Մեկնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.Վեհափառին 2025-ի Հայրապետական Հռչակագիրի “Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի” յայտարարութենէն , ՍՕ Խաչի “Էրեբունի” մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած տարեկան աւանդական
միջինքի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 25 Մարտ 2025_ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, “Սուլթան ալ – Շարք” ճաշարանէն ներս։
Ձեռնարկին ներկայ էին ,Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Մելքոնեան, ընկերուհիներ և հիւրեր։
Օրուան հանդիսավարն էր Սիլվա Ադամեան , որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, գնահատեց անոնց քաջալերանքը և ներդրումը առ ի աջակցութիւն մասնաճիւղի ծրագիրներուն իրագործման.Ապա Սիվա Գորէսեան բովանդակալից խօսքերով ներկայացուց միջինքին խորհուրդը, անդրադառնալով անոր հոգեւոր եւ մշակութային նշանակութեան ։
Այս առիթով վարչութիւնը պատուեց հարսնցուները յուշանուէրով, որ բծախնդրութեամբ պատրաստուած էր Ձեռարուեստի Յանձնախումբին կողմէ։
Տնտեսական Յանձնախումբի անդամները պատրաստած էին նաեւ պահքի յատուկ ու համեղ “թահինով քեոֆթէ”։
Այնուհետև Շանթ Կեցցոեան հայկական ճոխ երգերու գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ ստեղծեց ուրախ մթնոլորտ եւ ձեռնարկը շարունակուեցաւ պարերով եւ բարձր տրամադրութեամբ ։
Աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ
Ներկաները անցուցին հաճելի և ուրախ պահեր։
Վերջապէս, շնորհիւ վարչութեան միասնական աշխատանքին, ձեռնարկը պսակուեցաւ յաջողութեամբ և արժանացաւ անդամներուն, բարերարներուն հրաւիրեալներուն եւ այցելուներուն բարձր գնահատանքին ։