Մեկնելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի-2025» հռչակագիրէն, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը, հալէպահայ վարժարաններու աշակերտներուն համար կազմակերպեց դասախօսութիւն՝ «Հայկական Եկեղեցական Ճարտարապետութիւն» խորագիրով, Համազգայինի մշակութային կեդրոնէն ներս։
Դասախօսն էր՝ համազգայնական Կարո Սահակեան, որ հեղինակն է հայկական եկեղեցիներու մանրակերտերու եւ երկար տարիներու իր մասնագիտական աշխատանքին ընդմէջէն լաւապէս ուսումնասիրած է հայկական եկեղեցական ճարտարապետութիւնը եւ հայ թէ օտար շրջանակներու մէջ ցուցահանդէսով եւ դասախօսութեամբ ներկայացուցած է հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան եզակի ոճը։
Արդարեւ, 3-15 Մարտ 2025, երկու շաբաթներու ընթացքին, Հալէպահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները յաջորդականութեամբ Համազգայինի մշակութային կեդրոն ներկայացան, ուր դիմաւորուեցան Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան կողմէ եւ մէկ ժամուան տեւողութեամբ մտիկ ըրին դասախօսին, որ պաստառի վրայ լուսանկարներ ցուցադրելով, տպաւորիչ կերպով ներկայացուց դասախօսութիւնը, աշակերտներուն ծանօթացնելով հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան իւրայատուկ ոճին եւ դարերու ընթացքին կրած փոփոխութիւններուն եւ զարգացումին։
Ներկայացող դպրոցներն էին՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարանը, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանը, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրդ. Վարժարանը եւ Մխիթարեան Վարժարանը իրենց տնօրէններու, հայերէնաւանդ ուսուցիչներու եւ դաստիարակներու գլխաւորութեամբ։
Աշակերտները դասախօսութեան ընդմէջէն տեղեկացան պատմամշակութային արժէք ներկայացնող հայկական եկեղեցիներուն, որոնք «ԻւՆԵՍՔՕ»-ի համաշխարհային մշակութային արժէքներու ցանկին մէջ տեղ կը գրաւեն: Անոնք ծանօթացան նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ կառոյցի բաժիններուն: Դասախօսը ուսանողներուն պատուիրեց, որպէս հայորդիներ, տէր կանգնիլ մեր ազգային-մշակութային արժէքներուն եւ ապագային մասնագիտականօրէն իրենց ներդրումը բերել անոնց զարգացման գործընթացին:
Սրահին մէջ ցուցադրուած էին դասախօսին կողմէ բծախնդրութեամբ պատրաստուած հայկական եկեղեցիներու մանրակերտերը: Դասախօսութենէն ետք, աշակերտները հայկական եկեղեցիներու մանրակերտները տեսնելով, առաւել եւս տպաւորուեցան եւ իրենց գիտելիքները հիմնաւորեցին մեր ազգային-մշակութային արժէքներուն նկատմամբ:
Յիշենք, որ յիշեալ դասախօսութիւնը մատուցուեցաւ նաեւ ՍՕ Խաչի «Անի» մասնաճիւղի անդամուհիներուն, որպէս մշակութային յայտագիր՝ մասնաճիւղի զեկուցական ժողովէն ետք: