Ատրպէյճանի կողմէ կալանաւորուած հայ պատանդներու ազատ արձակման նպաստելու համար ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը վեց լեզուով գործարկած է հարթակ մը, որուն միջոցով կարելի է դիմել ԵԱՀԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն` վերջիններուս կոչ ուղղելով ձեռնարկելու ԵԱՀԿ-ի իրաւասութեան ներքեւ գտնուող մեքանիզմներ, որոնք թոյլ կու տան տեղւոյն վրայ դիտարկումի ենթարկել դատավարութիւններու օրինականութիւնը, հայ գերիներու պահման պայմաններն ու անոնց առողջական վիճակը եւ հանդէս գալ համապատասխան քաղաքական դիրքորոշումով:
Իւրաքանչիւր օր կարեւոր է մեր գերիներու կեանքին համար: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում գործադրէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ` դադրեցնելու մարդու իրաւունքներու խախտումներն ու ազատ արձակելու անօրինական կերպով կալանաւորուած բոլոր բանտարկեալները:
Կը խնդրենք ստորագրել այս խնդրագիրն ու օժանդակել Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու ազատ արձակման:
Ստորեւ կը ներկայացնենք խնդրագիրի ամբողջական բովանդակութիւնը:
Ձերդ գերազանցութիւն,
Քաղաքական ընդդիմադիրներու, անկախ եւ արտասահմանեան լրատուամիջոցներու իրաւունքներու ու ազատութիւններու աճող ճնշման, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մէջ միջազգային ու մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներու պայմաններուն մէջ, ԵԱՀԿ-ի մասնակից երկիրները, որոնք հանդէս կու գան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ, այլեւս չեն կրնար անգործութիւն ցուցաբերել:
ՄԱԿ-ի շարք մը կառոյցներ, տարբեր երկիրներու ու միջազգային կառոյցների խորհրդարանական մարմիններ եւ Եւրոպական խորհրդարանը տասնեակ բանաձեւերով կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ:
Յատկապէս անյապաղ անհրաժեշտութիւն կայ ստեղծելու փորձագէտներու յանձնախումբ` ուսումնասիրելու եւ զեկուցելու այն մտահոգութիւններուն մասին, որոնք գնահատուած են իբրեւ ԵԱՀԿ-ի մարդկային հարթութեան (Human Dimension) յանձնառութիւններու կոպիտ խախտումներ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ: Առաջնային ուշադրութիւն պէտք է դարձնել քաղաքական ընդդիմադիրներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու ձերբակալման, կալանաւորման եւ դատավարութեան պայմաններուն, ինչպէս նաեւ այն գործելակերպին, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն հայազգի կալանաւորներուն: Ատրպէյճանական գործողութիւնները ատելութեան եւ ցեղային խտրականութեան ակնյայտ դրսեւորումներ են:
ԵԱՀԿ-ի համապատասխան առաքելութիւնը պէտք է գնահատէ Ատրպէյճանի դատաիրաւական գործողութիւնները հաշուի առնելով այդ պետութեան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի անդամ, յանձնառութիւնները:
Այս նպատակով մենք կը դիմենք Ձերդ գերազանցութեան, որպէսզի վճռական քայլեր ձեռնարկէք` ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի, Մարդկային հարթութեան յանձնախումբի (Human Dimension Committee) եւ ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւններու աջակցութեամբ, 1991 թուականի Մոսկուայի փաստաթուղթի 12-րդ կէտով սահմանուած գործիքակազմի` Մոսկուայի մեքանիզմի կիրարկման համար, ինչ որ արդէն իսկ կատարուած է ռուս-ուքրանական հակամարտութեան ժամանակ, ինչպէս նաեւ Պիելոռուսիոյ մէջ:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
4 Ապրիլ 2025