Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի վարչութեան, Կիրակի, 30 Մարտ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ երաժշտական համերգ, նուիրուած Բարսեղ Կանաչեանի ծննդեան 140-ամեակին:
Համերգին ներկայ գտնուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչը, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչը, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետն ու երաժշտանոցի ներկայացուցիչը, համազգայնականներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երաժշտասէր հանրութիւնը:

Համերգը սկսաւ մեծանուն երաժիշտ, խմբավար Բարսեղ Կանաչեանի երաժշտական ստեղծագործութիւնը եղող Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով, որ դաշնամուրի վրայ նուագեց ուսուցչուհի Անի Պօղիկեան:
Վարչութեան խօսքը ուղղեց ատենապետ Շողեր Մուշեղեան-Հայրապետեան։ Ան անդրադարձաւ համերգի յայտագիրին, ապա տօնական օրերուն առիթով շնորհաւորեց մայրերը, ինչպէս նաեւ ուսուցիչները, որոնք երաժշտական կրթութեան ճամբով աշակերտներուն հոգեկան աշխարհը կը գեղեցկացնեն։
Օրուան հանդիսավարն էր միաւորի վարչութեան անդամ Մարիա Պօզոյեան, որ մերթ ընդ մերթ Բարսեղ Կանաչեանի կենսագրականին, նկարագրային գիծերուն եւ ստեղծագործութիւններուն անդրադարձաւ։
Երաժշտանոցի զանազան կարգերու եւ յետ աւարտական կարգի աշակերտներ հանդէս եկան հայկական եւ դասական ընտիր ստեղծագործութիւններով՝ Կանաչեանէն, Կոմիտասէն եւ Արամ Խաչատուրեանէն։
Սոլֆէժի դասարանի փոքրիկ աշակերտներու երգչախումբը խանդավառութեամբ ներկայացուց Բարսեղ Կանաչեանի ստեղծագործութիւններէն «Ծնկըլը Մնկըլը» եւ «Գիւղի Առտուն» երգերը, ղեկավարութեամբ ուսուցչուհի Սելին Ուրիշիկեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ ուսուցչուհի Անի Պօղիկեանի։ Աշակերտները գեղեցիկ եւ հոգեհարազատ երգեցողութեամբ վերապրեցուցին Կանաչեանի արուեստը եւ խանդավառեցին ներկաները։

Շրջանաւարտ եւ վարչութեան անդամ Բիւզանդ Պէպէճեան մեներգով իր մասնակցութիւնը բերաւ, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յակոբ Քիւրքճեանի, իսկ նաեւ դաշնամուրի ուսուցիչներ Ռուզան Պարսումեան եւ Եագուպ Պանտաք քառձեռն նուագով հայկական ճոխ պարի մեղեդիներ հնչեցուցին յաւելեալ փայլք տալով համերգին։

Վերջին յայտագիրով երաժշտանոցի աշակերտական լարային նուագախումբը յաջորդաբար մատուցեց Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը, «Խաղաղ Գիշեր»-ը եւ «Հայրենի Կարօտ»-ը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ ջութակի ուսուցչուհի Լուսիա Պանտաքի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Անի Պօղիկեանի։ Մեծանուն երաժիշտին ստեղծագործութիւնները ապրումով ներկայացուեցան հանդիսատեսին՝ հոգեկան անդորրութիւն պարգեւելով անոր։

Համերգի աւարտին, արժանապատիւ քահանայ հայրը փոխանցեց սրբազան հօր օրհնութիւններն ու շնորհաւորութիւնները։ Ան մեծապէս գնահատեց երաժշտական դպրոցի վարչութիւնն ու ուսուցչական կազմը՝ իրենց տարած աշխատանքին համար եւ գօտեպնդեց երաժշտասէր աշակերտները, մաղթելով, որ յարատեւ աշխատանքով երաժշտական անդաստանէն ներս կատարելագործումի հասնին։

Մարինա Պօղիկեան