հին, Մանչեսթրի ծանօթները, մինչեւ վերջը նրա անունը
գրում եւ արտասանում էին Մէնթէչօֆ, անգլիական հնչմամբ»:
Հեղինակը ապա կ’անցնի թուելու բոլոր այն իրագործումները, որոնք Մանթաշեանցը կը դնեն մեծ մարդոց շարքին եւ կը մղեն Առաքել Սարուխանը հեղինակելու իր այս գործը.
-Հիմնած է մեծագոյն հայկական արդիւնաբերական-առեւտրական ընկերութիւնը, Կովկասի մէջ:
-Թիֆլիսի մէջ հիմը դրած է Մանթաշեանց Առեւտրական դպրոցին, որուն անունը տրուած է հայ վաճառականներուն կողմէ, Քաղաքային Վարչութեան հետ համաձայնութեամբ, որովհետեւ այս համեստագոյն մարդը պիտի չմտածէր իր անունը տալ այդ դպրոցին:
-Եղած է Թիֆլիսի «Միջնակարգ Րէալական Դպրոց»-ի խնամակալութեան անդամ. այս դպրոցէն ներս միջնակարգի գործնական ուսում ստացած են հայ եւ օտար չքաւոր աշակերտներ:
-Հոգացած է բազմաթիւ հայ ուսանողներու համալսարանական կրթաթոշակները, Եւրոպայի համալսարաններուն մէջ:
-Օգնած եւ պահպանած է հայ հեղինակներ:
-Կառուցեր է Թիֆլիսի Ներսէսեան թեմական դպրոցի շէնքը:
-Կառուցեր է Էջմիածնի Վեհարանը:
-Փարիզի Jean Goujon փողոցին վրայ կառուցեր է նշանաւոր եւ փառաւոր Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին (ուր վերջերս կատարուեցաւ թաղման արարողութիւնը Շարլ Ազնաւուրի Մ. Ե.):
Հեղինակը կը հաստատէ, թէ Ալեքսանտր Մանթաշեանց «այս բոլորը կատարում էր առանց աղմուկի …»:
Հեղինակը, որ մօտէն ծանօթ եղած է Մանթաշեանցի, որովհետեւ անոր գործերուն ընդհանուր կառավարիչն էր – ոչ միայն Մանթաշեանցի տնտեսական կայսրութեան սկզբնաւորումին պատմութիւնը կ’ընէ, այլ   նաեւ մանրամասնութիւններ կու տայ 17-րդ դարու Վրաստանի եւ Պարսկաստանի պատմութենէն, կը բացայայտէ վրաց եւ հայ վաճառականներուն յարաբերութիւնները, մանաւանդ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը յիշէ Պաքուի նաւթի եւ կազի արդիւնաբերութեան առաջին շրջաններէն:
«Պաքուն հայ պատմագրի Բագաւանն է համարւում, Սասանեանների շրջանում» կ’ըսէ տողատակի ծանօթագրութեամբ եւ կը շարունակէ.
«Պաքուն եւ իր շրջակայքը շատ վաղուց հանրածանօթ էին, շնորհիւ այնտեղ գետնից հոսող բնական կազին: Այս կազն էր, որ «յաւիտենական հուր» էր կոչուած, որովհետեւ անվերջ բխում էր եւ վառւում գետնի երեսին: Բաւական էր հողը փոքր ինչ ձեռքով փորել եւ լուցկի վառել. անմիջապէս գազը բռնկում էր»:
Կ’ըսէ նաեւ, որ Պաքուի մօտ գտնուող Սարուխանի գիւղն էր «յաւիտենական հուր»-ի կեդրոնը. «Վերջին անգամ այնտեղ կրակի պաշտամունք է կատարուել 1888-ին, երբ ռուսաց Աղեքսանտր Գ. կայսրը Պաքու էր եկել եւ նրան հաճոյք պատճառելու համար յատկապէս Հնդկաստանից կրակապաշտ մոգեր են բերել տուել»:
Պաքուի կազային արդիւնաբերութեան սկիզբի շրջանին մասին տրուած տեղեկութիւնները քիչ մը «ներքին» են կարծէք եւ կը բանան այնպիսի ծալքեր, զորս դժուար թէ այլ գիրքերու մէջ գտնէինք, օրինակ այն, թէ ինչպէ՛ս Նոպէլ եղբայրներն ու Ռոչիլտ ընտանիքը, հազիւ քարիւղին հոտը առած, անմիջապէս սկսեր են Պաքուի հողերը տասնապատիկ գինով գնել եւ տիրացեր այդ տնտեսութիւնը տնօրինելու բացարձակ իրաւունքներուն:
Տակաւին մանրամասնութիւններ կան Ռուսիոյ մէջ ապրող հրեայ համայնքներուն եւ անոնց հանդէպ գործադրուած օրէնքներուն, Նոպէլ եղբայրներուն եւ անոնց հարստութեան ծագումին, աշխարհահռչակ Ռոչիլտ ընտանիքին մասին կամ հայ նաւթատէրերուն Պաքուէն հեռանալու հանգամանքներուն մասին, եւ այս բոլորը պատմելու այնպիսի հաճելի եւ հեզասահ ոճով, որ պատմութեան այլ «մասնագիտական» գիրքի մը մէջ դժուար ըլլար գտնելը: Սարուխան իր պատումը կը համեմէ նաեւ անձնական յուշերով եւ տպաւորութիւններով, այդպիսով մեղմելով պատմութեան «ծանրութիւնը»:
Սարուխան կը յիշէ նաեւ «մի ճարպիկ, գործունեայ եւ հեռատես հայ երիտասարդ, որ այնուհետեւ աւելի մղուելով քարիւղի գործի մէջ ոչ միայն Պաքուի, այլ աշխարհի ամէն կողմը, տիրապետող դեր պիտի կատարէր այդ օրինակ ձեռնարկութիւնների մէջ եւ միլիարդատէր դառնար».  (Այս խօսքը կը հաստատենք թէ Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին է … Մ.Ե.):
Գիրքը մեծ թիւով տողատակի ծանօթագրութիւններ կը պարունակէ, որոնք կարեւոր մանրամասնութիւններ կը հայթայթեն մեր պատմական որոշ անցքերուն մասին. անոնցմէ մէկը կը կապուի Հաղբատի վանքին, «որ ունէր իր արտերն ու հողերը, որոնք վրացի իշխանը գրաւել էր եւ ետ չէր տալիս: Հայ հոգեւոր իշխանութիւնը դատ էր բացել այս պատճառով իշխան Բ.ի դէմ, որ տարիներից ի վեր քաշքշւում էր»:
Այդ տողատակի ծանօթագրութիւնները կենսագրական կարեւոր տեղեկութիւններ կը հայթայթեն կարգ մը անձերու մասին, որոնց անունը, թէեւ կարեւոր, բայց վաղուց ինկեր է մոռացութեան ծոցը: Անոնցմէ մէկն է Սամսոն Չէրքէզեան, որ Օրմանեան սրբազանի ծանր օրերուն ամբողջ գիրք մը գրեր է ի պաշտպանութիւն անոր, «Օրմանեանը Զրպարտութեան Ցանցերում» խորագրով:
Առաքել Սարուխանի գիրքը համեմուած է յաճախ զուարճալի դէպքերու յիշողութիւններով, որոնցմէ մէկ քանին կը մէջբերեմ:
Առաջինը կը կապուի նոյն ինքն Չէրքէզեանին.
«Երբ 1909 թուականին Իզմիրլեան կաթողիկոս Թիֆլիս մտաւ, թէ ինք (Չէրքէզեան) եւ թէ մանաւանդ իր կինը շատ էին կամենում դիմաւորել նրան երկաթուղու կայարանում, բայց չէին կարողացել պատգամաւորական տոմսակ ստանալ: Ես ընկերաբար նրանց երկուքին էլ տոմսակ հայթայթեցի, իբրեւ հայ-կաթոլիկ պատգամաւորութեան անդամ, որի նախագահն էի ես (Առաքել Սարուխան Կաթողիկէ էր Մ.Ե.) եւ նա կնոջը յորդորի շնորհիւ ստիպուեց համաձայնել, թէեւ ինք սկզբունքով հակակաթոլիկ էր: Աւելին կայ: Երբ Իզմիրլեան հանդիսաւոր կերպով Թիֆլիսի Առաջնորդարան մտաւ  եւ հայ ազգային եւ եկեղեցական պատգամաւորներ հետզհետէ նրան ներկայանում էին, Չէրքէզեանն էլ եկել էր, որ Կաթողիկոսի աջն համբուրէ,  բայց … սանդուխի գլխին նրան արգիլել էին եւ ներս չէին թողնում: Կարգապահը նշանաւոր Սեւ Սանդրօն էր (Աղեքսանտր Ստեփանեանը), «Մշակ»-ի ամենաանձնուէր զինուորը: Ես այդ միջոցին կաթողիկոսի մօտն էի, դահլիճում, եւ երբ հեռուից նկատեցի այդ տեսարանն, անմիջապէս դուրս ելայ եւ իմ ձեռքի մի նշանով, Սանդրօն ետ քաշուեց եւ թողեց, որ Չէրքէզեան ներս մտնի: Հետեւեալ օրը նա գրել էր «Հովիւ»-ում. «Ի՞նչ օրերի ենք հասել, որ Հայաստանեայց Եկեղեցու հարազատ զաւակը իր կաթողիկոսին դիմաւորելու եւ նրա աջը համբուրելու համար, ստիպուած է լինում կաթոլիկի պաշտպանութեանը դիմել …»:
Զուարճալի երկրորդ դէպքը, որուն մասին կը գրէ Սարուխան, կապուած է Մանթաշեանցի.
«Մի օր Մանթաշեանց եւ ես մինակ էինք մնացել. Խարազեանց չկար: Հարկաւոր էր մի խոշոր գումար պանքից ստանալ: Գանձապահը ներկայացրել էր մի չէք, որ Մանթաշեանց ստորագրէ: Սա էլ ստորագրել էր մինակ (միայն ինք Մ.Ե.) եւ պատուիրել որ երթայ անմիջապէս այդ փողը բերէ պանքից: Գանձապահը գնացել էր, բայց պարապ էր ետ դարձել. պանքում նրա չէքով փող չէին վճարել …:
Մանթաշեանց մնացել էր զարմացած ու շփոթուած: Ինչպէ՞ս թէ պանքը չէր վճարում, այն էլ իր սեփական պանքն՝ ուր ինք Վարչութեան Նախագահ էր: Իրողութիւնն այն էր, որ չէքը գրուած էր Ընկերութեան հաշուին, իսկ ըստ Կանոնագրութեան, Ընկերութեան չէքերը պէտք է կրէին երկու վարիչի ստորագրութիւն. այլապէս Մանթաշեանցի ստորագրութիւնը  միլիոնններ արժէր: Պանքի կառավարիչը, որ բացարձակապէս Մանթաշեանցից կախում ունէր, անմիջապէս անձամբ եկել էր հարկ եղած բացատրութիւնները տալու համար եւ ինձ խնդրեց, որ ես էլ ստորագրեմ: Երբ ես նստած չէքի վրայ իմ ստորագրութիւնն էի գրում, Մանթաշեանցի ստորագրութեան կողքին, մեծահարուստ վաճառականը կանգնած եւ ձեռքերը ծալած ինձ էր նայում: Ապա կէս լուրջ, կէս կատակ ձեւով ասաց ինձ. «Ուրեմն, Առաքել, մինչեւ որ քո հրամանը չլինի, իմ բանկը իմ փողը ինձ չի՞ վճարելու …»:
Նման միջադէպ մը պատահած է Փարիզի նորակառոյց եկեղեցիին բացման յաջորդ Կիրակին, երբ հայ երեւելիներ ներկայ եղած են պատարագին եւ նստած առաջին շարքը անշուշտ: Տէր հայրը օրուան Աւետարանը կը կարդայ, որ, զարմանալի զուգադիպութեամբ կ’ըսէ, թէ որքա՜ն դժուար է մեծատունին արքայութիւն մտնելը: Պատարագէն ետք Մանթաշեանց կ’ըսէ՝ «Տէր հայրն այդ օր ուրիշ բան չէր կարող կարդալ Աւետարանից, որ ակնարկութիւն չլինէր հարուստներին»:
Երկու շատ կարեւոր տեղեկութիւններ կան այս գիրքին մէջ, Հայաստանի երկու կարեւոր մատենադարաններուն մասին:
Առաջինը Ս. Էջմիածնի մատենադարանն է, որուն սկզբնական հաւաքածոն պատկանած է հնագէտ Աղեքսանտր Երիցեանցի, որ նաեւ եղած է «Վաճառական» շաբաթաթերթի խմբագիր-տէր-տնօրէնը: «Պաքուցի հայ վաճառական մը՝ Դաւիթ Աւան Իւզբաշեան, որ Էջմիածնում նոր Մատենադարան է շինած իր ծախքով, գնեց Աղ. Երիցեանցի ճոխ մատենադարանն եւ ընծայեց Էջմիածնի» կ’ըսէ Առաքել Սարուխան այս գիրքին մէջ:
Երկրորդը՝ Մանթաշեանցի մեծ փեսային՝ Բարսեղ Ղորղանեանի (Վասիլի Դաւիդիչ Կորգանով) հաւաքածոն է. եղած է հրատարակիչ-խմբագիրը Թիֆլիսի մէջ 1900 թուականին հրատարակուած ռուսերէն ամսագրին՝ «Կովկասեան Համբաւաբեր»-ին: «Երբ Հայաստան ինքնավարութիւն ձեռք բերաւ, իր մատենադարանը ամբողջապէս նուիրեց Խորհրդ. Հայաստանին եւ ինք էլ տեղափոխուեց Երեւան»:
Առաքել Սարուխանի այս գիրքը, որ նուիրուած է մեր մեծագոյն դէմքերէն մէկուն, մեծ ոչ միայն իր հարստութեամբ, բայց մանաւանդ հոգիով, տուած է աւետարանական սկզբունքով՝ «ինչ որ աջը կու տայ, ձախը թող չիմանայ» եւ եղած է մեծ նաե՛ւ մեր մշակոյթի մեծերուն օգնելու իր գիտակցութեամբ, այս գիրքը արժանացած է երկու այլ հրատարակութիւններու եւս, առաջին հրատարակութենէն ետք՝  որպէս Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթի թերթօն (թուական չկայ կազմուած գիրքին վրայ) եւ վերջերս տակաւին, 2011-ին Երեւանի մէջ (աբեղեանական ուղղագրութեամբ), հրատարակուած «Ինտեր Կռնակ»-ի կողմէ:
Անժամանցելի գիրք մը իրապէ՛ս, որուն ընթերցումը մեծ հաճոյք կը պատճառէ նաեւ, բան մը որ այս օրերուն կարելի չէ յաճախ ունենալ:
Մարուշ Երամեան