Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանն ու Ազգային Իշխանութիւնը ջերմապէս կը շնորհաւորեն Ազգային Վարչութեան անդամ տիար Յարութ Չամիչեանը՝ Հալէպի առեւտրական գրասենեակի անդամ վերանշանակուելուն առիթով։
Յիշենք, որ տիար Յարութ Չամիչեանը երկար տարիներ Հալէպի առեւտրական գրասենեակի անդամ եղած է։
Կը շնորհաւորենք Հալէպի առեւտրական գրասենեակի նորանշանակ անդամները եւ Հալէպի տնտեսութեան բարելաւման նպաստող արգասաբեր գործունէութիւն կը մաղթենք։