Հայոց փափկասուն տիկիններու մեղուափեթակը հանդիսացող Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը որպէս հայկական աւանդութիւնները պահպանող կանացի բարեսիրական կազմակերպութիւն, այս տարի եւս գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած Մայրերու Օրուան տօնը յիշատակեց ՍՕ Խաչի Շրջ․ Վարչութեան կազմակերպած Մայրերու Օրուան հանդիսութեամբ, Հինգշաբթի, 27 Մարտ 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 4։30-ին, ԱՄԺ Տան «Լ․ Շանթ» սրահէն ներս։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մակար Սրբազան Արք․ Աշգարեան։ Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ հոգեշնորհ Տ․ Արմէն Աբղ․ Գալաճեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչը, Ազգ․ Վարչութեան, ՍՕ Խաչի Շրջ․ Վարչութեան ներկայացուցիչներն ու ազգային, բարեսիրական հայրենակցական, մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծաթիւ խաչուհիներ։

Հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՕՄ-ի եւ ՍՕ Խաչի զոյգ օրհներգներով։ Ապա օրուան հանդիսավար՝ Հուրի Տէրտէրեան-Տիլպէրեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու երախտաւոր խաչուհիներու յիշատակը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՍՕ Խաչի Շրջ․ Վարչութեան անդամ Նարդիկ Կիրակոսեան ու ըսաւ․ «Ո՛չ լեզուն եւ ո՛չ գրիչը կարող են ճշգրիտ հարազատութեամբ արտայայտել զօրութիւնը, գեղեցկութիւնն ու ազնուականութիւնը մայր բառին եւ մայրական սիրոյն։ Հայ կինը եւ հայ մայրը քրիստոնէական հաւատքով ու սրբութեան շնորհքներով զարդարեցին իրենց էութիւնը եւ անոնց ընդմէջէն արժեւորեցին իրենց անձն ու գործը՝ իբրեւ աւանդապահ, իբրեւ նահատակ եւ իբրեւ մայր»։ Ապա անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մօր դերակատարութեան, դիտել տալով որ իւրաքանչիւր հերոս միշտ իր կողքին ունեցած է մայր մը, կին մը կամ քոյր մը։

Ապա շարունակելով ըսաւ, որ ազգի ու հայրենիքի տառապանքէն ծնունդ առաւ հսկայ այն կաղնին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որ գթասրտութեան ու մարդասիրական վեհ սկզբունքներով, խոր հաւատքով ու աննկուն կամքով գործեց, կարգախօս ունենալով «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» հեռանկարը։

Կիրակոսեան եզրափակելով ըսաւ, որ այսօր խոր յարգանքով կը խոնարհինք հսկայ կաղնիին՝ Հայ Օգնութեան Միութեան 115-ամեայ երթին առջեւ։ ՀՕՄ-ը իր հաստատուն թեւերը տարածեց աշխարհի չորս ծագերուն։ Անկէ ծնունդ առաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը, որ իր 106-ամեայ պատմութեան ընթացքին կամաւոր բանակի սկզբունքով գործեց՝ համահայկական եւ ազգային իտէալներու ի խնդիր։ Գործեց նուիրումով եւ անշահախնդրօրէն ու շաղկապեց հին ու նոր սերունդը սիրոյ, յոյսի, հաւատքի ու հաւատարմութեան ուղիին՝ ընթանալու միութեան տեսլականով։ ՍՕ Խաչը հայ ժողովուրդի մշակութային արժէքները, որպէս աւանդութիւն փոխանցեց սերունդ է սերունդ, որովհետեւ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը ամրապնդողը աւանդութիւնն է։
Այնուհետեւ հանդիսավարը ներկայացուց օրուան բանախօս, կրթական մշակ Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեանի կենսագրական տուեալներն ու գործունէութիւնը։
Բանախօսը վեր առաւ մօր դերը հայ գրականութեան, մշակոյթին ու սուրիահայ կեանքին մէջ։ Ապա անդրադարձաւ հայկական աւանդութիւններուն, օրինակներ բերաւ ու վերլուծեց անոնց դերը հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր կերտուածքին ու գոյատեւման մէջ։ Ապա շնորհաւորեց բոլորին Մայրերու տօնը։ Բանախօսութիւնը ամբողջութեամբ կարդալ «Գանձասար»-ի Ապրիլ Ա․ համարին մէջ։
Օրուան խորհուրդին առնչուող գեղարուեստական յայտագիրը հրապուրեց ներկաները։ Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալները․ Գարօլին Քէշիշեան իր քաղցրահունչ ձայնով մեկնաբանեց Համօ Սահեանի «Մայրս» քերթուածին երգը, Լիւսի Տէր Յովհաննէսեան իր հոգեզմայլ կատարողութեամբ մեներգեց արաբերէն երգեր Ֆէյրուզէն, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Մկօ Ղազարեանի։ Հայաշունչ ասմունքով ելոյթ ունեցան Արինա Պօշկէզէնեան եւ Համազասպ Շաքարեան, որոնք ներկայացուցին Ներսէս Հատիտեանի «Ի՞նչ Է Արդեօք Գաղտնիքը» քերթուածը։
ՍՕ Խաչի Շրջ․ Վարչութեան խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի Զեփիւռ Գէորգեան։ Ան ողջունեց մայրերը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, շեշտելով որ մայրերու սիրոյ եւ զոհողութեան շնորհիւ մեր ընտանիքները կը պահեն իրենց արժէքները։ Մայրերը մեր տուներուն ջերմութիւնն են, մեր ժառանգութեան շարունակողները եւ մեր լեզուի ու մշակոյթի պահապաններն են։ Շարունակելով իր խօսքը Գէորգեան ըսաւ․ «Մեր համայնքային կեանքի «Մայր» կերպարը եղած է ՍՕ Խաչը, որ իր առաքելութեամբ միշտ կանգնած է մեր զաւակներու, ընտանիքներու եւ ամբողջ հայութեան կողքին։ Մեր կազմակերպութեան գործունէութիւնը ընդգրկած է ոչ միայն մշակութային աջակցութիւն, այլեւ հասարակական ծառայութիւններ, ինչպէս է, օրինակ, մեր դարմանատունը, որ նուիրուած է ժողովուրդի առողջական կարիքներուն։ Ան յիշեց նաեւ այս տարուան զուգադիպող երեք կարեւոր յոբելեաններ․
– ՀՕՄ-ի 115-ամեակը․ կազմակերպութիւն մը, որ իր նուիրումով ու ծառայութեամբ դարաւոր սիւն մըն է կանգնած հայ համայնքներու կողքին։
– ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի Կաթողիկոսութեան 30-ամեակը, որուն պատգամը «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորում Տարի» խորագրով մեզ կը յիշեցնէ մեր հոգեւոր ու ազգային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը։
-Նստավայրի մասնաճիւղերուն անուանակոչութեան 40-ամեակը։

Գէորգեան նկատել տուաւ, որ այս օրերուն, երբ կը մօտենանք Մեծ Եղեռնի 110-ամեակին, կը յիշենք հայ մօր հսկայական դերը մեր ազգի գոյատեւման մէջ։ Հայ մայրը նոյնիսկ աւազներու վրայ չմոռցաւ իր զաւակներուն այբուբեն սորվեցնել։ Ան ոչ միայն ընտանիքի հիմքն է, այլեւ լեզուի, մշակոյթի եւ ազգային ոգիի պահապանը։ Մայրերը դարձան մեր գոյատեւման խորհրդանիշը եւ այսօր կ՚ոգեկոչենք այն մայրերուն յիշատակը, որոնք իրենց զոհողութեամբ կերտեցին ազգին ապագան։ Եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ․ «Մեր պարտականութիւնն է մայրերուն եւ մեր առաջնորդներուն օրինակին հետեւիլ նուիրումով, սիրով եւ հաւատքով»։

Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ Սիրան Աւընեան- Ամպարճեանը՝ արտասանելու Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը։ Ան մեծարեց «Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որ ծննդոցէն ի վեր, միութենական դաւանագիրքին մէջ ամրագրած է մեծատառ եւ յստակ մէկ հասկացութիւն՝ նուիրում։ Այդ բարոյական նուիրումին բարձրակէտը կը հանդիսանան անձնազոհութիւնն ու անձնուրացութիւնը, մարդկային այն արժէքները, որոնք մեզի փոխանցուած են Հայ Օգնութեան Միութեան անցեալի եւ ներկայի նուիրեալ առաջնորդներուն եւ գործիչներուն շնորհիւ։ 115 տարեկան ՀՕՄ-ի կորիզն ու էութիւնը հայ կինն է, հայ մայրն ու դուստրը, միանգամայն տարեցն ու երիտասարդը։

«Հայ կնոջ մշտանորոգ աւիւնն է, որ կը կենսագործէ միութեան ընդարձակ հոգեկան ու ֆիզիքական կառոյցը՝ վիթխարի, հուժկու եւ միեւնոյն ժամանակ նրբազգաց մօտեցումով։
«ՀՕՄ-ուհիին կամ խաչուհիին տիպարը կը մարմնաւորէ միութեան մարդասիրական նկարագիրը, որ անխուսափելիօրէն կ՚արտացոլայ իր 115-տարիներու պատմութեան էջերէն։
«Հայ մայրը կենդանի մատեանն է մեր գոյութեան ու քրմուհին, որ ոչ միայն գիտցած է վառ պահել իր օճախը, այլ նաեւ՝ անշէջ պահել ժողովուրդին բարքերն ու սովորութիւնները, արուեստն ու մշակոյթը զայն փոխանցելով սերունդէ-սերունդ»։

Աւարտին, ան Կեդրոնական Վարչութեան անունով շնորհաւորեց բոլոր մայրերը նաեւ պարգեւատրուող ընկերուհիները ու ըսաւ․ «Յիսնամեայ վաստակ ունեցող ազնի՛ւ ընկերուհիներ, ձեր վարձատրութիւնն ու հոգեկան բաւարարութիւնը ստացած էք ձեր իսկ ազգանուէր ծառայութեան ընդմէջէն եւ վստահ ենք, որ պիտի շարունակէք ձեր առաքելութիւնը փոխանցելով այդ ջահը յաջորդ սերունդներուն»։

Շրջ․ Վարչութեան ատենապետուհին շնորհակալական խօսք ուղղեց գերաշնորհ Տ․ Մակար Սրբազան Արք․ Աշգարեանին, որ միշտ ՍՕ Խաչի կողքին է իր օրհնութեամբ եւ խօսքերով, քաջալերելով եւ ոգեշնչելով ՍՕ Խաչի նուիրեալ աշխատանքը։ Այնուհետեւ հրաւիրեց հոգեշնորհ Տ․ Արմէն Աբղ․ Գալաճեանը իր օրհնութիւնը տալու։
Շրջ․ Վարչութինը, որպէս երախտագիտական արտայայտութիւն խորհրդանշական պարգեւով մը գնահատեց օրուան բանախօս Սիւզի Խշուաճեանը, որուն խօսքերը հպարտութիւն ու ջերմութիւն ներշնչեցին եւ ուժ տուին վերարժեւորելու մեր աւանդութիւններն ու փոխանցելու զանոնք գալիք սերունդներուն։

Այս տարի Շրջ․ Վարչութիւնը գնահատելի գաղափարը յղացած էր պարգեւատրելու ձեռարուեստի յանձնախումբը, որ տարիներու ընթացքին իր նուիրումով եւ ստեղծագործութեամբ, ոչ միայն կը պահպանէ այլեւ ծնունդ կու տայ հայկական ձեռագործ աւանդութիւններու։ Աւելին․ ան ժառանգութիւնն ու արուեստը կը փոխանցէ նոր սերունդին։ Ուստի առ ի երախտագիտութիւն յանձնախումբի տարբեր կազմերու նուիրեալ աշխատանքին, ան պարգեւատրման կ՛արժանանայ։ Ձեռարուեստի յանձնախումբի ատենապետուհի Սեդա Կէտիկեան ձեռարուեստի յանձնախումբերու բոլոր անդամներու անունով Շրջ․ Վարչութեան կողմէ համապատասխան գնահատագիր ստացաւ։
Աւարտին բեմ հրաւիրուեցան ՍՕ Խաչի շարքերէն ներս 50 տարուան բեղուն ծառայութիւն ունեցած եւ իրենց անսակարկ նուիրումը բերած ընկերուհիներ՝ ստանալու ՀՕ Միութեան գնահատագրերը։

Պարգեւատրուեցան հետեւեալ ընկերուհիները․ Հերմինէ Զէյթճեան, Անի Առաքելեան, Մակի Տէյիրմէնճեան, Ժիւլիէթ Եսայեան, Սեդա Տէր Յովհաննէսեան, Մարալ Ժամկոչեան, Անժէլ Քէօշկէրեան եւ Սեդա Տէր Աբրահամեան։
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց հոգեշնորհ Տ․ Արմէն Աբղ․ Գալաճեան, որ մեծարեց հայ մայրը եւ շեշտեց Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի կարեւոր դերը հայ կնոջ կենսագործման ու ծառայութեան մէջ։

Սոնա Զամպագճեան-Ճարպիկեան