Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա շնորհաւորագիր մը ստացաւ քիմիական զէնքերու կանխարգիլման կազմակերպութեան ընդհ. տնօրէն Ֆերնանտո Արեասէն` սուրիական նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով։

Արեաս նախագահին յաջողութիւն մաղթեց Սուրիոյ խաղաղութեան նպաստող իր ծրագիրներուն մէջ։

Ան իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ անցումային շրջանին, որուն լոյսին տակ երկու կողմերը կը գործակցին՝ Սուրիոյ նախկին քիմիական սեւ էջը վերջնականապէս փակելու համար։