Չորեքշաբթի, 18 Մարտ 2025- ի երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը եւ Շրջանային Վարչութեան անդամ Անի Սարգիսեան այցելեցին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանին։
Վարչութեան Ատենապետ Բժիշկ Անդրանիկ Սարգիսեան հակիրճ կերպով ծանօթացուց նոր վարչութեան անդամները եւ յառաջիկայ գործունէութիւնը։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ գնահատեց նորընտիր վարչութեան աշխատանքը եւ տածած յատուկ հետաքրքրութիւնը Տէրիքի եւ Հասիչէի ՀՄԸՄ-ի կորիզներուն հանդէպ։
Հայր սուրբը այս տարի եւս Տօնական օրերուն անհրաժեշտ նկատեց ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտութեան մասնակցութիւնը։ Ան նորանոր վերելք եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։
Վարչութիւնը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեշնորհ Հայր Սուրբին եւ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, հաստատելով ՀՄԸՄ-ի խորիմաստ «բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը կը պատգամէ պատնէշի վրայ միշտ պատրաստ մնալով ծառայել ազգին ու հայրենիքին։
Աւարտին վարչութեան ատենապետը եւ Շրջանայինի անդամը Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին յանձնեցին ՀՄԸՄ-ի «ՎԱՀԱՆ» յուշանուէրը։