Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան բռնի տեղահանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի լուծարման վերաբերեալ հրամանագիրի հրապարակումէն ետք խնդիրը դուրս եկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգէն, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ի պատասխան` յայտնած են Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն:
«Նախապէս քանիցս յայտարարած ենք, որ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանը աշխատանքներ կը տանէր Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու ապահովման, նաեւ այդ խնդիրներու հասցէագրման միջազգային մեքանիզմի ստեղծման ուղղութեամբ: Ատոր միտուած էին նաեւ երրորդ երկիրներու մէջ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու հանդիպումներու կազմակերպման ջանքերը, որոնք մերժուեցան Լեռնային Ղարաբաղի կողմէ: Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան բռնի տեղահանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի լուծարման վերաբերեալ հրամանագիրի հրապարակումէն ետք խնդիրը դուրս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգէն», նշած են Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն: