Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Զուարթնոց» Երգչախմբային Միաւորի Վարչութեան, Շաբաթ եւ Կիրակի 5 եւ 6 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս ժողովրդային, ազգային եւ աշուղային հարուստ երգացանկով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի շուրջ 60 տարուան կեանք ունեցող «Զուարթնոց» երգչախումբը, խմբավարութեամբ վաստակաշատ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շողեր Օհանեան-Քէհքէճեանի:
Ելոյթին ներկայ էին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդին ներկայացուցիչը, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետին ներկայացուցիչը, հոգեշնորհ հայր սուրբեր, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արա Աւետիսեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներ, հալէպահայ հաստատութիւններու, մշակութային, բարեսիրական,մարզական եւ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երաժշտասէր հանրութիւն։
Օրուան հանդիսավարն էր Սարգիս Սարգիսեան, որ մերթ ընդ մերթ ելոյթի յայտագիրին մասին հակիրճ բացատրութիւն տուաւ ներկաներուն:
Ելոյթի Ա. բաժինը սկսաւ Կոմիտասի «Ազգային Օրհներգ»-ով, որուն յաջորդեց «Գոհութիւն»-ը (Ս. Պատարագէն հատուածով), որուն մշակումը կատարած է երջանկայիշատակ Մեղրիկ Արք. Բարիքեան: Այնուհետեւ հնչեց Է. Յակոբեանի մշակումով «Գողթնի Քնարք»-ը: Երգչախումբը Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն խմբերգային շարք մը ներկայացուց ներկաներուն: Ապա Արմէն Տիգրանեանի «Անոյշ» օփերայէն հատուածներով յայտագիրի Ա. բաժինը ամբողջացաւ:
Յայտագիրի Բ. բաժինը սկսաւ Սայաթ Նովայի խմբերգային շարքով, որ մշակումն էր Դ. Պօղոսեանի եւ Հ. Անասեանի: Ապա երգչախումբը մատուցեց ժողովրդային երգերու շարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբը, «Ղափամա»-ի երգեցողութեան ընթացքին: Այնուհետեւ երգչախումբը գուսան Շահէնի ստեղծագործութիւններէն ժողովրդական երգերու շարք մը ներկայացուց, որմէ ետք՝ Ա. Մանդակունեանի «Տարիներ-Տարիներ» երգը: Անոր յաջորդեց արաբական աշխարհի սիրուած երգչուհի Ֆէյրուզի երգերէն փունջ մը, որուն ընթացքին, «Քան ալ-Զաման Ու Քան» երգին՝ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Շուշի» պարախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ՝ խանդավառութիւն ստեղծելով սրահէն ներս:
Հայրենասիրական երգերը յատուկ տեղ կը գրաւէին ելոյթի երգացանկին մէջ: Ռ. Մխիթարեանի «Ես Քո Արցախն Եմ, Դու Իմ Հայաստանը» երգը խմբավարին ցուցմունքով եւ առաջնորդութեամբ երգուեցաւ ներկաներուն խանդավառ մասնակցութեամբ: Վերջապէս, երգչախումբը մեկնաբանեց «Կեանքս Հայրենիքին» հայրենասիրական երգը (երժշտ. Հայկօ), որ դէպի երկինք բարձրացող աղօթք մըն էր ու Ամենակալէն կը խնդրէր, որ զինուորին ուժ եւ մայրերուն յոյս պարգեւէ:
Յիշենք, որ շարք մը երգերու երժշ. մշակումը կատարած էր խմբ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանը։
Ելոյթի աւարտին, հանդիսավարը բեմ հրաւեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեան, որ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին՝ «Զուարթնոց» երգչախումբին հետ որպէս խմբավար իր տասնամեայ վաստակին համար, ապա ան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքի յուշանուէր փոխանցելու վաստակաշատ խմբավարին:
Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը ուղղելով բարձր գնահատեց «Զուարթնոց» երգչախումբի խմբավարը եւ անոր մաղթեց նորանոր նուաճումներ եւ յաջողութիւններ:
Ելոյթը աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Աննա Մաթոսեան