Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան շուրջ համաձայնուած բնաբանը պէտք է ստորագրուի, իսկ Պաքուի մէջ կամայականօրէն ձերբակալուած հայ բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումին համաձայն, այս մասին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է Լիւքսեմպուրկի Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ։
Ժան-Նոէլ Պարոն իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային լարուածութեան՝ յոյս յայտնելով, որ այդ լարուածութեան զսպումի գործին մէջ իր ներդրումը կրնայ ունենալ Հայաստանի Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը։
«Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանին, ես չափազանց անհանգիստ եմ սահմանին աճող լարուածութեամբ: Յոյսով եմ, որ տեղւոյն տեղակայուած եւրոպական առաքելութիւնը կրնայ ամրապնդել իրավիճակը՝ արդիւնաւէտ կերպով վերահսկելու եւ լարուածութիւնը զսպելու համար: Խաղաղութեան պայմանագրութիւնը վերջապէս պէտք է ստորագրուի, եւ կամայականօրէն ձերբակալուածներն ու բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին», ընդգծած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը: