Հայաստան Ատրպէյճանին առաջարկած է խորհրդակցութիւններ սկսիլ խաղաղութեան համաձայնագիրի համաձայնուած բնաբանի ստորագրութեան ժամկէտերուն եւ տեղին մասին, սակայն նոյն պատրաստակամութիւնը պաշտօնական Պաքուի կողմէ չէ լսած։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճիի հետ միատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ատրպէյճանի հետ եղա՞ծ են խորհրդակցութիւններ խաղաղութեան պայմանագրութեան համաձայնուած բնաբանի ստորագրութեան մասին։
«Պաշտօնական Երեւանը առաջարկած է սկսիլ խորհրդակցութիւններ՝ որոշելու համաձայնագիրի ստորագրութեան վայրը, ժամը եւ մնացեալ մանրամասնութիւնները։ Այս պահուն մենք նոյն պատրաստակամութիւնը պաշտօնական Պաքուէն չենք լսած։
Խաղաղութեան պայմանագրութեան բնաբանի համաձայնութեան զուգահեռ եւ անկէ վերջ Ատրպէյճան որոշակի այլ նախապայմաններ կը տեսնէ։ Կը հարցնէք, թէ ի՞նչ պէտք է ընել։ Պէտք է շարունակել աշխատիլ, բանակցիլ, գտնել փոխադարձ ընդունելի լուծումներ, արժանապատիւ լուծումներ եւ երկարատեւ խաղաղութիւն ապահովող լուծումներ, այլընտրանք ուղղակի չկայ։ Այս պահուն, այո՛, չկայ ըմբռնում, թէ ո՛ւր եւ ե՛րբ պէտք է ստորագրուի։ Մենք պատրաստ ենք հնարաւորինս արագ ներգրաւուիլ այդ գործընթացին մէջ եւ դնել մեր ստորագրութիւնը», ըսաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը։