Սուրիոյ Մէջ Հայերու Հնագոյն Ներկայութեան Մասին
(Է.)
Հայերու Յարաբերութիւնները՝ Հռոմէական Սուրիոյ Հետ
Հռոմէացիները Սուրիոյ մէջ ընդհանրապէս նոր քաղաքներ չէին հիմնած, սակայն ընդարձակած եւ ամրապնդած էին նախկին քաղաքները, ինչպէս Անտիոքը, նաեւ Լաւոդիկէն (Լաթաքիան), որ այդ օրերուն հանդիսացած էր ծովեզերեայ գեղեցիկ քաղաք մը, իր փառաւոր նաւահանգիստով եւ բարեբեր հողատարածքներով, նաեւ հարաւային Սուրիոյ Պոսրա եւ Բեդրա քաղաքները։
Արդ, Բեդրա քաղաքը Տրայիանոս կայսեր (90-117թթ.) կողմէ վերածուած էր ապահովական խարիսխի մը, պաշտպանելու վաճառականական այն ճանապարհները, որոնք Եփրատ եւ Տիգրիս գետերու շրջանի քաղաքները կը կապէին ծովեզերքի ճանապարհներուն հետ, անցնելով սուրիական Փալմիրէն, նաեւ այն ճանապարհները՝ որոնք Դամասկոսը կը կամրջէին Հորանի, Մովաբի եւ Արաբական թերակղզիին հետ։
Նոյնպէս եւ Պոսրա քաղաքը, որ դէպի Դամասկոս, Միջերկրական ծով, Կարմիր ծով եւ Պարսից ծոց ուղղուած առեւտրական կարաւանային ճանապարհներու հանգուցակէտը հանդիսացած էր։ Տրայիանոս կայսրը ընդարձակած, պարսպապատած էր քաղաքը եւ կոչած էր «Նովա Տրայիանոս Պոսրա», մինչ Դիոկղետիանոս կայսեր տիրապետութենէն ետք (284-305թթ.)՝ ան դարձած էր «արաբներու երկրի» նահանգին մայրաքաղաքը։

Միաժամանակ, Դամասկոս, Էմէսա (Հոմս), Տիւրոս (Սուր), Սիդոն (Սայտա), Ապաֆամիա (Համա), Հալէպ եւ այլ սուրիական քաղաքներ, առեւտրական, ճարտարարուեստական եւ երկրագործական կեդրոններ դարձած էին, մեծ եկամուտ ապահովելով Հռոմի, եւ զուգահեռաբար ամրապնդելով ու զարգացնելով փոխյարաբերութիւնները։
Փոխադարձաբար, հռոմէացիները երկիրը փրկած էին ներքին հակամարտութիւններէն եւ արտաքին թշնամիներէն։
Այստեղ հարկ է վերբերել այն հանգամանքը, թէ ի դէպ Սուրիոյ ամէնէն հին կարաւանային քաղաքներու պատմութիւնը ցարդ պարզաբանուած չէ, ուր պեղումները մասնակի բնոյթ ունին, իսկ արձանագրութիւնները ամբողջական չեն, նոյնիսկ պարսկական եւ Սելեւկեան ժամանակներու յատուկ տեղեկութիւնները բաւարար չեն բնորոշուած, բայց պարագան նոյնը չէ Սելեւկիոյ, Փալմիրի եւ Տորա-Օրոբուսի (Եւրոբուսի) համար, կարաւանային առեւտուրի երեք կարեւոր քաղաքներ, որոնք հելլենիստական-հռոմէական իրենց մշակոյթով յատուկ տեղ կը գրաւեն Սուրիոյ պատմութեան մէջ։
Յիշարժան է, թէ Տորա-Օրոբուս (Եւրոբուս) մակեդոնական բերդաքաղաք-գաղութ մըն էր, հիմնուած էր պաշտպանելու Եփրատ գետի ճանապարհը եւ այն ռազմական կէտերը, որոնցմէ կարելի էր դիւրաւ կտրել գետը։ Մեծ հաւանականութեամբ Սելեւկեաններուն համար այս ճանապարհը յատուկ կարեւորութիւն ներկայացուցած էր, երբ նախ անոնք տիրած էին փոքր Ասիոյ ու Պարսկաստանի, ապա իրենց մայրաքաղաք Անտիոքը միացուցած էին Սելեւկիային։ Այլ խօսքով, այս ճանապարհը հաղորդակցութիւնը դիւրացուցած էր Սուրիոյ քաղաքներուն եւ Փոքր Ասիոյ միջեւ։ Քաղաքը մեծ վերելք ապրած էր պարթեւներու օրօք, դառնալով Եփրատ գետէն դէպի Փալմիր ձգուած կարաւանային գլխաւոր ճանապարհին մեկնակէտը։
Վերոյիշեալ բոլորակին մէջ, Սուրիոյ ներքին թէ արտաքին առեւտուր-վաճառականութիւնը հանդիսացած էր երկրին գլխաւոր եկամուտը, առեւտրականները ընկերութեան մէջ գրաւած էին առաջնակարգ դիրքեր, որոնք ընդհանրապէս տեղացիներ էին։ Սակայն, Արեւելքի պատմութեան մէջ ի յայտ եկած էր հռոմէացի վաճառականներուն կերպարը, իտալացի կամ յոյն, որոնք թէեւ նախ հաստատուած էին Անտիոք, այսուհանդերձ Ք.ե. Ա. դարուն իրենց տեղը զիջած էին հմտութեամբ ու փորձառութեամբ ծանօթ սուրիացի մրցակիցներուն, որոնց շարքին բացառուած չէր նաեւ Սուրիոյ մէջ հաստատուած կամ տարանցիկ առեւտուրով զբաղուող հայ հմուտ առեւտրականներուն։
Հռոմէական Սուրիոյ մէջ երկրագործութիւնը իր կարգին մեծապէս զարգացած էր։ Ըստ լատին մատենագիրներու, Լեռնալիբանանի խիտ ծառերը եւ մանաւանդ մայրիները յուշած էին ծառապահպանումի համակարգին մասին։ Նշանաւոր եղած էին Սուրիոյ արմաւի, պիստակի, թուզի, մայրիի եւ այլ ծառատեսակները, որոնցմէ ոմանք Ա. դարուն արդէն օգտագործուած էին, մեծ պահանջք ունեցած էր սուրիական կաղամբը, մինչ սուրիական բողկը հասած էր Իտալիա։ Նշանաւոր դարձած էր Անտիոքի եւ Լաւոդիկէի շուշանը, ինչպէս նաեւ պապիրոսի ցանքին զարկ տրուած էր, զայն որպէս թուղթ օգտագործելու համար։ Հին հռոմէական քաղաքակրթութեան մէջ, նոյնքան գեղեցիկ երեւոյթ հանդիսացած էր պարտիզպանութիւնը, որ լայն տարածում գտած էր։ Իսկ Նիկողոս Դամասկոսցի երբ Հռոմ գացած էր, Օգոստոս կայսեր նուիրած էր սուրիական ընտիր արմաւ։ Հին հռոմէական քաղաքակրթութեան մէջ, նոյնքան գեղեցիկ երեւոյթ եղած էր պարտիզպանութիւնը եւ լայն տարածում գտած մասնաւորապէս մեհեաններու կամ տաճարներու շրջակայքը եւ յատուկ անտառակներու պարագային։
Ճարտարարուեստի գծով, կերպասի արտադրութիւնը շարունակուած էր Սիդոնի (Սայտայի) եւ Տիւրոսի (Սուրի) մէջ, նոյնպէս փիւնիկեան որդան կարմիրը շեշտած էր իր արժէքը ամէնուրեք։ Սուրիա եւ Եգիպտոս դարձած էին կաշիի եւ կտաւատ կերպասի արտահանման գլխաւոր կեդրոնները։ Թէեւ ճարտարարուեստը մնացած էր «ձեռային արհեստ» մը, սակայն Սուրիոյ մէջ արտադրուած էին շարք մը դեղորայքի տեսակներ, անուշահոտ իւղեր եւ գինի՝ յատկապէս ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ։ Սուրիոյ հարաւային եւ Մեռեալ ծովու շրջանները առկայ էր մեծ քանակութեամբ ասֆալթ, Դամասկոսի մօտակայքը ընտիր ալպասթըր (կիր), Անտիոքի մօտ քարահանքեր, Լեռնալիբանանի, Պէյրութի, Յորդանան գետի ակունքներուն եւ հարաւային Պաղեստինի մէջ պղինձ, որոնք պետութեան կողմէ օգտագործուած էին մանաւանդ արձանագործութեան մէջ։
Դիոկղետիանոս կայսեր (284-305թթ.) կողմէ Անտիոքի, Եդեսիոյ (Ուռհայի) եւ Դամասկոսի մէջ հիմնուած զինագործարանները՝ շատ հաւանաբար նախկիններուն անմիջական շարունակութիւնը եղած էին։ Ուշագրաւ է, թէ այդ օրերուն արհեստաւորները, վաճառականները, նաւատէրերը, վաճառորդները եւ ուրիշներ, ընկերակցութիւններ կազմած էին իրարու օգնելու համար, նոյնիսկ Փալմիրի մէջ գործած էր ոսկերիչներու եւ արծաթագործներու համադաշնակցութիւն մը, Ճարաշի մէջ կաւագործներու յատուկ։
