Երկուշաբթի, 7 Ապրիլ 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, իսլամական Ֆըթըր տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Հալէպի մուֆթի դոկտ. Իպրահիմ Շաշոյին։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Յարութ Չամիչեան։
Եղբայրական սիրոյ ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Հալէպի Մուֆթին՝ Ֆըթըր տօնին առիթով։ Անդրադարձ կատարուեցաւ ներկայիս տիրող իրավիճակին առնչուող երեւոյթներու եւ փոխ-գործակցութեամբ՝ խաղաղ եւ բարօր ապագայի յոյս յայտնուեցաւ։