(Արտասանուած Ընկհ. Հռիփ Կանանեանի կողմէ)
Հալէպահայ տարեգրութեան մէջ անպայման պիտի յիշուի անունը ընկհ. Հիլտա Չափրազեան-Չաղլասեանին, որ աշխոյժ ներկայութիւն էր մեր հաւաքական կեանքին մէջ։
Այսօր, իր մահուան առիթով կ’ուզեմ անդրադառնալ իր կենսագրական տուեալներուն, քաջ գիտնալով, որ ծնունդ առած էր քիլիսցի ընտանիքէ մը ներս ու իր նկարագրի կազմութեան ամէնէն էական շրջանը ընդգրկող 5-20 տարիներուն եղած էր արծուիկ, վարելով այլազան պաշտօններ այդ շարքերէն ներս։
Ընկերուհին նախնական կրթութիւնը ստացած էր Ազգ. Հայկազեան վարժարանէն ներս, ապա շրջանաւարտ դարձած Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանէն 1960-1961 ուսումնական տարեշրջանին։
1962-ին զինք կը տեսնենք Ճեմարանի ուսուցչական կազմին մէջ, որպէս թուաբանութիւն եւ գիտութիւն դասաւանդող ուսուցչուհի։
Աւելի ուշ, 1993-98 թուականներուն եղած է Ճեմարանի խնամակալ, ստանձնելով ատենադպիրի պաշտօնը։
Այսօր առիթ է, որ շեշտադրենք մեր կամաւոր աշխատողներուն հանդէպ յարգանքն ու երախտագիտութիւնը եւ արժեւորենք անոնց կեանքը ու գործը։
Ընկհ. Հիլտան կեանքի տեւողութեան իր վաստակն ու ներդրումը ունեցած էր համայնքին, միաժամանակ կազմելով ազգային արժէքներու պահպանման նուիրուած օրինակելի ընտանիք մը։
Այսօր ներկայ սերունդը տեղեակ չէ մեր անցեալի անցուդարձերուն։ Ան չի հետաքրքրուիր մեր մշակոյթը պայծառացուցած կամ բարեսիրական գործերու մէջ յաւելումներ արձանագրած նուիրեալներու փաղանգով։ Մենք այդ արժէքները լոյսին բերելու, կամ անոնց յիշատակը յարգելու, զանոնք արժեւորելու եւ նոր սերունդին ծանօթացնելու պարտաւորութիւնը ունինք։
Ընկհ. Հիլտան միութենական գործունէութեան նկատմամբ իր սէրն ու գուրգուրանքը արտայայտեց դեռ երիտասարդ օրերէն։ Անդամ դարձաւ ՍՕ Խաչին, սակայն իր աշխատանքը չսահմանափակուեցաւ միայն ՍՕ Խաչի ծիրէն ներս։
Երկար տարիներ պաշտօն ստանձնեց Հայ Ծերանոցի, Հաուըրտ Գարակէօզեան Հիմնարկի եւ Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի խորհրդատու մարմիններուն մէջ։ Եղաւ Քիլիսի Հայրենակցական Միութեան Տիկնանց Վարչութեան անդամ եւ տակաւին Ազգ. Սահակեան վարժարանի Տիկնանց կազմի մէկ անդամը, նպաստելով կարիքաւոր աշակերտներու ուսման յարատեւման։
Ան ոչ միայն հոգիով, այլեւ ամբողջ ընտանիքով կը կատարէր իրեն վստահուած աշխատանքները։
Ընկերուհին յաճախ կը տեսնենք որպէս ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ, ատենադպիր, երբեմն՝ պետական վարչութեան անդամ եւ յաճախ ՍՕ Խաչի առողջապահական եւ դաստիարակչական յանձնախումբերու անդամ։ 2009-2010 տարեշրջաններուն զինք կը տեսնենք նաեւ ՍՕ Խաչի Յուշամատեանի պատրաստութեան յանձնախումբին մէջ, ապա նաեւ՝ Տեղեկատուի։
Յաջորդաբար մասնակցած է ՍՕ Խաչի բոլոր պատգամաւորական ժողովներուն։ Միջոցին՝ Վենետիկի մէջ ՀՕՄ-ի կազմակերպած «Կամրջել Անջրպետները» սեմինարին։ 2004-ին, ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան կազմակերպած «Միջին Արեւելքի Միաւորներու Յատուկ» խորհրդաժողովին, Պէյրութ։ 2004 Նոյեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի կազմակերպած «Ուղեկից Միութիւններու Խորհրդաժողով»-ին Պէյրութ։
2009-ին, ՍՕ Խաչի 90-ամեակին, «Խաչուհին Ապագայ Ղեկավար» խորհրդաժողովին, Քեսապ։ Շարքը երկար է…։
1997-ին, պարգեւատրուած է ՍՕ Խաչի մայրերու օրուան տօնակատարութեան, որպէս հայրենակցական միութեան ատենապետ։
1998-ին, Գարատուրանի հողային սահանքին յաջորդող օրերուն, հոն էր ընկերուհին՝ կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակելու ծրագրով։
1998-ին, երեք ներկայացուցիչներէն մէկն էր, որ մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ Սօսէ մայրիկի աճիւնի մայր հող յանձնումին։
2000-ին, պարգեւատրուած էր ՍՕ Խաչի բարձրագոյն «Կանթեղ» շքանշանով՝ մայրերու տօնին առիթով։
Զինուած խաչի խորհուրդով, հաւատաւոր մեր ընկերուհին յաջորդաբար կանգնած էր հիմնադիր փաղանգին կողքին, խրոխտ կամքով, ծառայասիրութեան ոգիով, նախանձախնդիր մեր ազգային սրբութիւններուն եւ աւանդութիւններուն պահպանման, իր մէջ կերտելով Չաղլասեան տան պատուաբեր մայրը, անձնուէր խաչուհին եւ կրթական մշակը։
Սիրելի ընկերուհի Հիլտա,
Այսօր, ընտանեկան պարագաներուդ հետ սուգի մատնեցիր նաեւ Օգնութեան Խաչը, որովհետեւ ամբողջ գիտակցական կեանքիդ ընթացքին եղար ողնածուծով խաչուհի մը։ Քեզ սիրեցինք, քանի որ գիտէիր ազնուօրէն յարաբերիլ մարդոց հետ, միշտ յարգալից։ Կը հաւատայիր մարդասիրական եւ բարեսիրական գործի վեհ առաքելութեան։
Այսօր յուզումը պատած է քեզ ճանչցողներու սրտերը, քանի որ կայծակի արագութեամբ հեռացար մեզմէ։ Վստահ եղիր, որ յիշատակդ վառ պիտի մնայ մեր հոգիներուն մէջ։ Այս տխուր առիթով խորին ցաւակցութիւներ կը յայտնենք զաւակներուդ, հարսերուդ, փեսաներուդ, թոռներուդ եւ բոլոր հարազատներուդ։ Աւանդապահ ընտանիքի մը մէկ ժառանգորդն էիր, սիրելի՛ Հիլտա։ Թող քու նմաններուն յիշատակը օրինակ դառնայ նոր սերունդին եւ հոգիդ լուսաւորուի այս ամփոփ տողերով։
ՍՕ Խաչի Մեծ Ընտանիք