Մեր դարաւոր, գեղեցիկ եւ խորապէս ինքնուրոյն մշակոյթին, մանաւանդ խորիմաստ այբուբենին բոլոր հայերը այս կամ այն չափով ծանօթ են եւ կը գնահատեն այս անժամանցելի հարստութիւնը: Բայց երբ օտարներ, մանաւանդ պետական ճանաչում ունեցող օտար հաստատութիւն մը, ինչպէս որ է Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանը, իր գնահատանքը կ’արտայայտէ այդ մշակոյթին հանդէպ, մեր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը անսահման կը դառնան:
Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանի հին, «Թահրիր» հրապարակի շէնքին մէջ գտնուող վերանորոգուած «Հայկական Սենեակ»-ին բացումն էր Հինգշաբթի, 10 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, ներկայութեամբ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանի՝ Բարեջան Առաջնորդ Եգիպտոսի Հայոց Թեմին, Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ  Համայնքին Վիճակաւոր Արհիապատիւ Տ. Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսանի, Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանի տնօրէն դոկտ. Ահմետ Ս. Տալլալի, ՀՀ Եգիպտոսի դեսպան տիար Արմէն Սարգսեանի եւ ազնուափայլ տիկնոջ, Անարատ Յղութեան Առաքինազարդ քոյրերուն, տոքթ. Արմէն Մազլումեանի եւ դոկտ. Գէորգ Գազանճեանի իրենց ազնիւ տիկիններուն հետ, եւ բազմաթիւ օտար հիւրերու, Գահիրէի հայ համայնքի անդամներուն կողքին:
_ Արդեօ՞ք բոլոր ազգերն ալ իրենց սենեակները ունին Ամերիկեան Համալսարանէն ներս,_ հարց կու տար ներկաներէն մէկը:
Տեղի՛ն հարցում:
Այս սենեակը իր պատմութիւնը ունի: 1980-ական թուականներուն, երբ հին Գահիրէի «Տահէր» շրջանին մէջ գտնուող Հայ Աւետարանական եկեղեցին, որ կառուցուած է հայկական ոճով, Գահիրէ Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ նմանութեամբ, եւ նուիրատուութեամբ տիկին. Չարըքճեանի, կը կորսնցնէ իր համայնքը եւ ժողովարան յաճախող հայ աւետարանական չի մնար, Լեւոն Իշխանեան եկեղեցին կը ծախէ ղպտի համայնքին, եւ իր ու աներհօր՝ Աւետիս Չաքըճեանի անունով գումարը կը նուիրէ Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանին, որ իրենց երկուքին ալ Alma Mater-ը եղած է: Չաքըճեան 1933-ին, իսկ Իշխանեան 1952-ին շրջանաւարտ եղած:
Այս գումարին մէկ մասը կը յատկացուի փոքր դասասրահի մը հայկական ոճով նորոգութեան, իսկ մնացեալը կը դառնայ ֆոնտ, կրթաթոշակներու համար: Այդ հիմնադրամին պատասխանատուները, ոչ միշտ հայեր, յաճախ քաջալերած են, որ հայ ուսանողներ դիմեն եւ օգտուին անկէ:
1924 թուականին, երբ կը տեսնուի, թէ «Հայկական Սենեակ» անուանուած դասասրահը նորոգութեան կարիք ունի, մանաւանդ որ անոր մէկ պատին գտնուող այբուբենը սկսեր էր մաշիլ. պատասխանատուները մրցում մը կը յայտարարեն, այդ պատին նոր ոճով, արդիական այբուբենի մը համար:
Կ’ըսուի թէ տասը հայ եւ ոչ հայ անձեր կը մասնակցին այդ մրցումին, որոնցմէ չորսը _ մէկը՝ հայ _ կը հասնին վերջին հանգրուանին: Մրցանակը կը շահի Ասփէ Վիգէն Ճիզմէճեան, որուն ձեւաւորումով եւ Էթալէքս ընկերութեան տէր Ալեքս Ալեքսանեանի իրագործումով, հայերէնի 38 էմալապատ, գունաւոր եւ գեղեցիկ գիրերը կը հաստատուին «Հայկական Սենեակ»-ի պատին:
Փոքրիկ զրոյցի մը ընթացքին Ասփէ Ճիզմէճեան կը բացատրէ հայկական տառերը ներկայացնելու իր մօտեցումը.
«Իւրաքանչիւր գիր բաժնած եմ երկու մասի՝ հայկական մանրանկարչական զարդանախշեր, ընդհանրապէս թռչնագիր, եւ փարաւոնեան խորհրդանշաններ՝ ընդհանրապէս լոտոս ծաղիկին տարբերակները. կը տեսնէք, թէ երկու մշակոյթներուն խորհրդանշանները հաւասարապէս կը գոյակցին իւրաքանչիւր գիրի մէջ, առանց իրար վրայ տիրապետելու. այս է պատճառը, որ գործս Միահիւսուած Ժառանգութիւն կոչեցի»:
«Ձեւաւորող եմ, աւելի քան 7 տարուան փորձառութեամբ, աշխատելով պրենտինկի եւ արտադրանքի ձեւաւորման
ասպարէզին մէջ: Աշխատեր եմ Եգիպտոս, Տուպայ, Գանատա եւ Ամերիկա, start up-երէն մինչեւ Fortune 500 ընկերութիւններ»:
Այբուբենի հանդիպակաց պատին մեծ գիրերով ամրացուած է հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ», որուն տակը դրուած է նաեւ անգլերէնը:
Մնացեալ պատերը զարդարուած են հայկական կամարներով, գորգով եւ փոքր նախշերով:
«Հայկական Սենեակ»-ի բացումէն ետք, հիւրերը առաջնորդուեցան Արեւելեան սրահ, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան Գահիրէի դեսպանութեան կողմէ հիւրասիրութիւն մը զիրենք կը սպասէր:
Շատ հաճելի էր տեսնել, թէ հիւրասիրութիւնը ընդհանրապէս հայկական ուտեստներով պատրաստուած էր, ինչպէս փոքր հացիկներով ապուխտ, քաղցր շարոց, հայկական հրուշակ-հէլվա, քաթա եւ այլն:
Ձեռնարկը ամբողջութեամբ կազմակերպուած էր Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանին (Թահրիր) կողմէ:
«Տեղեկատու»-ն կը շնորհաւորէ Ասփէ Վիգէն Ճիզմէճեանը իր գեղեցիկ եւ ստեղծագործական աշխատանքին համար, եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթէ իրեն:
Այստեղ թերեւս տեղին է նշել, որ «Հայկական Սենեակ»-ը կը գտնուի Ամերիկեան Համալսարանի ամենահին եւ գեղեցիկ շէնքին մէջ՝ դղեակ մը, զոր կառուցել տուեր է  Խտիվ Իսմաիլ, որպէս ապարանք իր բարեկամին եւ այն օրերու կրթութեան նախարար Ահմետ Խէյրի Փաշային համար, որուն անունը կը շարունակէ օգտագործուիլ այս շէնքին վրայ:
Փաշային մահէն ետք յոյն գործատէր Նէսթոր Եանագլիս կը գնէ ապարանքը եւ զայն կ’օգտագործէ որպէս իր Հէլմար մակնիշով ծխախոտի պատրաստութեան գործարան:
1908 թուականին Եգիպտական Համալսարանը, որ շուտով պիտի կոչուէր Ֆուատ Թագաւորին անունով, կը հաստատուի այս շէնքին մէջ:
Չարլս Ուաթսըն, Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանին հիմնադիր նախագահը, 1919-ի տնտեսական ծանր
պայմաններուն շնորհիւ, դիւրութեամբ կը գնէ այս գեղեցիկ դղեակը եւ 1920 թուականին, 142 աշակերտներով հիմը կը դնէ American College of Arts and Sciences գոլէճին: Աւելի ուշ գոլէճը կը դառնայ համալսարան, American University in Cairo անունով:
Մարուշ Երամեան