Իսրայէլական ուժերը վերջին շրջանին երկրորդ հարուածը կը հասցնեն Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութին, նախնական տուեալներով կայ 3 զոհ:
Alpha News-ը «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին փորձեց հասկնալ, թէ Պէյրութ թիրախաւորելով՝ Իսրայէլ զո՞վ կը վնասէ:
«Այս ամէնը հերթական ռազմական գործողութիւններու ազդակներ են: Հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը չի պահպանուիր, բայց այնպէս չէ, որ նախկին պատերազմական իրավիճակն է: Ճիշդ է, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ լայնամաշտապ յարձակումներ, գործողութիւններ չկան, բայց Իսրայէլ կը շարունակէ թիրախաւորուած յատուկ գործողութիւններ իրականացնել, իսկ Իսրայէլի օդուժը կը շարունակէ սաւառնիլ լիբանանեան տարածքներու վրայ: Սակայն պէտք է նշել, որ հրադադարի համաձայնութեան մէջ կար յատուկ կէտ, որուն համաձայն, երբ կողմերը կը նկատեն զինուորական առումով որեւէ տեղաշարժ կամ նախապատրաստուածութիւն, կրնան ատիկա չէզոքացնել:
Իսրայէլի զօրքերը կը շարունակեն վերահսկել լիբանանեան որոշակի տարածքներ, յատկապէս զինուորական առումով կարեւոր բլուրներ։ Յայտարարած են, որ Հիւսիսային Իսրայէլի անվտանգութիւնը չէ վերականգնած, մարդիկ չեն վերադարձած, ատոր համար ալ իրենք կը շարունակեն մնալ լիբանանեան տարածքներու մէջ», նշած է Գանտահարեան:
Պատասխանելով Alpha News-ի այն հարցումին, թէ Լիբանան կը նախապատրաստուի՞ Իսրայէլի կողմէն աւելի մեծ հարուածներու, Գանտահարեան պատասխանած է.
«Այդ վախը, սպառնալիքը կան, որովհետեւ նաեւ Թէլ Աւիւէն կը հնչեն յայտարարութիւններ, որոնցմով պատասխանատուութիւնը կը ձգեն Լիբանանի իշխանութեան վրայ, քանի որ, ըստ իրենց, լիբանանեան տարածքներէն կը հրթիռակոծուի Իսրայէլը: Նաեւ ԱՄՆ-էն հնչեցին յայտարարութիւններ, որ Լիբանանի կառավարութեան դատի կրնան տալ, քանի որ ան է լիբանանեան տարածքներէն հրթիռակոծութիւններու հիմնական պատասխանատուն: Իսրայէլի քաղաքական ուղերձները Լիբանանի վրայ հետագայ յարձակումները արդարացնելու համար են»: