Եւրոպական եւ արաբական շարք մը երկիրներ, ինչպէս Ֆրանսա, Քույէթ, Քաթար, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւննր, Սէուտական Արաբիա եւ Յորդանան հանդէս եկան հաղորդագրութիւններով, որոնց մէջ ողչունեցին անցումային նոր կառավարութունը եւ իրենց բարեմաղթութիւնները յայտնեցին կառավարութեան անդամներուն՝ իրենց ստանձնած նոր պաշտօններուն մէջ: Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Սուրիոյ եւ շեշտեցին Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջական պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
Իրենց կարգին Թուրքիոյ, Բրիտանիոյ, Սպանիոյ, Լեհաստանի եւ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնները հաղորդագրութիւններով ողջունեցին սոյն քայլը եւ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին Սուրիոյ ժողովուրդին խաղաղութեան եւ երկրին բարգաւաճման նպաստող ապագայ ծրագիրներուն աջակցելու:
Եւրպական Միութիւնը եւս ողջունեց անցումային կառավարութեան կազմութիւնը: Այս առիթով Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Քայա Քալաս հաղորդագրութեամբ յայտնեց միութեան պատրաստակամութիւնը սուրիական նոր կառավարութեան հետ գործակցելու եւ զօրակցութիւն յայտնելու անոր՝ իր դիմագրաւած տարբեր մարտահրաւէրներուն դէմ: