Արտաքին Գործոց Նախարարութեան (այսուհետեւ՝ ԱԳՆ) պատասխանատու աղբիւրը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ ԱԳ նախարարը որոշում գոյացուցած է Ռուսիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դեսպանները տեղափոխել Դամասկոսի կեդրոնական վարչակազմ՝ դիւանագիտական վերադասաւորումներու լոյսին տակ։
Աղբիւրը նշեց, որ երկու դեսպանատուները պիտի ղեկավարուին ժամանակաւոր հաւատարմատարներու կողմէ, մինչեւ որ նախագահը յառաջիկային պաշտօնապէս նշանակումներ կատարէ երկու պաշտօնները փոխարինողներուն գծով։