Սուրիական Տարաա քաղաքի Քուայա աւանին վրայ իսրայէլեան յարձակումները հարցականներ կը ստեղծեն Իսրայէլի իսկական մտադրութիւններուն գծով։ Եթէ նախապէս Իսրայէլ կը պատճառաբաներ Իրանի ներկայութիւնը եւ Սուրիան դիմադրութեան առանցք համարելով երկրի իշխանափոխութեան առաջին իսկ օրերուն բանակի բոլոր կարելիութիւնները կը քանդէր, այսօր կը շարունակէ հրթիռակոծել Սուրիոյ հարաւային գիւղերը՝ փաստօրէն իր ազդեցութեան գօտիին մէջ պահելու Սուրիոյ հարաւային շրջանը եւ թրքական ներկայութեան ընդլայնումը կանխելու։
Ինչ ալ ըլլան նպատակները, Իսրայէլ կ’ոտնակոխէ երկրի գերիշխանութիւնը եւ խաղաղ բնակչութիւնը սպանելով՝ մարդոց ողբերգութեան հաշուոյն իր ազդեցութեան գօտիի հարցերը կը ջանայ լուծել։
Կարծէք բաւարար չեն Սուրիոյ ժողովուրդին կրած տառապանքն ու ժողովուրդի շարքերէն արձանագրուած բազմահազար զոհերը. երկիրը հազիւ ինքն իր վէրքերու ամոքման փուլ կը նկրտի մտնել, այս անգամ իսրայէլեան գնդակոծութիւններու եւ հրթիռակոծութիւններու թիրախ կը դառնայ անարդարօրէն։
Իսրայէլեան յարձակումները դատապարտումի լայն ալիք բարձրացուցին այս անգամ։ Արաբական երկիրները միասնական կեցուածքով ձայն բարձրացուցին, սկսեալ Արաբական Լիկայէն, հասնելով Արաբական Խորհրդարան, Ծոցի Գործակցութեան Խորհուրդ, Իսլամական Համաշխարհային Լիկա, ապա նաեւ առանձնաբար Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս, Քուէյթ, Յորդանան, Քաթար, Ալճերիա, Ափրիկեան երկիրներ եւ վերջապէս Թուրքիա։
Երկրի յատկապէս փոխանցման այս փուլին, նման յարձակումներ վերականգնումը խոչընդոտող փորձեր են փաստօրէն։
Սուրիոյ ժողովուրդը դժուար փուլի մէջ կը գտնուի։ Մէկ կողմէ արտաքին ուժերու ազդեցութիւնը, միւս կողմէ ներքին դժուարութիւններու յաղաթահարումն ու երկրի վերականգնումի մեկնարկը ժողովուրդի ներքին միասնութեան պահանջը կը շեշտադրեն։
Այս միասնութեան իրականացումով միայն Սուրիան կրնայ թօթափել ներկայ փուլի դժուարութիւնները եւ ոտքի կանգնիլ՝ դիւանագիտական իր ճկունութեամբ եւ երկրի շահերուն համապատասխան արեւելումով ճշդելու ռազմավարական իր գործընկերները, որպէսզի արտաքին ուժերու մրցապայքարին հետեւանքով չտուժէ եւ խաղաղութեան ափ հասնի վերջապէս։
Յառաջիկայ օրերուն բազմատարր ներկայացուածութեամբ անցումային կառավարութեան կազմումը, ինչպէս նաեւ Ծովափի շրջանին մէջ տեղի ունեցած ոտնձգութիւններու պատասխանատուները սուրիական դատական մարմնին կողմէ արդար պատիժի ենթարկումը կարեւոր քայլեր կրնան հանդիսանալ երկրի ներքին խաղաղութեան, ժողովուրդի միասնութեան ու արտաքին մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար։