ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՎԵՐՋԻՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
«Գանձասար»-ի այս սիւնակը կը միտի իրազեկ դարձնել հասարակութիւնը զինք հետաքրքրող սուրիական օրէնքներուն։ Առ այդ, պատրաստակամ ենք ընդունելու օրէնքներու վերաբերող ձեր լուսաբանական հարցումները եւ թերթին ճամբով պատասխանելու անոնց։
Ձեր հարցումները կրնաք ուղարկել հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէին (E-mail) mariavaroujankaprielian@hotmail.com։
Մեր իրաւունքները պաշտպանուած են օրէնքներով՝ իմանանք եւ պաշտպանուինք։
«Գանձասար»
***
Դատական համակարգին առնչուած մեր վերջին զեկոյցէն ետք հետեւեալ նորութիւնները արձանագրուեցան.
ա. -Վերսկսան գործել անձնական տուեալներու տրամադրման (անհատական տոմարական տնօրէնութիւն) կեդրոննները (անհատական, ընտանեկան, ծննդեան, մահուան, ամուսնութեան, ապահարզանի յայտեր)։
Նշեալ կեդրոններու պարտականութիւններուն մէջ կ’իյնայ նաեւ իրողութիւններու (ծնունդ, ամուսնութիւն, մահ, եւ այլն) արձանագրման պարտականութիւնը, սակայն մինչեւ այս յօդուածի լոյս ընծայման թուականը, այս գործը կասեցուած է։ Նոյնիսկ այս առնչութեան դատական վճիռներու գործադրութիւնը տեղի չ’ունենար։
Առայժմ կասեցուած է նաեւ տուեալներու սրբագրութեան գործը (անունի, մականունի, թուականներու եւ այլն) թէ՛ դիմումով, թէ՛ դատական վճիռով։
Այսուհանդերձ, համաձայն կարգ մը տեղեկութիւններու՝ երկրի տարածքին քաղաքացիական տոմարի միաւորման եւ կեդրոնական տոմարին հետ աղերսման աշխատանքները աւարտին հասած են եւ շատ կարճ ժամանակ անց վերեւ նշեալ գործառոյթները պիտի վերսկսին:
բ. -Դատապարտուածութեան յայտերու պարագային փոխանցենք, որ քրէական անվտանգութեան այն կեդրոնները, որոնք նախապէս այս փաստաթուղթը կը տրամադրէին, առայժմ չեն տրամադրեր, որովհետեւ նշեալ կեդրոնը Հալէպի մէջ իշխանափոխութիւն տեղի ունեցած օրը այրած է։ Սակայն փոխարէնը կարելի է դիմել ընդհանուր դատախազութեան։ Դատախազութիւնը դիմումը կը յղէ գաղթի եւ անցագրի վարչակեդրոն, ուր կը կատարուի հարցի ստուգում եւ ըստ այդ համապատասխան պահանջքին պատասխան կը տրուի։
գ. -Դատական նիստերը վերսկսած են գումարուիլ, աշխատանքները հետզհետէ կը բնականոնանան։
դ. -Առուծախի աշխատանքները տակաւին կասեցուած են։ Ելեւմտային տնօրէնութեան մօտ առքուվաճառքի միայն քանի մը փուլ կարելի է աշխատիլ, իսկ աւարտական փուլ կարելի չէ հասնիլ։ Փոխարէնը կարելի է գնելու կամ ծախելու գործողութիւնը դատարանի ճամբով կատարել, պահանջուած գործողութեան վճիռը ստանալ եւ գործադրութիւնը յետաձգել մինչեւ գործընթացի շարունակութեան համապատասխան հրամանի արձակումը։
ե. -Առուծախի լիազօրագիր կարելի է տալ միայն դատական լիազօրագրերու ճամբով, այսինքն՝ միայն փաստաբաններու, իսկ քաղաքացիներու միջեւ նման լիազօրագրերու ձեւաւորումը տակաւին արտօնուած չէ։
զ. -Անձնական իրաւանց դատերու արձանագրութիւնը սկսած է, սակայն որովհետեւ կոչնագրերու գործընթացը չէ վերսկսած, ապա դատանիստերը յաջորդաբար կը յետաձգուին։
է. -Ցամաքային եւ ծովային անցքերու ընդհանուր յանձնաժողովի որոշումով՝ 8 Դեկտեմբեր 2024-էն առաջ՝ Մաքսային նախկին տնօրէնութեան կողմէ մաքսային դատերու խնդրոյ առարկաներուն պարտադրուած ճամբորդութեան արգելքի գործառոյթը վերցուեցաւ։
Փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան