Երեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ֆըթըր տօնին առիթով, Հալէպի քրիստոնեայ համայնքապետերուն հետ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Հալէպի Նահանգապետ երկրչփ. Ազզամ ալ-Ղարիպին։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Հոգեւոր Պետերը Ֆըթըր տօնին առիթով իրենց շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները յայտնեցին Հալէպի նահանգապետին, հաստատելով, որ Սուրիան իր զաւակներուն մասնակցութեամբ օրինակ կը հանդիսանայ եղբայրասիրութեան եւ համատեղ գոյակցութեան։