Թէեւ առաւել քան շաբաթէ մը ի վեր Սիւնիքի մարզի Խոզնավար եւ Խնածախ համայնքներու բնակիչները «Ազատութեան» կը պատմեն յատկապէս գիշերային ժամերուն, ատրպէյճանցիներու կրակոցներուն մասին, սակայն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 31 Մարտին առաջին անգամ ըլլալով հաղորդեց, որ 30 Մարտի գիշերը ատրպէյճանցիները կրակ բացին Խնածախի ուղղութեամբ` վնաս պատճառելով բնակելի տան մը:
Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը նոյն ատեն հերքեց զինադադարը խախտելու` Պաքուի պնդումները: Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը 30 եւ 31 Մարտին, մեղադրեց հայկական կողմը՝ կրակ բանալու եւ անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով հետախուզական թռիչքներ իրականացնելու մէջ:
«Ատրպէյճանի բանակի աչալրջութեան շնորհիւ, Հայաստանի սադրիչ այդ փորձերը կանխուած են», նշած էր Պաքու՝ աւելցնելով, թէ հայկական զինուած ուժերը նաեւ «քանի մը անգամ եւ ընդհատումներով» կրակ բացած են Գորիսի, Վարդենիսի եւ Ճամբարակի ուղղութիւններէն:
«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմը առաջարկած է հրադադարի ռեժիմի (դրութեան) խախտման դէպքերու եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան համատեղ ձեւաչափ ստեղծել, որուն մինչեւ օրս Ատրպէյճանը չէ արձագանգած։ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը վերահաստատէ, որ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի դիրքորոշումին համապատասխան` պատրաստ է հետաքննելու Ատրպէյճանի ՊՆ հաղորդագրութիւնը հիմնաւորող փաստերը` անոնք ՀՀին փոխանցելու պարագային: Միեւնոյն ժամանակ ատրպէյճանական կողմին կոչ կ’ուղղենք հետաքննելու Խնածախ բնակավայրի բնակելի տան գնդակոծման փաստը եւ հանդէս գալ հրապարակային պարզաբանումներով», կ՛ըսուի Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Պաքու չարձագանգեց այս առաջարկին: Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը նաեւ յիշեցուց զինադադարի դրութեան խախտումի դէպքերը հետաքննող միացեալ գործիքակազմ ստեղծելու առաջարկը, որուն Պաքու դարձեալ չպատասխանեց:
Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեան կից հրապարակեց լուսանկարներ, որոնց մէջ կը նկատուի գետին ինկած պարկուճ մը եւ կրակոցէն վնասուած պատուհան մը: Ըստ Խնածախէն ստացուող տեղեկութիւններուն` անիկա Խնածախի գիւղապետ Սէյրան Միրզոյեանի տունն է:
Խնածախցի Կամելա Օհանեան «Ազատութեան» պատմեց, որ ձայները այնքան բարձր էին, որ կարծես իր պատուհանին տակ կը կրակէին:

Դրացի Խոզնավարի վարչական ղեկավար Վահան Զաքեան իր կարգին ըսաւ, որ նախորդ գիշեր կրակոցներուն ձայնը հեռուէն լսուած է, շատ խուլ:
Կրակոցներուն մասին տեղեկութիւնները եւ մեղադրանքները յաջորդեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրի համաձայնեցման։