ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Շաբաթ երեկոյեան, Սուրիոյ նորանշանակ կառավարութեան յայտարարութեամբ Մուհամմետ Սամեհ ալ-Համետ նշանակուեցաւ Մարզանքի եւ Երիտասարդութեան նախարար: Սուրիոյ մարզական պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ երկրի կառավարութեան մէջ տեղ կը գտնէ մարզանքի եւ երիտասարդութեան յատուկ նախարարութիւն:
-Հալէպի պասքեթի յանձնաժողովին կազմակերպած «Յաղթանակ եւ Ազատագրում» խորագիրը կրող մրցանակի աւարտին, Ահլին պարտութեան մատնելով Ճալաաը տիրացաւ ախոյեանութեան բաժակին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՉՈՐՍ ՀԱՅ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԳԱՒԱԹԻ ՈՒՂԵԳԻՐ ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ
Ճատրակի հայ վարպետներ՝ Գաբրիէլ Սարգսեան, Ռոպերթ Յովհաննէսեան, Շանթ Սարգսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան Եւրոպայի անհատական առաջնութեան մրցումներուն ճատրակի աշխարհի գաւաթի ուղեգրեր նուաճեցին:
Գաբրիէլ Սարգսեան հաւանական 11 կէտերէն 8 կէտ վաստկեց եւ 7-րդ դիրքը գրաւեց: Ռոպերթ, Շանթ եւ Հայկ 7,5 կէտերով գրաւեցին 17-րդ, 18-րդ եւ 21-րդ դիրքերը։
Մրցանակի ախոյեան  դարձաւ գերմանացի խաղացող Մաթիաս Պլիւպաում, որ վաստկեց 8,5 կէտ: Մաթիաս դարձաւ պատմութեան մեջ առաջին ճատրակ խաղացողը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով ճանչցուեցաւ Եւրոպայի տղամարդոց ախոյեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼ ՊՐՈՒՆՈ ՖԵՐՆԱՆՏԷԶԸ
Ըստ Daily Star լրատուամիջոցին, Սպանիոյ եւ Եւրոպայի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ հետաքրքրուած է անգլիական Մանչեսթըր Իւնայթըտի 30-ամեայ փորթուկալցի կիսապաշտպան Պրունո Ֆերնանտէզի ծառայութիւններով: Արքայական ակումբը Պրունո Ֆերնանտէզը կ’ուզէ փոխարինել խումբի Խրուաթ խաղացող Լուքա Մոտրիչով, որուն հետ պայմանագրութիւնը կ’աւարտի Յունիսին: Պրունո Ֆերնանտէզի փոխադրութեան արժէքը կը հասնի 55 միլիոն եւրոյի։ Անոր պայմանագրութիւնը Մանչեսթըր Իւնայթըտի հետ նախատեսուած է մինչեւ Յունիս 2027։ Ընթացիկ մրցաշրջանին ան անգլիական խումբին հետ մասնակցած է 44 հանդիպման, նշանակած է 16 կոլ եւ կատարած 16 կոլային փոխանցում:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան