Կ’ուզենք ուրախութեամբ յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ սիրով ընդառաջելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի փափաքին, Զարեհ Պէզիքեան եւ դուստրը՝ Անին, յանձն առին կաթողիկոսարանին մէջ Պէզիքեան անունը կրող բազմանպատակ կեդրոնի մը կառուցման բարերարութիւնը: Զարեհ Պէզիքեան այս օրինակելի բարերարութիւնը կը կատարէ իբրեւ արտայայտութիւն իր ծնողաց՝ Ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքո եւ Անի Պէզիքեանի նկատմամբ ունեցած սիրոյն ու երախտագիտութեան: ՊԷԶԻՔԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ պիտի ներառէ.
1) Հանդիսասրահ՝ շէնքին գետնայարկը եւ առաջին յարկը, պիտի բաղկանայ 500 աթոռներէ:
2) Բազմանպատակ սրահ՝ երկրորդ յարկի վրայ, պիտի ներառէ շուրջ 300 հոգի:
3) Համագումարներու սրահ՝ երրորդ յարկի վրայ, պիտի ունենայ 200 աթոռ: Համագումարի սրահին կից պիտի կառուցուի 30 հոգի ներառող ժողովասրահ:
4) Վեհափառ հայրապետին յատուկ աշխատասենեակ, հիւրասենեակներ եւ պաշտօնական հիւրասիրութեան յատուկ սրահ՝ չորրորդ յարկի վրայ:
5) Ներքնայարկը պիտի բաղկանայ զանազան ձեռնարկներու, տօնակատարութիւններու ու հանդիպումներու նախապատրաստութեան յատուկ սենեակներէ:
Բոլոր սրահները եւ սենեակները պիտի օժտուին իրենց գործածութեան առնչուած անհրաժեշտ սարքաւորումներով ու լայն կարելիութիւններով:
Շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին անմիջապէս եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին 19 Սեպտեմբեր 2026-ին:
Շինութեան ճարտարապետն է Վազգէն Չէքիճեան: Շինարարական յանձնախումբի անդամներն են՝ Գրիգոր Մահսերէճեան (ատենապետ), Տաճատ եպս. Աշըգեան, Յակոբ Գըլպաշեան, Վահէ Գալինճեան, Ալեքս Գարապաճագեան եւ Յակոբ Լուսարարեան:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
Անթիլիաս, 15 Ապրիլ 2025