Սուրիոյ աշխարհագրական, ռազմավարական դիրքը եւ հանքային հարստութիւնները զինք դարձուցած են տարածաշրջանային եւ արեւմտեան երկիրներու ուշադրութեան կեդրոնը, յատկապէս պատերազմի աւարտէն ու իշխանափոխութենէն ետք։
Սուրիան կը համարուի երեք մայր ցամաքամասերու եւ բազմազան մշակոյթներու հանդիպման կիզակէտը։ Ան Միջին Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներու միջեւ տարանցիկ առեւտուրի հանգոյց է, ինչպէս նաեւ որոշիչ գործօն՝ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան ու քաղաքականութեան մէջ։
Այս պատճառով ալ Սուրիոյ անցումային պատմական այս շրջանին, տարբեր երկիրներ, յատկապէս տարածաշրջանային ու սահմանային երկիրներ ուշադիր կը հետեւին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումներուն եւ առաւելագոյնս կ’ուզեն ապահովուած տեսնել իրենց շահերը երկրէն ներս տեղի ունեցող փոփոխութիւններու լոյսին տակ։
Այս բոլորը ի մտի ունենալով, Սուրիոյ իշխանութիւնները, հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելով եւ երկրի շահերն ու բնակչութեան ներքին համերաշխութիւնը ամրագրելով, կրնան պատմական այս փուլը վերածել վերականգնումի իսկական մեկնարկի։
Երկրի կառավարութեան կազմութիւնը առաջին քայլ էր այդ ուղղութեամբ, երկրորդ կարեւոր քայլը երկրի հարաւային եւ հիւսիսարեւելեան շրջաններու զինեալ ներկայութիւններուն հետ համաձայնութեան եզրեր գտնելն ու ողջ Սուրիոյ, յատկապէս ծովափի քաղաքներու, ապահովութիւնը ամրագրելն է։
Այս բոլորը կրնան իրականանալ, եթէ ժողովուրդի բոլոր մասնիկներու համերաշխ ու անկաշկանդ գոյակցութիւնը ապահովուի, Սուրիոյ ապահովական ուժերն ու բանակը իրենց կազմաւորման վերջնական պատկերը ստանան ու հաստատուին տարբեր քաղաքներու ապահովական գրասենեակներն ու հաստատութիւնները, որպէսզի ոչ ոք արտաքին այլեւայլ հաշիւներու զոհ կամ վրէժխնդրական արարքներու պրիսմակին մէջ քաւութեան նոխազ դառնայ։ Օրէնքը պիտի դառնայ տիրական, հիմք ունենալով սահմանադրութիւնը։
Սուրիոյ ժողովուրդի միասնութիւնը կրնայ ծառայել երկրի ներքին հարցերու լուծման, որուն լոյսին տակ կառավարութիւնն ու իշխանութիւնը ընդհանրապէս կը կեդրոնանան արտաքին քաղաքականութեան ու երկրի վերականգնումին սատարող աշխատանքներուն վրայ։
Սուրիան իր ունեցած բազմատարր եւ աշխատունակ ժողովուրդով ու աշխարհաքաղաքական դիրքով, կայուն ու միասնական մնալու պարագային, կարելիութիւն ունի թօթափելու պատերազմի աղէտալի հետեւանքները, ժողովուրդի տարբեր մասնիկներուն կրած վիշտն ու կորուստներուն մորմոքը, ու վերակերտելու սուրիական հայրենիքը՝ բոլոր տարրերուն իրաւունքներու պաշտպանութեան ու առողջ գործակցութեան վրայ հիմնուելով։
Անցումային այս շրջանին, ներքին համերաշխութիւնը այն կարեւոր հիմնաքարն է, որուն վրայ պիտի հիմնուի երկրի վերակառուցումը իր բոլոր մանրամասնութիւններով։