Տնտեսի կիրակիին յաջորդող Չորեքշաբթի օրը կը յիշատակուի Միջինքը։ Այլ խօսքով՝ Մեծ Պահքի կէսը կամ 24-րդ օրը կը կոչուի Միջինք: Եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ առաւօտեան Արեւագալի արարողութիւն:

Միջինքը խնդութեան օր է, առաւելաբար ժողովրդական համախմբումի, հաւատացեալներուն ուրախութիւն եւ միմիանց կորով ներշնչելու առիթ է, որպէսզի անոնք պահեցողութիւնը նոյն եռանդով ու մաքրութեամբ շարունակեն երկրորդ կիսուն եւս մինչեւ պահքի լրումը կամ Ս. Զատիկը:

Միջինքը կրօնական տօն մը չէ, եկեղեցական արարողութիւններն ու աղօթքները նոյն կերպով կ՛ընթանան, միակ յատկանշականը՝ աւելի հանդիսաւորութիւնն է եւ ճոխ խումբերով եկեղեցական երգեցողութեանց կատարողութիւնը։ Միջինքը յիշատակելու սովորութիւններ եւ տօնելու յատուկ ձեւեր ու ճաշեր կան:

Անցեալին հայկական գաւառներուն մէջ, եղած էր կիներուն յատուկ համախմբումի օր: Այսօր եւս դարձած է առաւելաբար հայ կնոջ ուշադրութեան առարկայ։ Մասնաւորաբար հայ կինն է որ ճիգ կը թափէ որ դարերու աւանդութիւնները վերյիշուին, եւ յարգուին նախնեաց սովորութիւններն ու բարքերը։
Միջինքին առթիւ ամենուրեք կազմակերպուող հաւաքոյթները Մեծ Պահոց յատուկ ուտելիքներով հայկական սեղանները, վկայութիւններ են հայ կնոջ կողմէ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան եւ յարատեւող կամքին։

Միջինքի հաւաքոյթներ կը կազմակերպուին յատկապէս նշանուած աղջիկներու ընտանիքներուն կողմէ, կը հրաւիրուին խնամիներն ու բարեկամները, որոնք կը շնորհաւորեն հարսնցուն Միջինքին առիթով եւ նուէրներով կը մաղթեն, որ ան արժանանայ Ս․ Պսակին։

Ժամանակին գաւառներու մէջ կը պատրաստուէր Միջինքի բաղարջ հացը, Միջինքի կարկանդակը։ Բաղարջ Հացին մէջ սովորաբար փոքր երկաթեայ մանրադրամ կը պահուէր, եւ ընտանեկան ճաշի կամ հասարակական հաւաքոյթի ընթացքին հացը կտոր-կտոր կը բաժնուէր բոլորին, եւ բոլորին ուշադրութիւնը կը սեւեռէր օրուան բախտաւորին վրայ:
Միջինքի օրը պահքը չի լուծուիր, այլ կը պահուի նոյն խստութեամբ: