6 նահատակ եւ տասնեակ վիրաւորներ արձանագրուեցան, երբ Իսրայէլ հրթիռակոծեց Սուրիոյ Տարաա քաղաքի արեւմտեան Քույա աւանը։
ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ իսրայէլեան բռնատիրական ուժեր թափանցելով աւան միաժամանակ օդային անօդաչու սարքերով հետեւած են աւանին ուղղուած գնդակոծումներուն, որոնց հետեւանքով արձանագրուած են 6 նահատակ եւ տասնեակ վիրաւորներ։
17 Մարտին եւս Տարաաի շրջակայքը իսրայէլեան հրթիռակոծման հետեւանքով 3 քաղաքացի զոհուած, ուրիշներ վիրաւորուած էին։