ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Սուրիոյ պասքեթի կանանց հաւաքականի աղջիկները Դամասկոս հրաւիրուեցան՝ մասնակցելու ուսումնամարզական հաւաքին: Հաւաքականին մաս կազմեցին չորս հայ մարզուհիներ՝ ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբի խաղացող Լիլիթ Սարգիսեան, Դամասկոսի Ուահտէ խումբի խաղացող Ալիսիա Մակարեան, Սաուրա խումբի խաղացող Աննա Ասլանեան եւ Ահլիի խաղացող Սոնիա Չամսաքեան: Հաւաքականի մարզիչն է Այման Սուլէյման:
-Սուրիոյ ֆութպոլի տղոց խումբի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, սպանացի Խոսէ Լանան հրապարակեց կազմի այն խաղացողներու անունները, որոնք մաս պիտի կազմեն Փաքիստանի դէմ կայանալիք մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 25 Մարտին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՉՔՈՎ ՆՈՒԱՃԵՑ WBA CONTINENTAL ԱԽՈՅԵԱՆԱԿԱՆ ԳՕՏԻՆ
Հայաստանի բռնցքամարտի դաշնութիւնը շնորհաւորական նամակ մը յղեց  Յովհաննէս Պաչքովին WBA Continental ախոյեանական գօտին նուաճելուն առիթով եւ  համապատասխան հաղորդագրութիւն տարածեց իր կայքէջով: Յովհաննէս նաքաութի ենթարկեց Պասթարտոն եւ տիրացաւ ախոյեանական գօտիին:  «Տուպայի մէջ տեղի ունեցած Paddy’s day boxing show-ի ընթացքին, հայ մարզիկը երկրորդ բաժինին  նաքաութի ենթարկեց վենեզուելացի Խոսէ Ռիվաս Պասթարտոն, որ մինչեւ արհեստավարժ մարզիկներու այս հանդիպումը անպարտելի էր:  Վստահ ենք, որ Յովհաննէս Պաչքով պատրաստ է ապագային  աւելի մեծ տիտղոսներ նուաճելու», յայտնեց դաշնութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԱՆՉԵԼՈԹԻ ԴԺԳՈՀ Է ՍՊԱՆԻՈՅ ԴԱՇՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔԷՆ
Ռէալ Մատրիտի  գլխաւոր մարզիչ Գարլո Անչելոթի յայտարարեց, որ իր խումբը այսուհետեւ խաղադաշտ պիտի չներկայանայ եթէ  հանդիպումներու միջեւ առնուազն 72 ժամ հանգիստ չտրամադրուի իրեն։  Չորեքշաբթի, 12 Մարտին, Սպանիոյ արքայական խումբը Չեմփիընզ Լիկի 1/8 եզրափակիչին  մրցակից ունեցաւ  Աթլեթիքո Մատրիտը,  որուն կրցաւ յաղթել 11 մեթրի հարուածներով։ Երկու օր ետք ան մրցակից ունեցաւ Վիլա Ռիալը, իսկ իր երկու մրցակիցները ստացան չորս օրուան դադար: «Այս վերջին անգամն է, որ մենք հանդէս կու գանք առանց 72 ժամ հանգիստի։ Մենք երկու անգամ խնդրեցինք Լա Լիկայէն փոխել այս թուականը, բայց ոչինչ տեղի ունեցաւ: Ռէալ այլեւս խաղադաշտ պիտի չներկայանայ, եթէ իրեն չտրուի հանգիստի այն ժամանակը, զոր խնդրած ենք», յայտնեց Անչելոթի ակումբի կայքէջին վրայ հրապարակուած իր խօսքին մէջ:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան