ԱՄՆ քոնկրէսական Տինա Թիթուս հանդէս եկած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կրթական ծրագիր իրականացնելու նախաձեռնութեամբ։
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցումին համաձայն, ինչպէս հաղորդած է ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը, Տինա Թիթուսի նախաձեռնութեան միացած են նաեւ քոնկրէսականներ Կաս Պիլիրաքիս, Տէյվիտ Ուալաթաուն եւ Թէտ Լիւն։
Օրինագիծով առաջարկուած է 5 տարուան ընթացքին 10 միլիոն տոլար յատկացնել կրթական նիւթերու մշակման ու տարածման, ուսուցիչներու վերապատրաստման, առցանց աղբիւրներու եւ ուսումնական ծրագիրներու աջակցելու համար, որպէսզի ԱՄՆ-ի ողջ տարածքին ուսանողները տեղեկանան մարդկութեան դէմ այս անպատիժ յանցագործութեան պատճառներուն ու հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ մնայուն պատգամներուն մասին։
Տինա Թիթուս շեշտած է, որ ուսանողներուն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կրթական աղբիւրներ ներկայացնելու միտող օրինագիծը ցեղասպանութեան ժխտումին դէմ պայքարի մաս է, ինչպէս նաեւ յարգանքի տուրք ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

«Այս օրինագիծը հաւատարմութիւն է ճշմարտութեան, արդարութեան ու կրթութեան ուժին, կը միտի ապագայ սերունդներու համար աւելի տեղեկացուած եւ կարեկցող աշխարհ մը կառուցելուն», ըսած է քոնկրէսականը։
Կաս Պիլիրաքիս իր կարգին յայտնած է, որ անհրաժեշտ է ճանչնալ անցեալի վայրագութիւնները, որպէսզի կանխուի անոնց կրկնութիւնը։ «Այդ նպատակին հասնելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը կրթութիւնն ու իրազեկութիւնն են, որոնց համար ես հպարտ եմ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կրթական օրինագիծի մը համահեղինակ եմ», ընդգծած է Պիլիրաքիս։

Տէյվիտ Ուալաթաուն ըսած է, որ Օսմանեան կայսրութեան կողմէն իրականացած Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1,5 միլիոն մարդու կեանք խլած է, ուստի շատ կարեւոր է, որ այդ մութ էջը չմոռցուի։ «Այս ողբերգութեան մասին ամերիկացիներուն ուսուցանելը կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Որպէս Քոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ՝ ես հպարտ եմ, որ կ’աջակցիմ կրթական ջանքերը ամրապնդելու քայլին եւ կը վերահաստատեմ մեր հաւատարմութիւնը ճշմարտութեան ու յիշողութեան», ընդգծած է Ուալաթաուն։

Օրինագիծի մասին խօսած է նաեւ քոնկրէսական Թետ Լիւն.
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը չարի ամենասարսափելի դրսեւորումն է։ Չնայած մենք չենք կրնար 110 տարի ետ երթալ, որպէսզի կանխենք մօտաւորապէս 1,5 միլիոն հայերու սպանութիւնը, բայց մենք կրնանք օգտագործել կրթութիւնը, որպէսզի երաշխաւորենք, որ զոհերը երբեք չմոռցուին։ Այս վայրագութիւնները տևական ազդեցութիւն ձգած են Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի վրայ։ Չափազանց կարեւոր է, որ մենք երաշխաւորենք, որ ապագայ սերունդները իմանան այս կոտորածին մասին, որպէսզի նման բան այլեւս չկրկնուի», ըսած է Լիւն՝ աւելցնելով, որ ուրախ է միանալու Տինա Թիթուսի նախաձեռնութեան։