Միւս կողմէ, նաեւ Դամասկոսի իշխանութիւնը մեծապէս ընդարձակուած էր եւ Դամասկոս մայրաքաղաք դարձած էր Ատրիան կայսեր տիրապետութեան շրջանին (117-138թթ.), մինչ Ալեքսանտր Սէֆէրիոսի տիրապետութեամբ (222-235թթ.) քաղաքը կարեւոր դիրք գրաւած էր, նոյնիսկ զերծ մնացած էր կալուածական տուրքերէն։ Հռոմէական Դամասկոսը հանդիսացած էր վաճառաշահ կեդրոն մը, ինչ որ կրնայ յուշել այդտեղ հաստատուած հայ տարրի մը ներկայութեան մասին, երբ հայերը Սուրիոյ հարաւային շրջանները արդէն երթեւեկ ունէին առեւտրական եւ տնտեսական նկատառումներով։
Հռոմէական տիրապետութեան շրջանին եւ Ք.ա. Ա.-Ք.ե. Դ. դարերուն, Սուրիա իր կարգին ենթարկուած էր պարթեւապարսկական ասպատակութիւններուն, որոնք երբեմն պարսիկներուն կողքին զուգորդուած էին հայերու ներկայութեամբ։ Օրինակ՝ Ք.ա. 51 թուականին, պարթեւական եւ հայկական զօրքերը միասնաբար ներխուժած էին Սուրիա, ուր հարստահարուած բնակչութիւնը անոնց ընդունած էր մեծ համակրանքով։ Այս զօրաբանակը Ք.ա. 51/50 թուականի ձմեռը անցուցած էր հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, արշաւանքները վերսկսելու համար Ք.ա. 50 թուականի գարնան եւ 45-40 թուականներուն։
Պարթեւներու ծաւալումը մինչեւ Եփրատ գետի տարածքները նոր կացութիւն ստեղծած էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, յառաջացած էին քանի մը մանր իշխանութիւններ, որոնցմէ նշանաւոր հանդիսացած էին՝ Օսրոյէնի կամ Ուռհայի (Ք.ա.132-244թթ.) եւ Փալմիրի (260-270թթ.) թագաւորութիւնները։
Արդարեւ, Օսրոյէնի կամ Ուռհայի թագաւորութիւնը հիմնադրուած էր երբ Սելեւկեանները քաշուած էին Եփրատ գետի արեւմտեան կողմը, Միջագետքը ձգելով պարթեւներուն, եւ ինկած էր երբ Հռոմ իր իշխանութիւնը ուղղակիօրէն ծաւալած էր դէպի կայսրութեան արեւելեան շրջանները։ Այս թագաւորութեան գոյութիւնը վիճելի ըլլալով հանդերձ, կը կարծուի, թէ գոյատեւած է 375 տարի եւ իւրայատուկ երեւոյթ մը նկատուած է յաճախակիօրէն խուճապի ենթարկուած այս շրջանին համար, նաեւ իւրայատուկ եղած է որպէս հայ, ասորի, արաբ եւ պարթեւ խառն բնակչութեամբ թագաւորութիւն մը, որուն վերջին գահակալները իբրեւ թէ հայեր էին։
Ըստ Հայկ Գ. Մելքոնեանի, Ուռհայի կամ Եդեսիոյ թագաւորութեան թագաւորներուն ցուցակը մեզի հասած է ասորական երկու ժամանակագրութիւններէ, ուր 91-109 թուականներուն համար թագաւորի մը անունը չէ յիշատակուած։ Կը կարծուի, թէ այդ 18 տարիներու ընթացքին Եդեսիոյ պետութիւնը կազմած էր հայոց թագաւորին իշխանութեան մէկ մասը եւ 109 թուականին, Աբգար Է. թագաւորէն սկսեալ իշխած էին հայերը։ Անուանի դարձած էր Աբգար Ե. թագաւորը (Ք.ա.4-7, Ք.ե.13-50թթ.), որ հիմնադրած էր Եդեսիա քաղաքը՝ Մովսէս Խորենացիի վկայութեամբ.
«Այս ժամանակ ալ քաղաք կը դարձնէ այն տեղը, ուր առաջ հայոց գունդը կը պահպանէր Եփրատի անցքը Կասիոսի դէմ, որ եւ կոչուեցաւ Եդեսիա։ Այնտեղ կը փոխադրէ Մծբինէն իր արքունիքը եւ բոլոր իր կուռքերը _ Նաբոգը, Բէլը, Բաթնիքաղը եւ Թաբադան, նոյնպէս եւ մեհեաններու վարժարանի մատեանները եւ առհասարակ թագաւորներու դիւանները…»։
Ըստ Նիկոլայ Յովհաննիսեանի, Ուռհայի կամ Եդեսիոյ «Հայ-արաբական» թագաւորութեան գոյութիւնը բնորոշուած է որպէս՝ «ուշագրաւ վարկած»։ Իսկ աւանդութեան համաձայն, Աբգար Ե. թագաւոր քրիստոնէութիւնը ընդունած էր Առաքեալներու ձեռամբ.
«Իսկ Հեղինէն, որ իր ամուսնին՝ Աբգարի նման զարդարուած էր հաւատքով, չհանդուրժեց կռապաշտներու մէջ բնակիլ, այլ գնաց Երուսաղէմ Կղավդիայի օրերը, այն սովի ժամանակ, որը գուշակեր էր Ագաբոսը։ Եւ իր բոլոր գանձերը Եգիպտոսի մէջ ծախսելով՝ շատ մեծ քանակութեամբ ցորեն գնեց եւ բաժնեց բոլոր կարօտեալներուն…։ Անոր շիրիմը յայտնի նշանով մինչեւ այսօր ալ կայ Երուսաղէմի մէջ…»։
Այս պարագային, շահեկան են Տիգրան Սաւալանեանցի փոխանցած տեղեկութիւնները, երբ այդ օրերուն հայերը հաստատուած էին Պաղեստինի Սուրբ վայրերուն մէջ, այսինքն չէր բացառուած հայ ուխտաւորներու ներկայութիւնը եւս, որոնք մեծ հաւանականութեամբ անցած էին Սուրիոյ քաղաքներէն, յատկապէս Հալէպէն եւ ապա Դամասկոսէն դէպի Պաղեստին իրենց ուխտագնացութեան ճամբուն վրայ։
Դարձեալ Տիգրան Սաւալանեանցի վկայութեամբ.
«Աբգարի կնոջ Հեղինէի մահէն ետք հայ հաւատացեալները չհեռացան երբեք Ս. Տեղերէն, որոնք գլխաւորաբար կը բնակէին Սիոնի մօտերը, ողորմելի հիւղակներու մէջ, եւ մինչեւ Մեծն Կոստանդիանոսի ժամանակ՝ Երուսաղէմի հայրապետին խնամքին տակ կը պահպանէին անոնք Ս. Տեղերը կարելի եղած զգուշութեամբ։ Ապա երբ նորոգուեցան եկեղեցիները եւ ծաղկիլ սկսաւ քրիստոնէութիւնը, հայերը սկսան համարձակ պաշտել երկրպագելի վայրերը եւ սպասարկել անոնց մէջ…»։
Դոկտոր Հուրի Ազէզեան