Ուրկէ՞ եկած է այս անուանումը եւ ի՞նչ աղերս ունի այս թաղամասը հայերուս հետ։
Հալէպի հնագոյն թաղամասերէն մին է, կառուցուած է ԺԵ. դարուն, Հալէպի Մեմլուք իշխան էօզտէմիրի օրով, քաղաքի պարիսպէն դուրս։
Նիւթիս որպէս ենթախորք նախ յայտնեմ, որ ցարդ բնակուած աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկուն՝ Հալէպի ըմպելի ջուրը Հնագոյն դարերէն  մատակարարուած է քաղաքի հիւսիսը գտնուող «Հէյլան» կոչուող  բլուրներու ստորոտէն բխող ակերու աւազանէն քաղաք երկարող ջրանցքին ճամբով, որ ճիւղաւորուելով հասած է քաղաքի գլխաւոր եւ բազմամարդ թաղամասերը, ուր կառուցուած են ընդունարաններ։ Հոն ամբարուած ջուրը դուրս հոսեցուած է ընդունարանի որմերէն մէկուն շինուած քարաշէն աղբիւրէ մը, ուրկէ թաղամէջի տուներու բնակիչներն ու անցորդները  ապահոված են առաւելաբար իրենց ըմպելի ջուրը գրեթէ բոլոր տուներուն մէջ գտնուող եւ հանապազօրեայ կենցաղային գործածութեան ջուր մատակարարող ջրհորերուն կողքին։ Իսկ ա՛յս թաղամասը ջրանցքէն իրեն հասած առանձին ջրուղի չէ ունեցած։ Անոր ջուրը ճարպիկութեամբ մը  ապահովուած է  մօտակայ թաղամասի մը յատկացուած ջրանցքէն առուակի  մը  գողութեամբ։ Այս պատճառով ալ անոր հանրաղբիւրը կոչուած է գողի հանրաղբիւր՝ «Քասթալ Հարամի»։ Անկէ մեկնած թաղամասն ալ յորջորջուած  է գողի հանրաղբիւրի թաղամաս։ Այսպէս է, որ  թաղամասի անունը առնչուած է իր հանրաղբիւրի անուանումին։
Իսկ այս թաղամասի անունը  յաճախ առնչուած է ասպնջական Հալէպի մէջ յետ-ցեղասպանութեան ապահով բնակավայր հաստատած մեր տարագիր նախահայրերու վերապրումին, որովհետեւ 1920-ականներուն, տեղական իշխանութիւններու տնօրինումով, այդ թաղամասի հանրաղբիւրին մերձակայ  իսլամական կալուածական հիմնարկին՝ Աուքաֆին պատկանող հողատարածքի մը վրայ տեղ յատկացուած է ցեղասպանութենէն  ճողոպրելով  Հալէպ  ապաստանած  հայ բռնագաղթեալներուն։ Անոնք իրենց հնարաւորութիւններով հիւղակներ շինած են այնտեղ պատսպարուելու, փոխան հաւաքաբար վճարելի խորհրդանշական ամսական վարձքի մը։
Հուսկ, Դեկտեմբեր 1918-ին, Հալէպի մէջ խումբ մը հայրենասէր կիւրիւնցիներու կողմէ յառաջացած Հալէպի Կիւրիւնցիներու Հայրենակցական Միութիւնը շտապած է Հալէպ ապաստանած կիւրիւնցիները իրենց ծննդավայրին անունով յառաջացած միութեան շուրջ խմբել եւ քաջալերած զանոնք այս տարածքին վրայ իրար օգնութեամբ եւ նպաստամատոյց բարեսիրական հաստատութիւններու նեցուկով թէկուզ համեստ, տախտակաշէն, թիթեղածածկ հիւղակներ շինելով հոն համախումբ ապրելու։ Այդպիսով թէ՛ մեղմելու հայրենաբաղձութեան ու տարագրութեան վիշտը, եւ թէ՛ վառ պահելու ծննդավայրի  սէրը, յիշատակները, սովորութիւնները ու վերդարձի տենչը։
Մինչեւ Կիլիկիոյ երկրորդ պարպումը, Հալէպ հասնող համատեղացիներով եւ երբեմն ալ Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններէն բռնագաղթեալներով  հանգրուանաբար ընդարձակուած եւ ներսիդին զանազան թաղերով հիւղաւանի վերածուած այս տարածքը հանրածանօթ դարձած է Կիւրիւնցիներու Քէմփ անունով։
