ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-ՀՄԸՄ-ի եւ Հըթինի պասքեթի աղջկանց խումբերը պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ մաս պիտի չկազմեն Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց ախոյեանութեան, որ պիտի շարունակուի յառաջիկայ ամիս: Մնացած 7 խումբերը ցամաքամասային եղանակով բաժնուեցան երկու խմբակի: Առաջին խմբակին մաս կազմեցին Ահլին, Հուրիէն եւ Ճալաաը, իսկ երկրորդին՝ Ուահտէն, Սաուրան, Պարատան եւ Աշրաֆիէն:
-Կիրակի օր Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ պասքեթի տղոց եւ աղջկանց խումբերու պատասխանատուները հանդիպում ունեցան պասքեթի առժամեայ դաշնութեան կազմին հետ: Հանդիպումին յայտարարուեցաւ, որ տղոց մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ երկու խմբաւորումով, Հալէպի խումբերը կազմեցին մէկ խմբակ, իսկ Դամասկոսի, Համայի եւ Հոմսի խումբերը կազմեցին երկրորդ խմբակը: Մրցաշարքը պիտի սկսի 22 Ապրիլին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԿՐԵՑ
Ազգերու լիկայի Բ.  մակարդակի անցումային Playoff-ի  դարձի խաղին, Հայաստանի հաւաքականը Թիֆլիսի «Տինամո Արենա» մարզադաշտին վրայ  հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի հաւաքականին կողմէ եւ կրեց ծանր պարտութիւն մը՝ 6 – 1 արդիւնքով: Արդէն չորրորդ վայրկեանին, հանդիպման հաշիւը բացաւ  աւստրիական Շտուրմ Կրազի 28-ամեայ  կիսապաշտպան Օթար Քիթէիշվիլին։
Անոր  ուժեղ հարուածէն ետք, Փիւնիկի պաշտպան, հաւաքականի  աւագ Վարազդատ Հարոյեանի ոտքով գնդակը ցնցեց Հայաստանի դարպասը։ ՈՒԵՖԱ-ի պաշտօնական կայքին մէջ կոլը արձանագրուեցաւ Հարոյեանի անունով: 14-րդ վայրկեանին, ֆրանսական Լիոնի յարձակող Ճորճ Միքաութատզէ կրկնապատկեց դաշտի տէրերուն առաւելութիւնը, որմէ տասը վայրկեան ետք,  անգլիական Ուոթֆորտի կիսապաշտպան Կիորկի Չաքվեթատզէն նշանակեց երրորդ կոլը: 27-րդ վայրկեանին, Օթար Քիթէիշվիլին դարձաւ 4-րդ կոլի հեղինակ։
35-րդ վայրկեանին, կրկնակի կոլի հեղինակ դարձաւ նաեւ  Ճորճ Միքաութատզէն: Առաջին խաղակիսուն, հայ ֆութպոլիստները ոչ մէկ հարուած կատարեցին մրցակիցի դարպասին: Ընդմիջումին, Հայաստանի հաւաքականի երկրպագուները «Հեռացի՛ր, հեռացի՛ր» վանկարկումներով պահանջեցին Հայաստանի ֆութպոլի դաշնութեան  ղեկավարութեան հրաժարականը: Երկրորդ խաղակիսուն, Հայաստանի հաւաքականը  նշանակեց իր միակ կոլը: 63-րդ վայրկեանին, Ֆրանսայի ախոյեան ՓՍՃ-ի խաղացող Խվիչա Քվարացխելիա նշանակեց Վրաստանի 6-րդ եւ վերջին կոլը:
Աւելցնենք, որ երթի մրցումին Վրաստան Երեւանի մէջ դարձեալ պարտութեան մատնած էր Հայաստանը՝ 3 – 0 արդիւնքով:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան