Նախագահութեամբ՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ՝ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եկեղեցասիրաց Տիկնաց յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 26 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, Հիմօ գիւղի Ս. Ֆէպրոնիա վանքէն ներս տեղի ունեցաւ Մտամփոփման օր, Միջինքի առիթով, ներկայութեամբ՝ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան ներկայացուցիչներ տիկին Ասիա Պետրոսեանին եւ տիար Ապտ ալ-Ահատ Տօնապետեանին։
Սոյն ծրագիրը կատարուեցաւ, հիմնուելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի» հռչակագիրին վրայ։ Թէ՛ հոգեւոր, եւ թէ հանապազօրեայ ճաշը հայկական աւանդութեամբ կազմակերպուած եւ պատրաստուած էին։
Խորհրդաւոր, ներշնչող եւ հոգեւոր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Մտամփոփման ծրագիրը, որ ստանձնած էր «Բարի Սամարացի» յանձնախումբը։ Դասախօսութեան ծրագիրը կ՚ընդգրկէր հետեւեալ նիւթերը.- ստեղծագործութիւնը, մարդուն մեղանչումը եւ պատիժը, փրկագործութեան աստուածային խոստումը եւ ապաշխարութիւնը։ Առաջին հերթին Արժնապատիւ Քահանայ Հայրը բարի գալուստի խօսք արտասանեց՝ յանձնախումբի պատասխանատու տիար Ֆահմի Ապտին եւ անոր ընկերակիցներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն։ Դասախօսութեան առաջին բաժինը ներկայացուցին տիարք Ֆահմի Ապտին եւ Մալէք Հնտօն, ապա ապաշխարութեան բաժինը մատուցեց Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը։
Դասախօսութեան աւարտին, մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ եւ Քահանայ Հօր գլխաւորութեամբ աղօթքներ արտասանուեցան։ Առանձնայատուկ ապրում հաղորդեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ»-ին արաբերէն լեզուով կատարումը, որ հոգեպէս ներշնչեց հաւատացեալները։
Դասախօսութենէն ետք, սկիզբ առաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եկեղեցասիրաց տիկիներու ծրագիրը։ Ներկաներուն թահինով հաց բաժնելով, օրուան բախտաւորը յայտարարուեցաւ։ Ապա, տեղի ունեցաւ ընթրիք, որուն ընթացքին հայկական համեմունքներու բուրմունքը խառնուեցաւ սիրոյ եւ միաբանութեան զգացողութիւններուն։ Ընթրիքին յաջորդեց վիճակահանութիւն, որ ուրախացուց ներկաները։
Օրուան Հանապազօրեայ հացը ճաշակելէ ետք, ուրախ մթնոլորտ տիրեց Ս. Ֆէպրոնիա վանքէն ներս, ուր կազմակերպուած էին խաղեր՝ մանուկներուն, երիտասարդներուն եւ երէցներուն համար։ Առաջին հերթին տեղի ունեցաւ Աստուածաշնչական խաղեր, ապա, զուարճալի մրցոյթներ։
Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը խօսք առնելով, նախ փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի հայրական օրհնութիւնը, ողջոյնն ու գնահատանքը, ապա գնահատեց Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանը եւ եկեղեցասիրաց տիկնաց կազմը, իրենց ժրաջան, անխոնջ ու անսակարկ նուիրական աշխատանքին համար՝ ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ։ Հայր Սուրբը իր երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց ներկաներուն, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են բոլոր կազմակերպուած ծրագիրներուն եւ բոլորին մաղթեց, որ անփորձանք եւ խանդավառ կերպով դիմաւորեն մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը:
Յիշենք, որ առաւօտուն միջինքը յիշատակելով, Արեւագալի ժամերգութիւն կատարուեցաւ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։