ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՀԱՒԿԻԹՆԵՐ ՆԵՐԿԵԼՈՒ ԲՆԱԿԱՆ ԵՒ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ
Զատկուան հաւկիթները բնական միջոցներով ներկելը աւելի առողջարար է, որովհետեւ քիմիական ներկը կը թափանցէ հաւկիթին մէջ եւ ուտելու պարագային կը մտնէ մեր արեան մէջ։ Ուստի փորձեցէ՛ք բոյսեր կամ բանջարեղէն օգտագործելով ներկել ու զարդարել զատկուան հաւկիթները։
Ա-Սոխի կեղեւով ներկեցէ՛ք զատկուան հաւկիթները՝ հետեւեալ քայլերը իրականացնելով.
Հում հաւկիթներուն վրայ զետեղեցէ՛ք տերեւ մը, ապա հաւկիթը տեղաւորեցէ՛ք քոլան գուլպայի մը մէջ եւ երկու ծայրամասերը ամուր հանգուցեցէ՛ք, որպէսզի տերեւը տեղը մնայ ու չշարժի:
-Երբ բոլոր հաւկիթները ծրարուած ու պատրաստ են, կաթսայի մը մէջ ջուր եռացուցէ՛ք, աւելցուցէ՛ք սոխի կեղեւները եւ 10 վայրկեան խաշեցէ՛ք, մինչեւ որ մութ գոյն ստացուի: Ջուրը սուզեցէ՛ք, ձգեցէ՛ք, որ պաղի, ապա սուզուած ջուրը կրկին կաթսային մէջ լեցուցէ՛ք, աւելցուցէ՛ք ծրարուած հաւկիթները եւ թեթեւ կրակի վրայ խաշեցէ՛ք շուրջ 10 վայրկեան:
Բ- Հաւկիթները թրջեցէ՛ք ջուրի մէջ եւ գլորեցէ՛ք բրինձով լեցուն ամանին մէջ։ Բրինձին հատիկները կը փակին հաւկիթի կեղեւին, ապա հաւկիթը տեղաւորեցէ՛ք քոլան գուլպայի մը մէջ եւ երկու ծայրամասերը ամուր հանգուցեցէ՛ք, որպէսզի բրինձի բոլոր հատիկները փակած մնան հաւկիթին։ Կաթսայի մը մէջ դրէ՛ք 2 ճաշի դգալ քրքում եւ մէկ ճաշի դգալ քացախ, ապա աւելցուցէ՛ք հաւկիթները եւ եռացուցէ՛ք 10 վայրկեան։
Գ- Հաւկիթներուն վրայ տեղ-տեղ փակցուցէ՛ք ելեկտրական գործածութեան յատուկ սեւ փակցնելիք։ Ապա հաւկիթները եփեցէ՛ք թարմ ճակընթեղի հիւթի եւ 1 ճաշի դգալ քացախի խառնուրդին մէջ, մաս մըն ալ եռացած ջուրին ազատքեղ եւ 1 ճաշի դգալ քացախ աւելցնելով։ Եփելէն ետք փակցնելիքները հանեցէ՛ք։
***
ԻԳԱԿԱՆ ՍԵՌԻՆ ԴԵՐԸ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ
Առեւտուրի աշխարհին մէջ կանանց դերը օրէ օր կ’ընդլայնի եւ ան կը դառնայ փոփոխութեան եւ նորարարութեան շարժիչ ուժ։ Հակառակ այդ ոլորտին մէջ յառաջացող շարք մը դժուարութիւններու, բազմաթիւ կիներ յաջողած են յաղթահարել խոչընդոտները՝ ցուցադրելով հաստատակամութիւն, ստեղծարար ոգի եւ առաջնորդութեան տպաւորիչ որակ։ Այս մասին կը գրէ madam.am-ը։

Խոչընդոտներու յաղթահարման ուղիներ
Իգական սեռին համար առեւտուրի մէջ յառաջացած հիմնական դժուարութիւններէն մէկը համակարգային խտրութիւնն է կամ հասարակութեան կողմէ առաջադրուած կարծրատիպերը։ Շատերը տակաւին կը բախին այն մտածելակերպին, որ որոշ ոլորտներ «կիներու համար չեն»։ Սակայն այս կարծրատիպերը յաղթահարելու համար կարեւոր է ունենալ ինքնավստահութիւն, կրթութիւն եւ աջակցող միջավայր։
Ոգեշնչման ուղիներ
Կիներ առեւտուրի մէջ յաջողութեան հասնելու համար պէտք է կարենան.
1. Ստեղծել յստակ նպատակներ։ Տեսլականը յաջողութեան հիմքն է։
2. Ինքնազարգացման մակարդակը բարձրացնել։ Ուսումնասիրեցէ՛ք նոր հմտութիւններ, մասնակցեցէ՛ք դասընթացքներու, կարդացէ՛ք յաջող մարդոց կենսագրութիւններ։
3. Յառաջացնել ուժեղ ցանցային կապեր։ Տարբեր առեւտրական միջավայրերու անդամակցութիւնը կ’օգնէ ընդլայնելու կապերն ու գտնելու համախոհներ։
4. Չվախնալ ձախողութենէն։ Ամէն սխալ սորվելու նոր կարելիութիւն է։
Իգական սեռի այն ներկայացուցիչները, որոնք այսօր կը գործեն առեւտուրի աշխարհին մէջ, օրինակ կը ծառայեն միւսներուն՝ ցոյց տալով, որ ամէն բան կարելի է, եթէ կայ կամք եւ նպատակ։ Յաջողութեան համար անհրաժեշտ է հաւատալ անձնական ուժերուն, շրջապատուիլ աջակից մարդոցմով եւ տեւաբար ձգտիլ յառաջացման։ Ձեր յաջողութեան պատմութիւնը կրնայ դառնալ այն փարոսը, որ կ’ուղղէ միւսները դէպի նոր աշխատանքի ոլորտներ։