Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա հրապարակեց 2025-ի «11» թուակիր որոշումը, որուն համաձայն սուրիական ծովափնեայ շրջանի դէպքերուն շուրջ փաստահաւաք եւ հարցաքննութիւն կատարող ազգային յանձնաժողովի աշխատանքը 1 անգամուան համար մինչեւ 3 ամիս պիտի երկարաձգուի:
Որոշումին մէջ կ՚ըսուի.
1-Յանձնախումբին աշխատանքը 1 անգամուան համար 3 ամիս կ՚երկարաձգուի:
2-Յանձնախումբը իրեն յանձնարարուած պարտականութիւնը կ’ամբողջացնէ եւ անոր իրագործման գծով յարմար միջոցներու կը դիմէ, օրէնքին համաձայն:
3-Յանձնախումբը իր վերջնական տեղեկագիրը կը յանձնէ ճշդուած թուականին:
4-Որոշումը ի գործ կը դրուի հրապարակուած թուականին եւ բոլոր պաշտօնական թերթերուն միջոցաւ կը յայտարարուի: