Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Կիրակի, 13 Ապրիլ 2025-ին, Ծաղկազարդի տօնի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս Դռնբացէքի արարողութիւն կատարուեցաւ։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հանդիսապետեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ արարողութեան, մասնակցութեամբ Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեանի, Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեանի եւ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեանի։

Անդաստանի կարգով աշխարհի չորս կողմերը օրհնուեցան։ Արարողութեան հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ բարշ. Վաչէ սրկ. Գայթանճեանի։

Յիսուսի երկրորդ գալուստը եւ վերջին դատաստանը խորհրդանշող Դռնբացէքի արարողութեան ընթացքին, «Բա՛ց մեզ, Տէ՜ր, զդուռն ողորմութեան» շարականի երգեցողութեան ներքոյ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հայր սուրբն ու քահանայ հայրը, երկնային արքայութեան դուռը խորհրդանշող փակ վարագոյրին առջեւ ծնկաչոք թակեցին դուռը, աղիողորմ աղաչելով, որ Ամենակալը բանայ Երկնքի Արքայութեան դուռը։ Վարագոյրին ետեւէն քահանայ հայրը յիշեցուց, որ արդարները միայն կրնան ներս մտնել Աստուծոյ Արքայութեան դռնէն։
Բոլոր հաւատացեալներուն անունով ծնկաչոք հոգեւորակաները յայտնեցին, թէ խոստովանութեամբ եւ ապաշխարութեամբ միայն կարելի է Աստուծոյ Արքայութեան արժանի դառնալ։

Այս առիթով, Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան յաւուր պատշաճի քարոզեց, դիտել տալով, որ Երկնքի Արքայութեան դուռը կը բացուի մեր առջեւ, երբ ունենանք գիտակցութիւնը, որ տկար ու մեղաւոր արարածներ ենք, ուստի, ապաշխարենք եւ մեր մեղքերը խոստովանինք։
Խօսելով ապաշխարութեան մասին, հայր սուրբը յայտնեց, թէ ապաշխարութիւն կը նշանակէ աղօթական կեանք ապրիլ եւ Քրիստոսի լոյսով լուսաւորուիլ, այլ խօսքով, Քրիստոսը ընդունիլ որպէս մեր կեանքին Տէրն ու ապաւէնը։
Հայր սուրբը նշեց, թէ Աստուած, որպէս արտայայտութիւն իր սիրոյն, գթութեան եւ ողորմութեան՝ փրկութեան բարձրագոյն շնորհքը պարգեւած է մեզի, հետեւաբար չկորսնցնենք այդ շնորհքը, այլ մտաբերելով Անառակ որդիին պատմութիւնը, վերադառնանք Հօր Աստուծոյ, որ միշտ պատրաստ է մեզ ընդունելու, եւ մեզ հագցնելու նոր պատմուճան, որ իր սէրը, խաղաղութիւնը եւ իր կողմէ շնորհուած փրկութիւնն է։
Հայր սուրբը մաղթեց, որ Աստուած ներէ մեր մեղքերը եւ մեր հոգիին աչքերը բանայ, որպէսզի տեսնենք իր սէրը, ողորմութիւնն ու փրկութիւնը, յայտարարելով, որ Աստուած է մեր Տէրն ու Փրկիչը։