Կիրակի, 23 Մարտ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի հանդիսապետութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահոց Տնտեսի Կիրակիին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։
Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեան։ Սուրբ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ Բարշ. Գրիգոր սրկ. Տէր Վարդանեանի։

Սրբազան Հօր քարոզին բնաբանն էր՝ օրուան Ճաշու Աւետարանի ճարպիկ տնտեսին եւ աղքատ Ղազարոսին առակները (Ղկ 16.1-31), որոնց ընդմէջէն կը հրաւիրուինք, ոչ թէ առակին մէջ յիշուած տնտեսին մասին մտածելու, այլ մենքզմեզ իբրեւ տնտես տեսնելու՝ այն պարտականութիւններուն մէջ, որոնք Աստուած կը պարգեւէ մեզի։
Սրբազան Հայրը խօսելով ճարպիկ տնտեսի առակին մասին, դիտել տուաւ, որ Աստուած գնահատեց տնտեսին հնարամտութիւնը եւ ոչ թէ անոր անհոգ եւ անտարբեր ըլլալը, ինչպէս որ շատեր սխալ կը հասկնան։ Ուստի, անոր համար Տէրը ըսաւ. «այս աշխարհի մարդիկը իրարու հանդէպ իրենց վարմունքին մէջ աւելի ճարպիկ են, քան լոյսի որդիները»։ Դժբախտաբար, մենք իմաստութեամբ եւ հնարամտութեամբ չենք վարուիր Աստուծոյ մեզի պարգեւած բարիքներուն եւ շնորհներուն դիմաց եւ չենք խորհիր ապագայի մասին, երբ Աստուծոյ դատաստանին առջեւ կանգնելով հաշիւ պիտի տանք։
Առակը նաեւ կը յիշեցնէ մեզի, թէ որքանո՞վ հաւատարիմ ենք Աստուծոյ, սէր ունինք անոր հանդէպ եւ գիտակից ենք ապագայի նկատմամբ։
Հետեւաբար, առաջին հերթին անհրաժեշտ է որ ունենանք այդ գիտակցութիւնը, թէ մեր կեանքը եւ ունեցած շնորհները մեր սեփականութիւնը չեն, այլ Աստուծմէ տրուած են մեզի եւ իբրեւ տնտես մեր պարտականութիւնն է հաւատարմութեամբ հսկել անոնց վրայ, որպէսզի անոնք քառապատկուին։
Սրբազան Հայրը առակին հոգեւոր իմաստը բացատրելով յայտնեց, թէ մեծահարուստը Աստուած է, իսկ տնտեսը մենք ենք եւ այդ տնտեսութեան հաշիւ պիտի տանք։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահելու եւ Յաւիտենական Կեանքը ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ է, որ ճիգ ու ջանք թափենք։ Այլ խօսքով, մեր ունեցած բարիքները միջոցներ են հասնելու համար նպատակին՝ Աստուծոյ, փրկութեան, Յաւիտենական Կեանքին եւ արդարութեան պսակը ստանալու։
Վերջապէս, Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ սէր եւ հաւատարմութիւն ունենանք Աստուծոյ հանդէպ եւ գիտակցութիւն՝ մեր կոչումին մէջ, միշտ յիշելով, որ ժամանակը պիտի գայ, երբ Աստուծոյ դատաստանին առջեւ պիտի կանգնինք եւ Աստուծոյ հաշիւ պիտի տանք մեր կատարած գործերուն համար։

Պատարագէն ետք, Ազգային Վարչութեան անդամներու եւ Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդին ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ կտակարարներ Մարգարեան-Ճէհիզեան ընտանիքներու ննջեցեալներուն յիշատակին։ Որմէ ետք, սուրճի հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս։