Երկուշաբթի, 24 Մարտ 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ներկայացուցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ասորի Ուղղափառ Համայնքի Պատրիարք Մար Ակնաթիոս Աֆրամ Բ.-ի կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին՝ ի պատիւ Մալանքարի Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Քարտինալ Մար Պասիլիոս Քլիմեսի։ Սրբազան Հայրերը, այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական սէրը, ողջոյններն ու օրհնութիւնները փոխանցեցին։

Մակար Սրբազան, վաղը՝ Չորեքշաբթի, պիտի մասնակցի նաեւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Սինոտի ժողովին, Աթշանէյի պատրիարքական կեդրոնին մէջ (Լիբանան)։