Սուրիոյ Մէջ Հայերու Հնագոյն Ներկայութեան Մասին
(Դ.)
Սուրիա Մեծն Տիգրանի Հայկական Տէրութեան Մէջ
Հայ-սուրիական յարաբերութիւններու զարգացման մեծապէս նպաստած էին Արտաշէսեան հայոց Տիգրան Բ. թագաւորի (Ք.ա.99-55թթ.) աննախընթաց նուաճումները։
Ք.ա. Ա. դարուն Տիգրան Բ. Հայաստանը միաւորած էր իր իշխանութեան տակ, ապա հիմնած էր հայկական ընդարձակ տէրութիւն մը։

Հայկական տէրութեան գոյութիւնը նշանակալից էր Հայաստանի, բայց նաեւ սահմանակից երկիրներուն՝ Սուրիոյ, Կիլիկիոյ, Կապադովկիոյ եւ Միջագետքի պատմութիւններուն համար, երբ աւարտական իւրայատուկ հանգրուան հանդիսացած էր հելլենիզմի համակարգի զարգացման բնագաւառին մէջ։ Աշխարհագրական այս շրջաններուն վրայ հայոց արքային երեսնամեայ տիրապետութեան անմիջական նախօրեակին, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հաստատուած էին Հռոմի եւ Պարթեւաստանի (Պարսկաստանի) իշխանութիւնները, իսկ հայկական տէրութեան անկումով սկսած էր արեւմտեան եւ արեւելեան աշխարհակալութիւններու տիրապետութեան ժամանակաշրջանը, ուր անոնց արտաքին քաղաքականութիւնը բնորոշուած էր բուռն հակամարտութեամբ՝ վերին Եփրատ եւ Տիգրիս գետերու տարածքներուն մէջ։ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական պատկերը պայմանաւորող եւ Հայաստանի համար ճակատագրական դարձած այս արտաքին քաղաքական իրավիճակը՝ անփոփոխ կերպով շարունակուած էր մինչեւ Թ.-Ժ. դարեր, շուրջ հազարամեակ մը։
Տիգրան Բ. հայոց արքային արտաքին քաղաքականութեան հզօրութեան օրերուն (Ք.ա.85-69թթ.), Հայաստանի եւ սահմանակից երկիրներէն Սուրիոյ ու Միջագետքի պատմութիւնը լուսաբանող սկզբնաղբիւրները թէեւ սուղ են, այսուհանդերձ առկայ տեղեկութիւնները ճշգրտութեամբ կը բնութագրեն այն հայկական տէրութիւնը, որ ի յայտ եկած էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Իրականութեան մէջ Հայկական տէրութիւնը՝ մեծ տէրութիւններու շարքին անցած էր Ք.ա. 85 թուականին, Պարսկաստանի դէմ իր տարած յաղթանակով եւ Ք.ա. 83 թուականին Սուրիոյ եւ Փիւնիկէի՝ հայկական տէրութեան միացման շնորհիւ։
«Հռոմէացի Սուլլա Ք.ա. 83 թուականին մինչ տակաւին կանգնած էր Յունաստանի մէջ, «Տիգրանը, անցնելով Եփրատը, տիրեց Սուրիային, դաշտային Կիլիկիային եւ Փիւնիկիային՝ Արեւելեան Միջերկրածովքի հելլենիստական քաղաքակրթութեան խոշորագոյն կեդրոններուն…»»։
Եւ չնայած Սելեւկեաններու գահակալական երկարատեւ կռիւներուն, կատարուած աւերածութիւններուն, առեւտրական կապերու խանգարման, Սուրիա շարունակած էր ներկայացնել Միջին Արեւելքի ամէնէն զարգացած եւ ծաղկուն երկիրներէն մէկը, նոյնիսկ ամէնէն մարդաշատը (Իտալիայէն ու Եգիպտոսէն վերջ)։
Փիւնիկեան ծովեզերքին, հարաւային Սուրիոյ եւ Պաղեստինի հետեւողութեամբ որոնք ճանչցած էին Տիգրան Բ.-ի գերիշխանութիւնը, հիւսիսային Սուրիա եւ Կիլիկիա իրենց կարգին ներգրաւուած էին հայկական տէրութեան մէջ, որպէս սատրապութիւն, երբ հայ-պարթեւական կռիւներէն ետք, մօտաւորապէս Ք.ա. 84 կամ 83 թուականին, Տիգրան Բ. յաջողած էր տիրել ամբողջ հիւսիսային Սուրիոյ.
«Ասորիքը, ազատ շունչ քաշեց, եւ թէպէտ ենթարկուեցաւ նուաստացուցիչ օտար իշխանութեան, սակայն տասնչորս
տարուայ ընթացքին ալ ունեցաւ խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ բարեկեցութիւն»։
Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Կիլիկիայի մայրաքաղաքը դարձած էր Անտիոքը.
