Հրամանաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի, այսօր՝ 22 Մարտ 2025-ին, Հալէպի մէջ «Ոսկետառ» տպարանէն լոյս տեսաւ «Աստուածաբանական եւ Ընկերաբարոյական Նիւթեր» Բ․ հատորը, զոր հայացուցած է Մակար Արք․ Աշգարեան։

Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ տիկին Ֆլորա Շահինեան-Յովհաննէսեանի եւ իր սիրասուն զաւակներուն՝ Կարոյի եւ Սէսիլեա-Նայայի, ի յիշատակ իրենց հարազատին, ամուսնոյն եւ հօր՝ հանգուցեալ Գէորգ Շահինեանի։

Գիրքը ձօնուած է հայ երիտասարդին ու երիտասարդուհիին, մեր ազգին, եկեղեցւոյ ու պատմութեան ղեկն ու ապագայի ընթացքը իր ձեռքերուն մէջ ունեցողին ու վստահելիին, մեր ընկերութեան ու ընտանիքին հոգեմտաւոր եւ բարոյական սիւներուն ու գանձերուն, աւանդոյթներու եւ արժէքներու արժանահաւատ պահապանին ու զայն յաջորդող սերունդներուն անաղարտ ու վայելուչ փոխանցողին։ Որպէսզի զօրութեամբ ստեղծագործեն, կուռ հաւատքով պատերազմին, հրավառ սիրով ծառայեն եւ աներեր յոյսով սպասեն։

«Գանձասար» Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Աշգարեանէն շնորհակալութեամբ առաջին ստացողը եղաւ «Ոսկետառ» տպարանէն նոր լոյսին եկած Բ. հատորին։

Ա. հատորը լոյս տեսած էր 2 շաբաթ առաջ։

Սրբազան հօր մշտահոս գրիչը եւ մտաւոր բեղուն աշխատանքը շնորհաւորելով կը մաղթենք, որ զոյգ հատորները լուսաւորեն երիտասարդ սերունդներու աշխատանքի, հաւատքի ու ծառայութեան ուղին։

Խմբագրութիւն «Գանձասար»-ի