Կիւրիւնցիներէն ոմանք իրենց հիւղակներու հոգ չէ թէ նեղլիկ, բակերուն մէջ յաճախ իրենց կորսուած հայրենի տան մերձակայ այգին յիշեցնող, ճերմակ քաղցրահամ պտուղով թթենի մը կամ  որթատունկ մը տնկած են, վարդի թուփերու, ճերմակ մեխակի եւ ռեհանի խնամուած թաղարներուն առընթեր։
ժամանակի ընթացքին, թաղամասը ժողովրդային անուանումով սկսած է նաեւ կոչուիլ Պարրաքաթ ալ-Արման անունով։ Հիւղաւանը տասնամեակներ ապաստան տուած է շուրջ 200 ընտանիքներու։  Գաղթականական հիւղաւանը առաջին իսկ օրէն կազմակերպ բնակավայրի վերածելու համար  Հայրենակցական Միութեան ջանքերով յառաջացած է հիւղաւանի պատասխանատու վարչութիւն մը, որուն անդամներէն երկուքին Վարդեվառ Տուտաքեանի եւ Յարութիւն Չոգկարեանի անունները մեր պրպտումներով կրցանք իմանալ զիրենք ճանչցած կրտսեր ժամանակակիցէ մը։
Դժբախտաբար գրաւոր արձանագրութեան մը չենք հանդիպած։ Վարչութիւնը հիւղաւանի բնակիչներէն յարմարագոյնը նշանակած է հիւղաւանի  պատասխանատու՝ բնակչութեան հետ առօրեայ տեւական յարաբերութեան մէջ ըլլալու, վարչութեան որոշումները հանրութեան տեղեկացնելու, անոնց գործադրութեան հետեւելու եւ անմիջական որեւէ կարիքի պարագային տնօրինում կատարելու եւ վարչութիւնը իրազեկ պահելու համար։
Պաշտօնակատարը կոչուած է մուխթար։ Երկար տարիներ ժրաջանութեամբ այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է Սարգիս Քէհէեանը՝ հանրածանօթ Մլուր  Սարգիս անուանումով։
Քէմփը ունեցած է իր ներքին հաւաքական կեանքը կանոնակարգող օրէնքներ.  հիւղաւանի բնակիչներու կեցութեան եւ բնակարաններու առնչուած հարցերով զբաղած է վարչութիւնը, ճշդուած են այս  հիւղաւանի բնակիչ դառնալու պայմանները եւ պարտաւորութիւնները։ Իսկ իւրաքանչիւր հիւղակի/բնակարանի համար վճարելի ամսավարձը ճշդուած է վարչութեան կողմէ՝ իւրաքանչիւրին զբաղեցուցած տարածքին, ընտանիքի անդամներու թիւին, կարողութեան  եւ  ամբողջ տարածքին համար Աուքաֆին կատարուած ընդհանուր ամսավճարին հետ համեմատութեամբ։ Վարձքերը մուխթարին կողմէ բնակիչներէն մաս առ մաս թերեւս շաբաթական կամ ալ իրենց յարմար որեւէ ձեռնտու կերպով հաւաքուելով իւրաքանչիւր ամսավերջին յանձնուած է Աուքաֆի գանձիչին։
Բնակավայրի հաւաքական կեանքի  խաղաղ համակեցութեան եւ ընկերային առողջ մթնոլորտի պահպանումին ու համերաշխութեան վարչութիւնները նախանձախնդրութեամբ հետեւած են եւ մեծաւ մասամբ յաջողած են իրականացնել զանոնք բնակիչներու  գործակցութեամբ։ Անոնք  բծախնդրութեամբ  հետամուտ եղած են  բնակավայրի ընդհանուր առողջապահական պայմաններու յարգումին եւ մաքրութեան ապահովման, բնակիչներու առողջութիւնը անվտանգ պահելու, որպէս զգուշութիւն եւ համաճարակներու կանխման միջոց։
Հաւաքական գործին բոլորին մասնակցութիւնը պայմանաւորող եւ անխուսափելի դարձնող, զիրար լրացնող դրոյթներ որդեգրուած են թաղի բնակիչներուն միջեւ աշխատանքներու բաժանման սկզբունքով։ Որոշ գործերու պարագային ամէնօրեայ եւ այլոց պարագային շաբաթական հերթափոխութեան կարգով մուխթարին եւ վարչութեան խուզարկու աչքերուն հետապնդիչ  հսկողութեան ներքեւ  կատարուելիք անհրաժեշտ գործերու ճշդումով.  օրինակ տուներէն ներս գործածուած ջուրերու արտանետման համար յատուկէն շինուած մասնակի եւ մայր ջրահեռացման անցքերուն ամէնօրեայ մաքրութիւնը, հիւղաւանին տարածքին մէջ գտնուող  ջրհորերու շրջակայքը մաքուր եւ չոր պահելու անհրաժեշտութիւնը, եւ այլն…
Հիւղաւանի վարչութենէն  անդին՝  հայրենակիցներու ընդհանուր կարիքներու ապահովումին, կրթական եւ կենսական այլ օժանդակութիւններու ապահովման եւ յանձանձումի հարցերով զբաղած է  հայրենակցական միութիւնը, որ տեւական յարաբերութեան մէջ եղած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ.  Առաջնորդարանի, Ազգ.  Միութեան, Հայ Կարմիր Խաչի, ՀԲԸՄ-ի  Եւ Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցին հետ, ինչպէս նաեւ օրկանական կապ ունեցած է  Ամերիկա գտնուող Կիւրիւնի հայրենակցական միութիւններու Կեդրոնական Վարչութեան հետ։
Հիւղաւանը տասնամեակներ ապաստան տուած է շուրջ 200 ընտանիքներու, որոնք համախումբ ապրած են  երկրորդ համաշխարհայինի արհաւիրքն ալ։ Այդ օրերուն Ամերիկայէն նուէր ստացուած ձայնասփիւռի մը շուրջ համախմբուելով հաւաքաբար հետեւած են միջազգային լրատուամիջոցներու սփռումներուն։
Այստեղ հարկ է նշել, որ համաշխարհային թոհուփոհի այդ ժամանակներուն անախորժ որեւէ պատահարի մը առջեւ անպատրաստ գտնուելու եւ հիւղաւանը ապահով պահելու  համար թէկուզ համեստ կարողութիւններով յառաջացած է հիւղաւանի բնակիչներով ինքնապաշտպանութեան կամաւոր  խմբակ մը։
1936-ին, ի տես Լիբանանի մէջ յետ-անկախութեան քաղաքացիութեան տուչութեան գործընթացին, որոշ ընտանիքներ
տեղափոխուելով Լիբանան դարձած են լիբանանահպատակ։ Սուրիոյ անկախացումով, Հալէպ մնացողներն ալ ստացած են գերիշխան, անկախ Սուրիոյ քաղաքացիութիւն։ Գաղթականը եղած է քաղաքացի։
Բ.  աշխարհամարտէն ետք,  ոմանք յաջողած են  ներգաղթել Հայաստան, ուրիշներ յաջողած են հիւղաւանէն դուրս բնակութիւն հաստատելու միջոցներ գտնել ու կամաց-կամաց հիւղաւանի  բնակչութիւնը նօսրացած է եւ վերացած հայրենակցական միատարրութիւնը  մինչեւ 20 Մարտ 1971, երբ Ս.  Քառասնից Մանկանց տօնին  խոհանոցային կազի տակառի մը պայթումին  հետեւանքով յիսուն բնակարաններ հրոյ ճարակ դարձած են։ Մարդկային զոհեր չեն արձանագրուած։ Ազգ. Առաջնորդարանն ու բարեսիրական հիմնարկներ փութացած են աղէտեալ ընտանիքներու օժանդակութեան եւ հիւղաւանէն դուրս կեցութեան ապահովման ծրագիրներ յառաջացած են։ Աղէտը  հիմնական պատճառ դարձած է, որ աղէտեալներուն կողքին անվնաս մնացած բնակարաններու բնակիչներն ալ կարճ ժամանակ մը ետք նպաստամատոյց  ծրագիրներով  կամ այլ միջոցներով  դուրս գան հիւղաւանէն։
Նօսրացած  հիւղաւանին տարածքէն բաժինի մը  վրայ յաջորդող տարիներուն պետական դպրոց մը կառուցուած է եւ իրողապէս հիւղաւանը դադրած է գոյութիւն ունենալէ։
Մօտ յիսնամեակ մը այս տարածքին մէջ կիւրիւնցիներ ո՛չ միայն վերականգնած, այլեւ պահած են իրենց  աւանդութիւններն ու գաւառաբարբառը եւ հայրենակցական մթնոլորտ ստեղծած։ Կարելի չէ չյիշել տօնական օրերուն հոն տիրող մթնոլորտը.  օրինակ՝ Տեառնընդառաջի տօնախմբութիւնները, խարոյկին  համար օր առաջ պատանիներու տուն-տուն շրջելով վառելիք հաւաքելու սովորութիւնը։ Այդ վառելիքը կը բաղկանար լոլիկի եւ պղպեղի մածուկի պատրաստութեան մնացորդացով շինուած եւ չորցուած գնդակներէ, որոնք լաւ ալ կը վառէին հաւաքուած տախտակներուն  հետ։
Ինչպէս չյիշել տակաւին՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակին եկեղեցիէն քէմփ առաջին մոմը հասցնելու չյայտարարուած մրցոյթը  եւ հասած առաջին մոմի կայծով խարոյկի բոցավառումն ու շուրջ բոլորը երգելով շրջող տղաքն ու աղջիկները, մեծերն ու փոքրերը ու խարոյկին վրայէն ցատկող երիտասարդները։ Խարուկահանդէսէն վերջ, հիւղակներուն մէջ Տեառնըդառաջի մոմին կրակով  ըմպանակի մը յատակը կը մրոտէին ու այդ մուրը  տան երեխաներուն կոպերուն ցպիկով մը կը կպցնէին։ Այս արարողութիւնը կը կատարէր տան մեծ մայրը՝ աղօթքով եւ խնդրանքով առ Աստուած,  որ առողջ պահէ երեխան եւ հեռու այդ ժամանակ ընդհանրացած աչքաբորբէն։ Յաջորդ առաւօտ շպարուած աչուկներով մանուկներու ճռուողիւնը կը լեցնէր նրբանցքերը։ Ինչե՜ր ունէին պատմելիք իրարու, թէ ինչպէ՞ս կրցան մոմը եկեղեցիէն տուն հասցնել առանց մարելու, ինչ մեծ էր այս տարուան  խարոյկը ու որքա՜ն բարձր կ’ելլէր բոցը, ինչ լա՜ւ կը վառէին տուներէն հաւաքուած գնդակները։
Տարբեր երանգ ունէր յատկապէս երիտասարդ տղոց եւ աղջկանց համար  Բարեկենդանի տօնին վարպետ ատաղձագործներու ճարտարօրէն  լարած մեծ կարուսելին մէջ տեղաւորուած վեր-վար թռչիլը ու խաղ կանչելը։
Տասնամեակներ անցան, սերունդներ իրար յաջորդեցին ու ժողովրդային սովորոյթներն ու  Քասթալ Հարամի անունն ու հիւղաւանի յուշերը իրենց հետ  առած ընտանիքները  սփռուեցան աշխարհով մէկ։
Պէյրութի մէջ համախմբուած Կիւրիւնցիներու Հայրենակցական Միութեան ջանքերով, 1974-ին հրատարակուեցաւ  «Պատմագիրք Կիւրիւնի» արժէքաւոր հատորը, պատասխանատու խմբագիր ունենալով Պետրոս Մինասեան։
Հատորին մէջ կարելի է ընդարձակ տեղեկութիւն գտնել Կիւրիւնի հնագոյն պատմութեան, ազգային,  եկեղեցական, կրթական կեանքի մասին, գտնել նաեւ բռնագաղթի  ու ցեղասպանութեան մասին յուշագրութիւններ, ազգագրական նիւթեր, վիճակագրական տուեալներ, ժողովրդային բանահիւսութեան պատառիկներ, աշուղական երգեր, քարտէզներ, նկարներ, Կիւրիւնի արհեստագիտութեան ու նշանաւոր շալագործութեան  վերաբերեալ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ աշխարհով մէկ սփռուած հանրայայտ կիւրիւնցիներու մասին համառօտ ծանօթագրումներ եւ վերջապէս զանազան երկիրներու մէջ գտնուող կիւրիւնցիներու եւ անոնց հայրենակցական միութիւններու մասին նիւթեր։
Գրիգոր Տունկեան