Ս. ԶԱՏԻԿԸ
Զատիկը քրիստոնէական գարնանային ամենագեղեցիկ ու լուսաւոր տօներէն մէկն է: Աշխարհի տարբեր երկիրներ զայն կը տօնեն իրենց յատուկ աւանդութիւններով:

Զատիկը կը խորհրդանշէ կեանքի վերածնունդը: Զատկուան օրը գեղեցիկ եւ տօնական սեղան կը պատրաստեն բոլոր տանտիկինները եւ ընտանիքով կը հաւաքուին շուրջը, կը շնորհաւորեն միմեանց եւ կ’այցելեն մտերիմներուն եւ հարազատներուն:
Մարդիկ այդ օրը աւելի առանձնայատուկ դարձնելու համար հաւկիթ կը ներկեն եւ կը ձեւաւորեն տարբեր զարդերով եւ երանգներով: Տանտիկիններ կը պատրաստեն զատկուան կարկանդակը: Սուրբ Զատիկի նախօրեակին շատեր կը յարդարեն նաեւ բնակարանները:
Ստորեւ քանի մը գաղափար՝ զատկուան սեղանը աւելի գունագեղ դարձնելու համար.
-Փորձենք հաւկիթները ներկել աւելի վառ գոյներով, որովհետեւ այս տօնը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի արիւնը եւ յարուցեալ կեանքը։ Զարդարենք զանոնք տերեւներով, ծաղիկներով, որպէսզի դառնան մեր սեղանի գեղեցկութիւնը:
-Գարնանային այս գեղեցիկ օրուան համար օգտագործենք նուրբ կանաչ գոյնը մեր սեղանին վրայ, նաեւ մանիշակագոյն, դեղին, բաց երկնագոյն սփռոց անձեռոցիկներ եւ ծաղիկներ:
-Սեղանին գեղեցիկ ու տօնական տեսք կու տան նաեւ ծաղիկները, կրնանք օգտագործել ճերմակ եւ դեղին ծաղիկներ ապակեայ ծաղկամաններու մէջ, ինչպէս նաեւ մանիշակագոյն եւ վարդագոյն կակաչներ զետեղել յատուկ ծաղկամաններու մէջ, որոնք կը կրկնապատկեն սեղանի շքեղութիւնը:

-Ցորենը եւ կանաչութիւնը վերածնունդի խորհրդանիշ կը համարուին, Զատիկէն 1-2 շաբաթ առաջ սկուտեղի վրայ փռենք բամպակը եւ անոր մէջ տեղադրենք ցորենը եւ պարբերաբար ջրենք զայն, որպէսզի մինչեւ զատիկ ցորենը ծլի, հասակ առնէ ու կանաչի։ Անոր մէջ կրնանք շարել գունաւոր հաւկիթները:
Ձեր սեղանին իւրայատուկ տեսք հաղորդելու համար, կրնաք զետեղել կենաց ծառը, զարդարուած տարատեսակ հաւկիթներով, գոյնզգոյն ժապաւէններով, թռչուններով, ծաղիկներով եւ փոքրիկ խաղալիքներով:
– Եկեղեցիէն բերուած օրհնուած իւղն ալ կարելի է տեղադրել փոքր կաւէ ամանի մը մէջ եւ զետեղել սեղանին վրայ, իբրեւ առատութեան խորհրդանիշ:
– Զատկուան սեղանէն աւանդաբար անբաժան կ’ըլլան ձուկը եւ կարմիր գինին:
– Զատկուան տօնին սովորութիւն էր նաեւ եօթը օրհնուած բաղարջ թխել՝ որպէս հարստութեան եւ առատութեան խորհրդանիշ:
Այս եօթը բաղարջները կը խորհրդանշեն Զատիկէն եօթը շաբաթ առաջ սկսած պահքը:
Բաղարջը անթթխմոր հացն էր. Յիսուս խորհրդաւոր ընթրիքի ժամանակ հացը բաժնելով ըսաւ. «Այս է իմ մարմինս»:
***
ԿԱԹՆԱՀՈՒՆՑ (Պրիոշ)
Զատկուան նախօրէին տարբեր տեսակի կարկանդակի նաեւ կաթնահունցի (պրիոշի) պատրաստութիւնը մեր աւանդութիւնն է։
Կը ներկայացնենք կաթնահունցի պատրաստութիւնը.
Բաղադրութիւն

300 կրամ ալիւր
170 կրամ հալած կարագ
3 հաւկիթ
1 թէյի տաբակ դգալ փոշի թթխմոր
3 ապուրի դգալ շաքար
Պտղունց մը աղ, շշի (մահլապ)
1 գաւաթ կաթ
Պատրաստութիւն
– Կաթը տաքցնել մեղմ կրակի վրայ եւ գաղջ կաթին աւելցնել թթխմորը:
– Մեծ եւ խորունկ ամանի մը մէջ դնել ալիւրը, մէկ-մէկ աւելցնել մնացեալ նիւթերը՝ միշտ խառնելով:
-Խմորը մէկ ժամ ձգել, որ ուռի:
– Ապա խմորը կրկին շաղել հինգ վայրկեան: Փուռի յատուկ ափսէի մը վրայ կարագ քսել եւ խմորը անոր մէջ պարպել:
– Խմորը ձգել ափսէին մէջ, որ մէկ ժամ եւս հանգչի։ Ապա տաքուկ տեղ մը դնել եւ կտորով մը զայն ծածկել: Փուռը 180 աստիճան տաքցնել եւ պրիոշը ձեւաւորել, ափսէին մէջ շարել ու եփել մօտաւորապէս 30 վայրկեան:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան