Սուրիոյ Մէջ Հայերու Հնագոյն Ներկայութեան Մասին
(Ե.)
Սուրիա Մեծն Տիգրանի Հայկական Տէրութեան Մէջ
Կարելի է ըսել, թէ Սուրիա մտած Տիգրան Բ. հայոց թագաւորի (Ք.ա.99-55թթ.) հայկական բանակը՝ չէր նպատակադրած նախապէս այդտեղ իշխող դասակարգը ընկճել, այլ հետամուտ էր այդ դասակարգի շահերուն պաշտպանութեան, իսկ Տիգրան Բ.-ի բերած զօրամասերը՝ Սուրիոյ մէջ ծաւալած իրենց գործունէութեամբ փոխարինած էին տեղական զօրքերը։ Շատ հաւանաբար, հայոց արքան իր մօտ ծառայութեան ընդունած էր Սելեւկեան վարձկան բանակի զինուորները, եւ Սուրիոյ հայկական զինուած ուժերուն հրամանատար նշանակուած էր նշուած Բագրատը կամ Բագադատը (նաեւ Մագադատ), որ օժտուած էր քաղաքական որոշակի իշխանութեամբ, հանդիսանալով Տիգրան Բ.-ի «փոխարքան» Սուրիոյ (Ասորիքի) մէջ։
Յիշարժան է նաեւ, թէ սուրիական Փիւնիկէի քաղաքները Տիւրոս (Սուր), Սիդոն (Սայտա), Պէրիթ (Պէյրութ)՝ Ք.ա. Ա. դարուն պահպանած էին իրենց նշանակութիւնը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ տարանցիկ առեւտուրին գծով, միաժամանակ հանդիսանալով ստրկավաճառութեան մեծ շուկաներ։
Ուրեմն, Սուրիոյ վրայ հայկական տիրապետութեան շրջանին, հայերու թիւը անհամեմատօրէն բազմացած էր պատմական Սուրիոյ տարածքին, հայերը գրաւած էին քաղաքական կարեւոր դիրքեր եւ մեծ յաջողութիւն արձանագրած էին տնտեսական մարզին մէջ։ Մեծն Տիգրանի բանակայիններէն ոմանք մնայուն կերպով հաստատուած էին Սուրիոյ մէջ, մինչ շատերը սեփականատէրը դարձած էին ընդարձակ հողատարածքներու։
Կ’ենթադրուի, թէ եթէ հայերու թիւը բազմացած էր մանաւանդ աթոռանիստ Անտիոքի եւ երկրի հիւսիսային մասերուն մէջ վերոյիշեալ պատճառներով, ապա նոյնպէս հայերու թուական աճ մը արձանագրուած էր սուրիական ծովեզերքի՝ մասնաւորաբար Լաւոդիկէի (Լաթաքիոյ), իսկ Սուրիոյ հարաւային շրջաններէն Դամասկոսի մէջ, ուր գործած էին Տիգրան Բ.-ի արքայական փողերանոցները, յուշելով հայերու որոշակի ներկայութեան մը, անոնց գրաւած քաղաքական կարեւոր դիրքին եւ տնտեսական յաջողութիւններուն մասին։ Նոյնիսկ, կը կարծուի, թէ Լաւոդիկէի (Լաթաքիոյ) եւ Դամասկոսի մէջ հաստատուած էր հայոց արքային զօրամասերու բանակայիններէն եւ հայ վաճառականներէն կազմուած դասակարգ մը, ուր հայերը յառաջացուցած էին փոքրաթիւ հայ համայնքներ, թէկուզ ժամանակաւոր բնոյթի։ Ըստ հայկական բանաւոր աւանդութեան, Տիգրան Բ. երբ անցած էր Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն, եւ տեղւոյն նշանաւոր պատմական միջնաբերդը, հիմնուած Սելեւկիոս Ա. Նիկատորի կողմէ, վերածած էր իր զօրակայանին։
Արաբական պատմագրութեան մէջ հայերու ներկայութիւնը Լաւոդիկէի (Լաթաքիոյ) նաւահանգիստի շրջանը՝ վերագրուած է հնագոյն ժամանակներու։ Հաւանաբար, Անտիոքի լեռնային շրջաններու եւ Մուսա լեռան հայութեան նախնիքը՝ այս կողմերը եկած էին այդ ժամանակներէն։ Ըստ Վեր. Տիգրան Անդրէասեանի, հնագոյն ժամանակներէն Անտիոքի մէջ հայ գաղթականներ հաստատուած էին։
Ընդգծելի է, թէ Տիգրան Բ.-ի ստեղծած հայկական պետութիւնը, ռազմաքաղաքական միաւորում մը եղած էր, բազմազգ եւ զարգացման տարբեր մակարդակներ ներկայացնող տարրերէ կազմուած, իսկ հայոց թագաւորին կողմէ նուաճուած երկիրներու կարեւորագոյնը՝ տնտեսական եւ մշակութային առումներով իբրեւ զարգացած երկիր Սուրիա հանդիսացած էր, Սելեւկեաններու երբեմնի հզօր տէրութեան կեդրոնը, իր բնական իւրայատուկ բարենպաստ պայմաններով եւ ռազմաառեւտրական դիրքով։
Հետաքրքրական է, թէ Օգոստոս կայսեր (Ք.ա.27-14թթ.) ժամանակաշրջանը ներկայացնելու համար, Փլին Աւագի (Ք.ա.†79թ.) պետական-պաշտօնական ցանկերէն քաղուած քաղաքներու եւ գիւղերու անուանացանկին մէջ գտնուած է նաեւ «Granuco-matital» անուանումը, որ ըստ անգլիացի պատմաբան Ճոնսի՝ աղաւաղումը պէտք է ըլլայ Ամանոսի լեռներու արեւելեան ստորոտներուն վրայ տեղադրուած եւ Մեծն Տիգրանի կողմէ գերեվարուած արաբներով բնակեցուած՝ «Tigranucomatital» անուն քաղաքին։ Ըստ Վեր. Տիգրան Անդրէասեանի այդ քաղաքին բնակիչները միայն հայեր կրնային ըլլալ եւ նախահայրերը՝ Մուսա լեռան եւ Քեսապի հայութեան։ Մեծ հաւանականութեամբ հայոց արքային հետեւորդները նախ հաստատուած էին Անտիոքի լիճին առափնեայ շրջանները, յետոյ ապահովական մտահոգութիւններով շարժած էին դէպի Անտիոքի արեւմուտքը՝ Հիւսընլէք կոչուած վայրը, այդտեղէն ալ դէպի Մուսա լեռ եւ Քեսապ։ Առ այսօր, Մուսա լեռան եւ Քեսապի հայութիւնը Անտիոքը կը կոչէ «Քաղըք», այսինքն «քաղաք» եւ ոչ թէ Անտիոք, ինչ որ կ’ապացուցէ, թէ անոնք նախապէս Անտիոքի շատ մօտիկ գտնուած էին։
Պատմականօրէն նաեւ ապացուցուած է, թէ հայկական տէրութեան բոլոր ժողովուրդները իրարու հետ ուղղակի յարաբերութեան մէջ եղած էին, երբ հայոց արքային մականին տակ միացած էին տոհմացեղային նահապետական շրջաններ, կիսաաւատատիրական երկիրներ եւ հելլենիստական զարգացած քաղաքներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր յատուկ կազմակերպուածութիւն եւ կարգավիճակ, օրինակ՝ Ատրպատականի եւ Կորդուքի թագաւորները եթէ մնացած էին իրենց գահերուն վրայ, ապա Միջագետքն ու Սուրիան վերածուած էին նահանգներու եւ կառավարուած էին Մեծն Տիգրանի կողմէ նշանակուած կառավարիչներով։
Տիգրան Բ. քաղաքներու եւ քաղաքային մշակոյթի վերելքին համար դէպի Հայաստան գաղթել տուած էր առեւտրականներ, արհեստաւորներ ու աշխատաւորներ՝ Կապադովկիայէն, Կորդուկէն եւ շատ հաւանաբար նաեւ Սուրիայէն ու Ատիաբէնի հելլենիստական իր գրաւած քաղաքներու բնակչութենէն, դարձեալ որդեգրելով համաբնակեցման ուղեգիծ։
Վստահաբար, Տիգրան Բ.-ի վարած քաղաքականութեան ամէնէն վառ դրսեւորումներէն դարձած էր իր նուաճած երկիրներու բնակչութեան բռնի վերաբնակեցումը՝ մեծ տարողութիւններով, երբ Հայաստանի տակաւ աճող տնտեսութիւնը եւ զարգացող քաղաքային կեանքը պահանջած էին մարդուժի նորանոր զանգուածներ, յատկապէս որ հայոց արքան իր գործունէութեան մէջ ներկայացած էր ոչ միայն որպէս Մեծ Հայքի հզօր թագաւորը, ապա որպէս աշխարհակալ տէրութեան մը «միապետը», եւ անոր նախաձեռնութիւններուն մեծ մասը նպատակադրած էր՝ այդ դիրքին ամրապնդումը, զուգահեռաբար նաեւ տէրութեան բոլոր շրջաններուն կարգաւորման ու դասաւորման հարցերը, գործնական յարաբերութիւններ ստեղծելով տուեալ երկիրներուն եւ անոնց բնակչութեանց հետ։
Վերոյիշեալ հանգամանքներէն մեկնելով, Տիգրան Բ.-ի գահակալութեան առաջին տասնամեակները նշանաւորուած էին աշխոյժ քաղաքաշինութեամբ եւ քաղաքային կեանքի զարգացումով, իրագործումներուն մեծագոյնը անշուշտ հանդիսացած էր Տիգրանակերտ մայրաքաղաքի կառուցումը՝ Աղձնիք նահանգի մէջ, որպէս Տիգրան Բ.-ի աշխարհակալական տէրութեան քաղաքական եւ մշակութային մայրաքաղաք-կեդրոնը (Ք.ա. շուրջ 77 թուականին).
«Երբ Տիգրանը զօրեղացաւ մինչ այդ աստիճան՝ ան հիմնեց քաղաք մը…, որն անուանեց Տիգրանակերտ, եւ բերաւ
այդտեղ իր աւերած 12 հելլենական քաղաքներու բնակչութիւնը»։
Տիգրանակերտ քաղաքը զանազան ուղղութիւններով կապուած էր առեւտրական կարեւոր կեդրոններու հետ, եւ դարձած էր միջազգային առեւտուրի, արհեստներու, արդիւնագործութեան ու հելլենիստական գիտութեան ու մշակոյթի կարեւոր կեդրոն, եւ իր այդ հանգամանքով Հայաստանը կամրջած էր մասնաւորապէս պատմական Սուրիոյ ու Միջագետքի հետ՝ Ուռհայի (Եդեսիոյ), Մծբինի (Նուսէյպինի) եւ ուրիշ քաղաքներու միջոցով, Հայաստանը յաջողած էր իշխել Արեւելքի առեւտրական միջազգային ճանապարհներուն.
«Տասը-տասնհինգ տարուայ ընթացքին Տիգրանակերտի բնակչութիւնը հասաւ շուրջ հարիւր հազարի։ Տիգրանի արքունիքին մէջ կ’ապրէին յոյն փիլիսոփաներ, հռետորներ, պատմագիրներ, որոնցմէ յայտնի են միայն աթենացի Ամփիկրատէսի եւ Մետրոդորոս Սկեփսիացիի անունները։ Վերջինս հեղինակած էր Տիգրանի եւ անոր նախնիներուն մասին աշխատութիւն մը, որմէ աննշան բեկոր մը պահպանուած է» ։
Փոխադարձաբար, Տիգրան Բ.-ի կողմէ քաջալերուած էր Հայաստանէն դուրս հայերու արտագաղթը՝ դէպի իր նուաճած
երկիրներ, ներառեալ դէպի Սուրիա, առաւելաբար տնտեսական նպատակներով։
Նշելի է, որ նախապէս ալ Հայաստանի եւ Արարատեան դաշտի վրայով անցած էր Առաջաւոր Ասիոյ տարանցիկ առեւտուրի ճանապարհներէն այն մէկը, որ Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրները, Չինաստանն ու Միջին Ասիան կապած էին Եւրոպայի հետ՝ Կասպից եւ Սեւ ծովերու միջոցով, եւ այդ ճանապարհով մասամբ պայմանաւորուած էր հայկական մայրաքաղաքներու՝ Արմաւիրի, Երուանդաշատի, Արտաշատի հիմնադրութիւնը նոյնինքն Արարատեան դաշտին մէջ, Արաքս գետի հովիտի երկայնքին։ Տիգրան Բ.-ի օրօք սակայն, հայկական տէրութեան նշանակութիւնը տարանցիկ առեւտուրի մէջ աւելի բարձրացած էր երբ երկրին աշխարհագրական դիրքը ներգրաւած էր հարաւային այն ճանապարհները, որոնք արեւելեան երկիրները միացուցած էին Անտիոքի եւ Միջերկրական ծովու նաւահանգիստներուն հետ, այլ խօսքով պատմական Սուրիոյ տարածքին հետ։
Հայաստանի առեւտրական աշխոյժ շարժումին մէջ ներգրաւուած էին, նոյնիսկ գերակշռող դեր ունէին հայերու կողքին ուրիշ ժողովուրդներու գաղթականներէն կազմուած համայնքները եւս, ինչպէս հրեաներն ու ասորիները։ Տիգրան Բ. ըմբռնելով Սուրիոյ հարուստ եւ ազդեցիկ քաղաքներուն դրսեւորած կարեւորութիւնը, իր պետութեան համակարգին մէջ անոնց հանդէպ ցուցաբերած էր համապատասխան կարգավիճակ։
Միւս կողմէ, պարսիկները թէեւ իշխած էին Հնդկաստանի վաճառականութեան, բայց անոնց զօրաւոր մրցակիցը եղած էր Եթովպիոյ քրիստոնեայ թագաւորութիւնը, որ կրօնական գործօնին միջոցաւ սերտ յարաբերութիւններ մշակած էր բիւզանդացիներուն հետ։
Արքայից արքային հայկական տէրութեան համար հռոմէացի Լուկուլլոսի յաղթանակը եւ մայրաքաղաք Տիգրանակերտի անկումը՝ քաղաքական ծանր հետեւանքներ ունեցած էին։ Հայոց թագաւորին նուաճած բոլոր երկիրները, Տաւրոսեան լեռնաշղթայէն եւ Տիգրիս գետէն դէպի հարաւ՝ հիւսիսային Միջագետքը, Կորդուքը, Կոմմագէնը, Սուրիան եւ Արեւելեան Կիլիկիան անջատուած էին Հայաստանէն։
Սուրիական շրջաններէն Մեծն Տիգրանի քաշուելէն ետքն ալ սակայն, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւնները շարունակուած էին երկու երկիրներուն միջեւ, պատմական Սուրիա տակաւին երկար ժամանակ Հայաստանի հետ կապուած մնացած էր Տիգրանակերտ-Արտաշատ ճանապարհով, որ դէպի Միջին Ասիա տանող մայրուղիին մէկ հատուածը ներկայացուցած էր, իսկ հետագային Սուրիայէն, Միջագետքէն եւ այլ երկիրներէ առեւտրական կարաւանները ժամանած էին Հայաստանի նոր մայրաքաղաքը՝ Վաղարշապատ եւ ուրիշ վայրեր։
Այս պարագային, նշանակալից եղած էր Արտաշատի եւ Արաքս գետի ունեցած դերը, մանաւանդ որ կարաւանային ճանապարհը միշտ ընթացած էր Պարսկաստանի հիւսիսային սահմաններէն, եւ պարսիկներ հետամուտ էին փոխադրուած ապրանքները նախ վերապահելու իրենց, յետոյ միայն զանոնք փոխանցելու դէպի Արեւմուտք, մասնաւորապէս հռոմէացիներուն։ Աւելի ուշ, բիւզանդացիները ստիպուած՝ մաքսատուներու դրութեան հետեւողութեամբ ապրանքափոխանակութեան կեդրոններ հաստատած էին, որպէսզի պարսիկներու հետ առեւտուրը հեզասահ ընթանար, այդ կեդրոնններու հիւսիսային ծայրագոյն կէտը հանդիսացած էր Արտաշատը, Միջագետքի մէջ Մծբինը (Նուսէյպինը), իսկ Սուրիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ Կալինիկոսը՝ ներկայի Ռաքքա քաղաքը։ Կը կարծուի, թէ Պարսից (Արաբական) ծոց հասած ամբողջ մետաքսը դէպի հիւսիս փոխադրուած էր այս վերջնոյն ճամբով։
Դոկտոր Հուրի Ազէզեան