ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի կանանց  հաւաքականը ներկայիս Լիբանանի մէջ կը կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը: Կազմին պիտի միանայ մէկ արհեստավարժ ամերիկացի խաղացող:
-Հիմնուելով պասքեթի դաշնութեան կանոնագրի 9-րդ յօդուածին  վրայ, Սուրիոյ Մարզանքի եւ Երիտասարդութեան Նախարարութեան որոշումով, Սուրիոյ պասքեթի  կանանց հաւաքականի մարզիչ Այման Սուլէյման եւ խաղացողներ Սիտրա Սուլէյման եւ Նորա Պշարա հեռացուեցան հաւաքականէն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ՝  ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅՈՒՆԱՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՈՃԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԸՄԲԻՇ
Ըմբշամարտի Համաշխարհային Դաշնութեան Եւրոպական Խորհուրդը ողոմպիական ախոյեան, բազմակի մրցանակակիր, աշխարհի քառակի, Եւրոպայի տարիներու ախոյեան, յունահռոմէական ոճի երէց ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանը նշանակեց Եւրոպայի յունա-հռոմէական ոճի տարուան լաւագոյն ըմբիշ: Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի տարուան լաւագոյն մարզիչի կոչման արժանացաւ Խորհրդային Սովետական Հայաստանի Միութեան (ԽՍՀՄ) միջազգային կարգի մարզանքի վարպետ, Հայաստանի վաստակաւոր մարզիչ, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Բաբալարեան։
 Հայաստանի Ըմբշամարտի Դաշնութիւնը յատուկ գիրով  շնորհաւորեց Արթուր Ալեքսանեանը եւ Արմէն Բաբալարեանը։
ՖԻՖԱ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԽՈՍՏԱՑԱՒ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԻԼ ՆԻՔԻԹԱ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ
ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինոն խոստացաւ իր մասնակցութիւնը բերել  երէց  ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Նիքիթա Սիմոնեանի 100-ամեակի տարեդարձին։ Այս մասին տեղեկացուց ՈւԵՖԱ-ի անդամ եւ ՌՖՖ-ի պատուոյ նախագահ Վեաչեսլաւ Կոլոսկովը: Նիքիթա Սիմոնեան  12 Հոկտեմբեր 2026-ին կը դառնայ 100 տարեկան: Ան կը նկատուի  «Սպարտակի» պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն (160 կոլ), եղած է ԽՍՀՄ հաւաքականի կազմի ողոմպիական ախոյեան, ինչպէս նաեւ մարզած է Երեւանի «Արարատ»-ը, «Սպարտակ»-ը եւ ԽՍՀՄ-ի հաւաքականը։ Հակառակ ՈւԵՖԱ-ի նախագահ Ալեքսանտր Չեֆերինի յայտարարութեան, որ ռուսական խումբերը զրկուած են մասնակցելէ  միջազգային մրցումներու մինչեւ Ուքրանիոյ  հակամարտութեան աւարտը, Ինֆանթինոն յոյս տուած է  Ռուսիոյ հաւաքականի մասնակցութեան:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան