Մեզմէ շատեր այն համոզումը ունին թերեւս, թէ ամէն բարերար անպայման ու ի բնէ «ազնուահոգի» կ’ըլլայ։ Կը մտածենք, որ եթէ բարերար անձը ազնիւ ու ծառայակամ չէ՝ կրնա՞յ բարեգործութիւններ կատարել շարունակ, կրնա՞յ անսակարկ պատրաստակամութեամբ ընդառաջել ազգային շրջանակներէ իրեն ուղղուած դիմումներու, կրնա՞յ անվարան ու անտրտունջ գոհացում տալ մեծ ու փոքր նիւթական խնդրանքներու…։
Անշո՛ւշտ որ բարերարութիւնը նկարագրի ազնիւ գիծ մը, հոգիի վեհանձնութիւն մը, ազգային տոհմիկ զգացումներու առկայութիւն մը կ’ենթադրէ բարերարին անձին մէջ, սակայն ամէն բարերար իրապէս ազնուահոգի՞ է…։
Թող ո՛չ ոք գայթակղի նման հարցադրումէ մը։ Կան բարերարներ, որոնք քսակ կը բանան «երեւելի» դառնալու մարմաջով։ Ուրիշներ՝ բեմերէ եւ մամուլէ գովասանքներ լսելու դիտումով…։
Բայց կա՛ն անշուշտ իսկական ազնուահոգիներ ալ, որոնք կու տան լիաբուռն՝ առանց որեւէ ակնկալութեան, առանց դոյզն յայտարարութեան։ Պարզապէս՝ որովհետեւ սրտի պարտք ու բարոյական տուրք կը սեպեն բարերարութիւնը…։
* * *
Այս նախաբանը ըրի Ֆրանսահայ բարերար Տիգրան Ճիէրճեանի մահուան բօթը հաղորդելու համար։
Անցնող Դեկտեմբերի կէսերուն էր, որ անձնական նամակէ մը իմացանք անցումը այս բարի ու ազնիւ մարդուն, որուն գիտակցական ամբողջ կեանքը անցեր էր անհամար բարերարութիւններու մարաթոնի մը ընդմէջէն…։ Բայց զարմանալին ու ընդվզեցուցիչ պարագան այն էր, թէ մամուլի մէջ (առաջին հերթին՝ Ֆրանսահայ մամուլը) ո՛չ մէկ մահազդ, ո՛չ մէկ մահագրական, ո՛չ մէկ լուր հրատարակուեցաւ իր մասին։ Աւելի յետոյ պիտի իմանայինք, թէ ողբացեալը այդպէ՛ս կտակած էր. փափաքած ու պահանջած էր, որ իր մասին ոչինչ գրուի…։ Ընտանիքն ալ, ըստ երեւոյթին, բծախնդրօրէն հաւատարիմ մնացեր էր այդ հուսկ խնդրանքին…։
* * *
Եւ ահա, իր մահէն ասդին՝ միա՛կ գրաւոր արտայայտութիւնը համացանցային մամուլի մէջ։ Հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն մը, այն ալ՝ ի Հալէպ։
Արդարեւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի կայքէջը, դիմատետրի իր էջին վրայ,  կը տեղեկագրէր.
_ Կիրակի, 26  Յունուար 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագի, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ ֆրանսահայ ազգային բարերար Տիգրան Ճիէրճեանի մահուան քառասունքին առիթով։
Հալէպի մէջ հոգեհանգստեան այսպիսի արարողութիւն մը ենթադրել կու տայ բնականաբար, թէ բարերարին տաքուկ ձեռքը կարկառէր էր մինչեւ այս ափերը՝ իր այնքան սիրած «երազային Հալէպը»…։
* * *
 Ո՞վ էր Տիգրան Ճիէրճեան։
Կենսագրական ո՛չ մէկ տուեալ ունիմ իր մասին։ Ծննդեան թուականն անգամ յայտնի չէ ինծի, սակայն կ’ենթադրեմ թէ 85-ամեայ էր, թերեւս ալ քիչ մը աւելի։ Կու գար տոհմասէր ընտանիքէ մը, որովհետեւ բազմիցս լսած եմ իր հօր՝ Մուշեղ Ճիէրճեանի մասին, որ նմանապէս բարերար ու գործուն դէմք մը եղած էր ֆրանսահայ գաղութին մէջ, տասնամեակներ շարունակ։ «Յառաջ»-ի շրջանակին մէջ յարգանքով կը խօսուէր անոր մասին։ Ան ՀԲԸՄ-ի երկարամեայ նախագահ ու ազգային մեծանուն բարերար Ալեք Մանուկեանի անմիջական գործակիցներէն մին եղեր էր ու այդ ճամբով ալ՝ մաս կազմեր էր միութեան Եւրոպայի Կեդր. Յանձնախումբին, վարեր էր միութեան Զուիցերիական Ընկերակցութեան վարիչ-մարմինի փոխնախագահի պաշտօնը, 70-ական թուականներուն ընտրուեր էր ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան փոխնախագահ, մի՛շտ ալ կատարելով մեծագումար նուիրատուութիւններ։
Յստակ է, որ հայր Ճիէրճեան իր բարերարի ջահը կրցեր էր փոխանցել իր զաւկին՝ Տիգրանին։ Տիգրան այդ ջահը վե՛ր բռնեց պատուով։ Եւ որովհետեւ ճարտարարուեստի մարզին մէջ հասեր էր բարգաւաճ դիրքի մը՝ ուստի քսակը լա՜յն կը բանար մշակութային, հրատարակչական թէ ազգային ամէն նախաձեռնութեան առջեւ։ Տեւաբար նեցուկ կը կանգնէր ֆրանսահայ մամուլին, յա՛տկապէս երբեմնի «Յառաջ» օրաթերթին ու անոր յաջորդ «Նոր Յառաջ»-ին։ Կողակիցը ֆրանսուհի էր. կ’ապրէին Մոնաքոյի մէջ, Միջերկրականի ափին։
Ողբացեալ պր. Տիգրանը անձամբ ճանչցած եմ դեռ 90-ականներու վերջերէն, Հալէպի մէջ, ուր եկած էր իր ամառնային արձակուրդն անցընելու։ Փնտռած ու գտած էր իմ հասցէն ու եկած՝ ողջունելու նուաստս, դրուատելու իմ գրական ու լրագրական աշխատանքները։ Քաջածանօթ էր իմ անունին՝ մամուլէն,  մա՛նաւանդ «Յառաջ»-ի իմ յօդուածներէն։
Տարիները սահեցան արագ-արագ։
2016-ին երբ Հալէպի մեր առաջնորդ սրբազանը՝ Շահան արք., իր իսկ հիմնած «Այգ» մատենաշարով հրատարակութեան տուաւ իմ «Դեգերումներ Հայ Գիրի Ու Պատմութեան Գետեզրին» հատորաշարքին առաջինը, զարմանքով տեսայ, թէ ներքին անուանաթերթին կռնակը դաջուած էր սա՛ նշումը. «Ի յիշատակ Ծաղիկ Ճիէրճեանին, ծնեալ՝ Ստեփանեան»։ Միայն ա՛յսքան։
Ուրեմն, գրքիս մեկենասը ի՛նք էր՝ Տիգրան Ճիէրճեանը, որ ըստ իր աւանդական սկզբունքին՝ բարերարութիւն ըրեր էր առանց իր սեփական անունը յառաջ մղելու…։ Տուած էր՝ ի յիշատակ իր թանկագին մօր…։
Վերոնշեալ պատումը կրկնուեցաւ 3 անգամ։
2018-ին հրատարակուած իմ «Դեգերումներ…»-ու Բ. հատորը եւս (կրկին Շահան սրբազանի հոգածութեամբ) ունեցաւ նոյն նշումը՝ «Ի յիշատակ Ծաղիկ Ճիէրճեանին»։ Երրորդը (2022)՝ նոյնպէս։ Փաստօրէն «Դեգերումներ…»-ու իմ եռաշարքին մեկենասը միշ՛տ ու մի՛շտ Տիգրան Ճիէրճեանն էր, լռիկ-մնջիկ ու սիրայօժար, պարզապէս որովհետեւ շա՛տ կը գնահատէր իմ յօդուածները, հաճոյքով կ’ընթերցէր զանոնք, եւ որովհետեւ կը սիրէր «՛՛նիւթը ոգիի փոխակերպել՛՛, նախ անով շնչելու համար ի՛նք, ապա շնչաւորելու համար իր շուրջբոլորը», ինչպէս արձանագրեր էի Գ. հատորիս յառաջաբանին մէջ։
Դեռ վերջերս, իր մահէն ընդամէնը երեք շաբաթ առաջ, բարեկամի մը միջոցաւ լուր ղրկեր էր ինծի, թէ շա՛տ հաւներ էր Անդրանիկ Ծառուկեանի մասին իմ վերջին յօդուածը…:
Տիգրանը մեկնեցաւ այս աշխարհէն՝ լոյս մը թողլով իր ետին։
Այդ լոյսը կը ճառագայթէ, կը պսպղայ փայլուն աստղերու պէս, որքան ալ ինք հետամուտ ըլլար քողարկելու այդ շողարձակումները…։
Հանգի՜ստ՝ իր վաստակաբեկ ոսկորներուն:
Լեւոն Շառոյեան