«Յիսուսի նմանիլ» հոգեւոր դասընթացքի մը մասնակցած տարիներուս հանդիպեցայ դասի մը, որուն հետեւելով թէ՛ մտածելակերպս, եւ թէ գործելակերպս արմատապէս փոխուեցան։
Դասին վերնագիրը «Շարժառիթի Մաքրութիւն» էր։
Ծառայութիւնը սիրող անձնաւորութիւն մըն եմ ու Տիրոջ առջեւ կենալու եւ երկնային վարձք ստանալու կամեցողներէն եմ ջերմապէս։ Մարդիկ մեր կարողութիւններու չափին եւ ձեռքբերումներուն մեծութեան համաձայն կ’արժեւորեն ու կը գնահատեն մեզ, սակայն գործերու որակաւորման Աստուծոյ չափանիշը լրիւ ուրիշ է։ Ան կը նայի, թէ որքա՛ն մաքուր շարժառիթով գործուած են անոնք։ Օրինակ՝ կարիքաւորին ողորմութիւն տալու շարժառիթս պարզապէս գթա՞լ, հոգա՞լ է, թէ՝ մարդոց հաճութիւնը ստանալ։
Մարզանքի հետեւիլս պարզապէս առողջութիւնս եւ բարեձեւութիւնս պահելու նպատակո՞վ է, թէ՝ ցանկայարոյց դառնալու։
Մէկը գովելուս շարժառիթը գնահատե՞լն է, թէ՝ անոր բարձրացնելով ուրիշը նսեմացնելը, կամ ուրիշին նախանձը շարժելը։
Մէկուն թերութիւնը ուրիշի մը ըսելուս նպատակը զգուշացմա՞ն համար է (եթէ անոր գործակիցն է), թէ՝ անոր համբաւի աղաւաղման։
Ժողովի ընթացքին առաջարկ մը ներկայացնելուս պատճառը ընդհանուրին շահին կը նպաստէ՞, թէ անձնական նպատակներուս կը ծառայէ։
Երբ մեզմէ խորհուրդ ուզեն, թէ ո՞ր բժիշկին դիմենք, կամ որո՞ւ ներկայանանք այս ինչ գործի կարգադրութեան համար, զիրենք ճիշդ անձին կ’ուղղե՞նք, թէ՝ ուղղակի մեր մերձաւորին, որպէսզի մենք եւս օգտուինք անկէ։
Դիրքի տէր անձերու հրաւէրի սեղաններու շարժառիթը պարզապէս մտերմիկ պահեր անցնե՞լն է, թէ՝ զանոնք սիրաշահելով մեր ակնկալութիւնները յագեցնելը։
Որպէս պատասխանատու սխալ մը տեսնելով ուղղելը պարզապէս սխալը եւ խայտառակութիւնը կանխելո՞ւ համար է, թէ՝ սրբագրողի դերին մէջ մտնելու ու քննադատելու։
Երբ ամուրի հօրաքոյրները եւ մօրաքոյրները իրենց եղբօր կամ քրոջ զաւակները կը խնամեն, պարզապէս սէրէ՞ մղուած զոհաբերութիւն կը կատարեն, թէ՝ զիրենք սիրաշահիլ եւ անուղղակիօրէն ծնողքէն հեռացնել կը ջանան։
Պահք պահելու իսկական շարժառիթը մարմնի ցանկութիւնները մահացնելով հոգին Սուրբ խօսքով եւ աղօթքով պարարտացնե՞լ է, թէ՝ պարզապէս օրէնքը կատարել եւ մեր շուրջիններուն բարեպաշտ երեւնալը։
Չքաւորներուն ընծայ տալը կարեկցութենէ՞ մղեալ է, թէ՝ գործի յաջողութիւն եւ բժշկութիւն ակնկալել է Աստուծմէ, զԱստուած կաշառելու նման։
Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Շատեր Քրիստոսը քարոզեցին նախանձէ շարժուած…»։
Որպէս հաւատացեալներ, յաճախ կ’արտայայտուինք որ լեցուն ձեռքերով Իրեն պիտի ներկայանանք։ Մեր ծառայութիւններուն ճոխութիւնը եւ անոնց մարդոց մէջ արձագանգ ձգած ըլլալը չի շլացներ Աստուծոյ աչքերը, այլ՝ անոնց ՄԱՔՈՒՐ շարժառիթով գործուած ըլլալը։
Մեզմէ քանինե՞ր պատրաստ են ըսելու Տիրոջ. «Ահա գործերս, որ քու փառքիդ համար կատարեցի, զանոնք կրակով փորձէ՛ եւ տե՛ս, թէ արդեօ՞ք ընտիր են»։
Նայիրի Ատուրեան-Ֆրանքեան