Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին, Հայ Ծերանոցի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահեցողութեան Արեւագալի վերջին արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հոգեշնորհ Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգեշնորհ Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան, պատուելի Ասատուր Մնչերեան, Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան, Հայ Ծերանոցի խնամակալութիւնը, տնօրէնուհի բժշկհ. Թամար Բարսեղեան-Սարգիս, Տիկնաց Օժանդակ Յանձնախումբը, տարեցները եւ Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարանի երկրորդական կարգի աշակերտները՝ տնօրէնութեան, հայերէնաւանդ ուսուցչուհիին եւ դաստիարակին գլխաւորութեամբ: Արարողութեան հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Շողակաթ» երգչախումբը:

Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան յաւուր պատշաճի քարոզեց, բնաբան ունենալով Յակոբոս առաքեալի ընդհանրական նամակէն քաղուած հետեւեալ համարը. «Մօտեցէք Աստուծոյ եւ Աստուած ձեզի պիտի մօտենայ» (Յկ 4.8)։ Հայր սուրբը յայտնեց, թէ Աստուածաշունչի այս ճշմարտութիւնը բոլորիս ուղղուած է, առանց խտրութեան։
Ան պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք Աստուած մեզմէ հեռու է, յայտնեց, թէ Աստուած միշտ մեզի մօտ է, չի լքեր մեզ։ Չարն է, որ զանազան հնարքներով կը փորձէ մեզ Աստուծմէ հեռացնել։ Ան իր խօսքերը հիմնաւորեց Աստուածաշունչէն օրինակներ մէջբերելով, ինչպէս՝ նախամարդը եւ անառակ որդին, որոնք մեղանչելով, ապա զղջալով՝ վերադարձան Հօր ներկայութեան։
Ան նշեց, թէ Ամենակալը ներող, ողորմող եւ մաքրող հայր է, հետեւաբար, մեզմէ պահանջուած է ամէնօրեայ դրութեամբ անձնական աղօթքներով մօտենալ Աստուծոյ, որ միշտ պատրաստ է մեզ ընդունելու եւ մեր առջեւ գոցուած դռները բանալու։
Հայր սուրբը հրաւիրեց աշակերտները բարի եւ չար ճանապարհներուն տարբերութիւնը ճանչնալու, դիտել տալով, որ չար ճանապարհը թէեւ կեանքը գեղեցիկ ցոյց կու տայ, բայց աւարտին մարդուն կեանքը կը քանդէ, մինչ բարի ճանապարհը թէեւ դժուար եւ փշոտ կ՚ըլլայ, բայց մարդուն կեանքը կը փրկէ։
Հայր սուրբը յայտնեց, թէ հակառակ առկայ բազում դժուարութիւններուն, Աստուծմով ոտքի ենք եւ ատոր համար երախտապարտ եւ շնորհակալ պէտք է ըլլանք Հօր Աստուծոյ, որ այնքան սիրեց մեզ, որ երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ մարդոց փրկութեան համար։

Արարողութենէն ետք, Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարանի երկրորդական կարգի աշակերտները գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մատուցեցին տարեցներուն։ Անոնք ոսկեղնիկ հայերէնով ասմունքեցին, երգեցին եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթաշարքը արտասանեցին՝ տարեցներուն տրամադրութիւնը բարձրացնելով։

Այնուհետեւ, հոգեւոր հայրերը եւ Հայ Ծերանոցի ընտանիքը համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ: