Սուրիահայ ուսուցիչին դերը բաւական բարդ դարձաւ երկրի անցնող տասնչորս տարիներու տագնապալի իրավիճակին լոյսին տակ։
Երբ երկրի տարածքին տեղի կ’ունենային սպանդ ու հրթիռակոծում, ուսուցիչը կը սորվեցնէր ըլլալ խաղաղասէր ու շինարար։ Երբ երկրին ու անոր քաղաքացիին նկատմամբ բազում անարդարութիւններ կը գործուէին, ուսուցիչը կը կերտէր արդարութեան հաւատացող ու անոր համար պայքարող մարդ, քաղաքացի։ Երբ երկխօսութիւնը դարձած էր անիրականանալի ու այլակարծութիւնը մերժելի, ուսուցիչը կը պատրաստէր այլակարծութիւնը յարգող, երկխօսութիւնը խաղաղ կեցութեան հիմնասիւն համարող ուսեալ տարր, երիտասարդութիւն։ Երբ մշակութային կոթողներ կը քանդուէին, ուսուցիչը կը կերտէր մշակութասէր, ազգային ու պետական արժէքներու տէր կանգնող երիտասարդութիւն։
Այս բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարեց սուրիացի ուսուցիչը, շարունակելով պատրաստել քաղաքակիրթ մարդը, ուսումն ու գիտութիւնը ապագայի կերտման հիմնական գրաւական նկատող ու խաւարամտութիւնը մերժող ապագայատեսիլ երիտասարդը՝ մթագնած միջավայրերու մէջ անգամ։ Ան էր, որ մութին մէջ լուսաւորեց աշակերտներուն միտքը, տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ հոգեկան սնունդ ու եռանդ շնորհեց անոր, որպէսզի վառ պահէ խաղաղ կեանքի ու պայծառ ապագայի աշակերտին տեսիլքը։
Առաւել բարդ եղաւ հայ ուսուցիչին դերը։ Ան կրթութեան կողքին ազգային ինքնութիւն կերտեց, մեսրոպաշունչ արժէքներով հարստացուց հայ աշակերտին ներաշխարհը ու յաջողեցաւ պահպանել նորահաս սերունդներու մտքի լոյսն ու հոգիի մաքրութիւնը ապականած օրերու մէջ անգամ։ Բնական պայմաններու եւ խաղաղ միջավայրերու մէջ այս բոլորը իրագործելը թէեւ դժուար, բայց հեսազահ ընթացքով իրականանալի աշխատանքներ թուին հաւանաբար, սակայն պատերազմ ապրող ու անոր ամէնէն սարսափելի հետեւանքն ու զրկանքը կրող ուսուցիչներուն համար համակ նուիրում կը պահանջեն իրողապէս։
Սորվեցնել, կրթել ու դաստիարակել, յոյս եւ ուսման հանդէպ հաւատք ներշնչել.  այս բոլորը բեռցուեցան հայ ուսուցիչին ուսերուն եւ ան առանց ընկրկելու, առանց դժգոհելու շարունակեց իր առաքելութիւնը։
Այս իրողութեան լոյսին տակ, որքան որ աշակերտը խնամքի կարիք ունի, նոյնքան ալ ուսուցիչը ուշադրութեան կարիք ունի։ Հետեւաբար երկրին մէջ խաղաղութեան վերահաստատման քայլերուն հետ անհրաժեշտ է նեցուկ կանգնիլ հայ ուսուցիչին՝ ապահովելով անոր նորարար ուսուցման նպաստող կարելիութիւններ, մշակելով մասնագիտական իր ունակութիւններու թարմացման ծառայող ծրագրեր կամ նպաստելով նման ծրագրերու անոր մասնակցութեան եւ վերջապէս վարձատրելով ուսուցիչը ըստ արժանւոյն, որպէսզի ուսուցչական ասպարէզը գրաւիչ դառնայ նոր սերունդին համար ու մարդակերտման երթը շարունակուի որակի պահպանումով։
Այլ հարց է ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը, որուն կը նպաստէ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը։ Վերապատրաստումը, սակայն, կը պահանջէ նաեւ յաւելեալ աշխատանք, սփիւռքահայ թէ հայրենի հաստատութիւններու եւ մտաւորականներու հետ գործակցութիւն, բայց մանաւանդ մշտական հետապնդում, որպէսզի սուրիահայ դպրոցները յառաջիկայ տարիներուն օժտուին նոր ուսուցիչներով եւ փորձառութեան փոխանակումը արդիւնաւէտ քայլերով իրականանայ ուսուցչական ասպարէզին մէջ։
Ձեր տօնը շնորհաւոր ըլլայ, սիրելի՛ ուսուցիչներ։