«…Որ Սելեւկեաններու մայրաքաղաքն էր եւ ունէր մօտ կէս միլիոն բնակչութիւն՝ դարձաւ հարաւի մէջ [Հայաստանի հարաւը-Հ.Ա.] Տիգրանի գլխաւոր գահանիստ քաղաքը եւ այդտեղ անոր անունով ու պատկերով կը տպուէին այն գեղեցիկ դրամները, որոնք մեծ քանակութեամբ կը պահպանուին այժմ թանգարաններու մէջ։ Իսկ Սելեւկեան Ասորիքն ալ դարձուց առանձին կուսակալութիւն եւ այդտեղ կառավարիչ նշանակեց իր Բագրատ զօրավարին…»։
Անտիոք քաղաքը թէեւ դարձած էր Տիգրան Բ.-ի մայրաքաղաքներէն մէկը, սակայն հայոց թագաւորը զայն չէր վերածած իր տէրութեան մայրաքաղաքին։ Պարզապէս, Անտիոքը չէր գտնուեր Հայկական պետութեան կեդրոնը եւ յետոյ քաղաքին ամբողջ բնակչութիւնը օտար էր, ոչ հայ, ուստի եւ Հայաստանէն կտրուած ըլլալու պայմաններուն մէջ, Անտիոքը չէր կրնար Տիգրան Բ.-ի յենարանը դառնալ։
Արդարեւ, Անտիոք քաղաքը, որ նախապէս Ք.ա. 92 թուականին հռոմէացի Տիմիթրիոս Բ. (Ք.ա. 146-138, 130-125թթ.) եւ Փիլիպպոս Ա. (Ք.ա. 95-93թթ.) կայսրերուն պարտադրած էր լուրջ զիջումներ կատարել՝ որպէսզի քաղաքին շնորհուէր դրամ հատելու իրաւունք, շարունակած էր հայկական դրամ թողարկել եւ Տիգրան Բ.-ի օրօք։
Հաւանաբար Ք.ա. 83 թուականին, առաջին անգամ ըլլալով Անտիոքի փողերանոցին մէջ հատուած հայկական դրամները՝ կրած էին Տիգրան Բ.-ի անունը որպէս «թագաւոր», եւ Անտիոքի պահապան աստուած «Տիխէ»-ի պատկերը։ Հետագային, Արտաշատի եւ Տիգրանակերտի փողերանոցներուն մէջ հայկական դրամները հատուած էին «Արքայից-արքայ» արձանագրութեամբ, բացայայտելով Տիգրան Բ.-ի փառքն ու հզօրութիւնը։

Անտարակոյս որ Սուրիոյ ժողովուրդը բաւական միահամուռ ձգտում ունեցած էր պահպանելու սուրիական տէրութիւնը, սակայն, սուրիական հելլենիստական ընկերութիւնը կարիքը ունէր կեդրոնական ուժեղ իշխանութեան, որ կրնար նախ վերջ դնել երկրին մէջ տիրող անիշխանութեան եւ ապա զարգացման բարենպաստ պայմաններ ստեղծել։
Այս գծով, Տիգրան Բ.-ի արտաքին քաղաքական դրութիւնը վստահութիւն ներշնչած էր սուրիացիներուն, երբ հայոց թագաւորը պարտութեան մատնելով Պարսկաստանի Արշակունիները՝ նախ վերացուցած էր Սուրիոյ դէմ ծառացած սպառնալիքը, որուն դէմ Սելեւկեանները անզօր մնացած էին, եւ յետոյ իր ռազմական հեղինակութիւնը ամրապնդած էր։ Սուրիոյ համար ակներեւ կերպով որեւէ վտանգ բացառուած էր Տիգրան Բ.-ի կողմէ, նոյնիսկ հայոց թագաւորը Սուրիոյ վրայ իր իշխանութիւնը ստանձնած էր նոյնինքն սուրիացի ժողովուրդին առաջարկով, եւ սկսած էր պատմական Սուրիոյ տարածքին Սելեւկեաններու փոխարէն՝ վճռական դեր կատարել։
Ըստ Մովսէս Խորենացիի, հայոց արքան Պաղեստինէն «Շատ գերի վերցնելով՝ կը շրջապատէ Պտղոմայիդ քաղաքը», եւ գերիները Արմաւիրի ու Քասախ (Քասաղ) գետի վրայ՝ Վարդգէսի աւանին մէջ տեղաւորելէ յետոյ, «Կը շարժի, կ’երթայ Ասորիք…»։
Կը կարծուի, որ, Տիգրան Բ. Սուրիոյ հարաւային շրջանները, ներառեալ Դամասկոսն ու Փիւնիկէի ծովափնեայ քաղաքները գրաւած էր երկարատեւ կռիւներէ վերջ։
Այս գծով առկայ է այլ կարծիք մը եւս, որուն համաձայն Տիգրան Բ.-ի դէմ Սուրիոյ մէջ կազմակերպուած կանոնաւոր դիմադրութեան մը մասին կարելի է խօսիլ միայն Ք.ա. 73-69 թուականներուն, եւ եթէ Ք.ա. 83 թուականին դիմադրութեան դէպքեր արձանագրուած էին, ապա անոնք կապուած չէին սուրիական քաղաքներուն հետ, այլ արաբ շէյխերուն հետ եւ չէին կրնար փոխել հայոց արքային խաղաղ տիրապետութեան ընդհանուր պատկերը։
Երբ Սուրիոյ մէջ կայունացած էր կացութիւնը, ուր կառավարման գործին մէջ ներգրաւուած էր Սելեւկեան նախկին վարչութիւնը, Ք.ա. 72-69 թուականներուն Դամասկոսի մէջ հատուած էին Տիգրան Բ.-ի դրամները։ Մինչ այդ, Ք.ա. 78 թուականին, հայոց արքային հաւանութեամբ Լաւոդիկէ (Լաթաքիա) արդէն սկսած էր թողարկել արծաթեայ բարձրարժէք դրամներ, որոնք լայն շրջանառութիւն գտած էին ամբողջ հիւսիսային Սուրիոյ տարածքին։ Ապաֆամիա քաղաքը դրամ հատելու իրաւունք ստացած էր Ք.ա. 76 թուականին։ Մեծն Տիգրանի տիրապետութեան շրջանին, Սուրիոյ մէջ հատուած էին աւելի քան 15 տեսակի դրամներ։
Դրամագիտական տուեալներու հիմամբ, Մեծն Տիգրան Լաւոդիկէի (Լաթաքիոյ) շնորհած էր անկախութիւն եւ քաղաքը վերածած էր գլխաւոր նաւահանգիստի, որպէս ծովային կարեւոր ելք մը հիւսիսային Սուրիոյ համար։ Մեծ հաւանականութեամբ, Տիգրան Բ.-ի կողմնակիցները՝ Անտիոք քաղաքի ու միջազգային տարանցիկ առեւտուրի հետ կապուած առեւտրականներու դասակարգը եղած էր, եւ այդ դասակարգին համար Սուրիոյ միացումը Հայաստանի՝ տնտեսական կարեւոր նշանակութիւն ունէր, մանաւանդ որ Արքայից արքան ամբողջական կերպով տիրած էր հելլենիստական աշխարհի միջազգային տարանցիկ առեւտուրի կարեւորագոյն՝ Պարսից (Արաբական) ծոց – Զեգմա – Անտիոք ճանապարհին, որուն գլխաւոր հանգուցակէտերէն էին հայկական Ծոփքի՝ Արշամաշատ եւ Արկաթիակերտ քաղաքները։
Կարեւոր է այստեղ նկատի առնել նաեւ այն հանգամանքը, թէ Տիգրան Բ. ձգտած էր իր հսկողութեան տակ պահել միջազգային առեւտուրը, մանաւանդ որ առեւտուրէն գանձուող տուրքը կը կազմէր հայկական տէրութեան գանձարանին հիմնական բաժինը։ Ապա նաեւ հայոց արքային գլխաւոր մտահոգութիւններէն եղած էր Փոքր եւ Առաջաւոր Ասիոյ մէջէն անցնող առեւտրական ճանապարհներու զարգացման եւ բարեկարգման հարցը, ինչ որ նշանակալից կերպով բացատրած է Տիգրան Բ.-ի նուաճողական քաղաքականութիւնը եւ փոխադարձաբար այն աջակցութիւնը, որ անոր ցոյց տուած էին Սուրիոյ հելլենիստական քաղաքներուն, յատկապէս Անտիոքի վաճառականներու եւ արհեստանոցներու սեփականատէրերու դասակարգը։
Հետեւաբար, Սուրիոյ իշխող դասակարգը տնտեսապէս հզօր, քաղաքականապէս կազմակերպուած, շնորհիւ քաղաքային կազմակերպուածութեան, Սուրիոյ վրայ հայկական տիրապետութեան շրջանին շարունակած էր լիարժէք կերպով պահպանել իր ընկերային-տնտեսական բարձր դիրքը եւ քաղաքական իշխանութիւնը։ Սուրիոյ քաղաքային աւագանին դարձած էր Տիգրան Բ.-ի ընկերային անմիջական յենարանը, թէեւ հայ եւ սուրիացի հելլենիստական աւագանիներու փոխյարաբերութիւնները իրաւահաւասար չէին եւ հայկական արքունիքին մէջ հայ տարրը գերակշռող եղած էր։ Ինչպէս նաեւ, հայոց աւագանին պահպանած էր համապետական արքայական կառավարող իր դիրքերը, կազմելով պետական վարչամեքենային կորիզը։
Դոկտոր Հուրի Ազէզեան