Սփիւռքահայ գրագիտուհիներու սակաւաթիւ փաղանգին մէջ շատ փոքր է թիւը խմբագրուհիներուն, այնքան, որ չունինք պերճանքը անոնցմէ մէկն իսկ կորսնցնելու։ Կեանքը սակայն յաճախ նկատի չ’առներ այսքանը դժբախտաբար:
«Վերժին Չէրչեան-Աբրահամեանը անմահացաւ «Փթիթ»-ով»:
Կարդացի մէկ տողանի այս նամակը ուաթցափիս վրայ եւ սիրտս կծկուեցաւ: Ափսոսացի իր կեանքը, որ այսպէս բիրտ կերպով կ’անջատուէր: Եւ ափսոսացի «Փթիթ»-ը:
_ Մենք զաւակ չունինք, «Փթիթ»-ը մեր զաւակն է:
Եւ հիմա այդ զաւակը որբ կը մնար:
Մանկական քանի՞ հանդէս ունինք այսօր, որ Սփիւռքի մեր փոքրերուն ոչ միայն հաճելի ժամանց կը հրամցնէ, այլ նաեւ արեւմտահայերէնի հիմնական գիտելիքներ կը փոխանցէ խաղերով, հաճելի վարժութիւններով, գեղեցիկ գոյներով եւ գծանկարներով:
Վերժինը ինք խիստ ափսոսալի է, որովհետեւ տակաւին այնքան տալիք ունէր իր հանդէսին էջերէն:
Կը կարծեմ որ Վերժին Չէրչեան-Աբրահամեանը շատ աւելին կ’արժէ, քան պարզ մահագրական մը իր մասին:
Ըլլալով շատ համեստ եւ ընդհանրապէս լռակեաց, շատերս չենք ճանչցած զինք ինչպէս հարկ է, շատերս չենք գնահատած իր հսկայ աշխատանքը ինչպէս հարկն է:
Հակառակ բարձրագոյն ուսում ստացած ըլլալուն Պէյրութի Ամեիկեան Համալսարանի տնտեսագիտութեան
բաժանմունքին մէջ (տնտեսական եւ վիճակագրական գիտութիւններու մասնագիտացումով), եւ աւարտած ըլլալով բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ, քանի մը տարի դրամատան մէջ աշխատելէ ետք, Չէրչեան-Աբրահամեան չէ վարանած մտնելու ուսուցչական ասպարէզ:
Մօտէն ապրելով հայ աշակերտներուն հետ, Չէրչեան-Աբրահամեան տեսած եւ հասկցած է թէ ի՛նչ կը պակսի հայ աշակերտին՝ իր հետաքրքրութիւնները շարժող, արդիական, հաճելի մանկական թերթ մը, որ միաժամանակ ըլլար գեղեցիկ միջոց մը արեւմտահայերէն սորվելու։
Իր մահուան տխուր առիթով ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի շրջանակը հրատարակած է մահագրական մը, որմէ կը քաղենք հետեւեալ տողերը «Փթիթ»-ի մասին.
«2010 թուականին լոյս ընծայած է «Փթիթ»-ի 0 համարը, որուն գլխաւոր խմբագիրը, աշխատակիցը եւ մնացեալը եղած է մինչեւ վերջ, հակառակ աշխատակիցներու խումբի մը գոյութեան:
Այնքան մեծ էր պարբերականին գրաւչութիւնը, որ ՀՀ ԿԳՄՍ-ի պատուէրով եւ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանին գործակցութեամբ, Հայաստանի մէջ լոյս ընծայուեցաւ «Փթիթ»-ի 19-րդ թիւը, այնտեղ հաստատուած սփիւռքահայ մանուկներուն համար։ Դժբախտաբար սակայն, արցախեան երկրորդ պատերազմի բռնկումին պատճառով կարելի չեղաւ շարունակել յոյժ օգտաշատ այս ծրագիրը։
2015-ին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Հայկական Բաժանմունքներու պատասխանատու դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի խրախուսանքով, Հիմնարկին նիւթաբարոյական նեցուկով եւ Վերժին Չէրչեան-Աբրահամեանի ջանքերով ստեղծուեցաւ «Փթիթ» մանկապատանեկան կայքը, որուն կանոնաւոր յաւելումները լայն արձագանք գտած են սփիւռքահայ կրթական շրջանակներէն ներս։
«Փթիթ»-ը լայն ուշադրութեան արժանացած է սփիւռքահայ թէ հայրենի կրթական, մտաւորական եւ մամուլի շրջանակներուն մէջ եւ արժանացած է 150-է աւելի գրախօսականներու, դրուատալից գնահատականներու եւ յօժարակամ ծանուցումներու։
2012 թուականին ան կը ստանայ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան հաստատած «Լաւագոյն Մանկապատանեկան Մամուլ» մրցանակը եւ պատուոյ գիրը, իսկ 2018 թուականին ալ՝ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտօսթեանի ձեռամբ՝ Համալսարանի պատուոյ յուշամետալը»։
Արեւելեան Սփիւռքի գլխաւոր թերթերը կը գուժէին իր մահը եւ ցաւով դրուատիքի խօսքեր կ’ընէին.
«Գիրը, գիրքը, մամո՛ւլն է որ կը հմայէին զինք առաւելաբար։ Ի զուր չէ, որ ան տասնամեակներ առաջ կանոնաւոր հետեւորդ մը եղած էր Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկին եւ իւրացուցած՝ հայագիտական բնագաւառէն շատ բան։ Այդ գիտելիքները, հետագային, մեծապէս պիտի օգնէին իրեն, որպէսզի շուրջ 15 տարի առաջ ձեռնամուխ ըլլար մանկական գունագեղ պարբերականի մը հրատարակութեան, զայն խմբագրելով արտասովոր նուիրումով ու սիրով։ «Փթիթ» կը կոչուէր այդ մանկաթերթը, որմէ լոյս պիտի ընծայուէին թերեւս քսանի չափ տպագիր թիւեր, խիստ ուսանելի բովանդակութեամբ եւ ակնախտիղ ձեւաւորումով»։
Աբրահամեան, հակառակ իր «զաւկին» մեծ յաջողութեան եւ բոլորին կողմէ սիրուած ըլլալուն, երբեք չկորսնցուց իր համեստութիւնը եւ մնաց հաւատաւորը «գործը աւելի բարձր կը խօսի, քան խօսքը» ասացուածքին: Համակ նուիրում էր իր ստեղծած եւ մեծ գուրգուրանքով պահած «Փթիթ»-ին: Արդեօք պիտի ըլլա՞յ մէկը, որ ուզէ, որ կարենայ շարունակել այս գեղեցիկ հանդէսը այնպէս, ինչպէս Աբրահամեան կ’ընէր, իւրաքանչիւր թիւը հեքիաթներով, պատմուածքներով, խաղերով եւ ուսանելի այլ միջոցներով հարստացնելով:
Եւ որովհետեւ իրապէ՛ս սիրելի հանդէս մը դարձած էր «Փթիթ»-ը, սկիզբէն ալ արժանացեր էր շրջապատի բարձր գնահատանքին, անգամուան մը համար մոռացութեան տալով այն տխուր խօսքը, որ հայերուս համար սովորական դարձեր է՝ «Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ»: «Փթիթ»-ը սէր եւ գուրգուրանք վայելեց, եւ այսօր ափսոսանքի դառնութիւնն է որ կը տխրեցնէ մեզ բոլորս: Պիտի ունենա՞նք նոր փթիթ մը, այլ փթիթ մը: Դժուար թէ:
Վերժին Չէրչեան-Աբրահամեան եղած է անդամ Լիբանանի Մամլոյ եւ Հայաստանի Ժուռնալիստներու Մութիւններուն։
Մենք ալ մեր կարգին, խորունկ համոզումով կը կրկնեք Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանի կողակիցին՝ մտաւորական Կարո Աբրահամեանի խօսքը՝
«Վերժին Չէրչեան-Աբրահամեանը անմահացաւ «Փթիթ»-ով»:
Մարուշ Երամեան